ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Այլընտրանքի Մը Ինքնահաստատման Պահը

ԳՇ-ի Վարչապետի հրաժարականը պահանջող հակասահմանադրական քայլով՝ երկիրը տեղադրուեցաւ պետականավնաս նոր հարցականներու դէմ յանդիման

Յարութ Գալայճեան

Այսօր, Ժողովրդային Յեղափոխութենէն 3 տարի ետք, Հայաստանի քաղաքական դաշտը ներքին եւ արտաքին պատճառներով կը շարունակէ մնալ երկբեւեռայնութեան շրջանակին մէջ։Արձանագրելով հանդերձ, որ վերջին 2 նախագահներու եւ իրենց լծակից կուսակցութիւններու Արցախավնաս Գործուէութիւնը եւ անոնց բռնատիրական դերակատարութեամբ մեր պետական կառավարման բոլոր կառոյցներու աւատապետականացումը ծանրօրէն խոչընդոտեցին՝ երկիրը ժողովրդավարականացնելու եւ համակարգային բարեփոխումներով յեղափոխականացնելու գործընթացը. ՓԱՍՏՕՐԷՆ՝ յեղափոխական խոստումները մեծ մասամբ մնացին օդին մէջ։

Անցնող տարուան Սեպտեմբերի 27-ին, արտաքին (եւ գուցէ ներքին) ուժերու կողմէ բեմադրուած Արցախեան պատերազմի մարդկային եւ տարածքային մեր ահաւոր կորուստները եւ յատկապէս՝ անոնց նկատմամբ կարգ մը անհայրենասէրներու պատեհապաշտ շահագործումները յաւելեալ պղտորութիւն սրսկեցին քաղաքական երկբեւեռ աւազանին մէջ։

Պատերազմէն առաջ թափ առած եւ վերջին 6 ամիսներուն մեր ժողովուրդին կողմէ մերժուածներու Փողոցային Ընդդիմութեան ամբոխավարական պայքարը նոր լիցքաւորում ստացաւ ԳՇ-ի Վարչապետի հրաժարականը պահանջող հակասահմանադրական քայլով՝ ու երկիրը տեղադրուեցաւ պետականավնաս նոր հարցականներու դէմ յանդիման։

Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է արձանագրել, որ ժողովրդային ջախջախիչ մեծամասնութեան համար՝ Փողոցային Ընդդիմութեան ակնյայտօրէն կը պակսին իշխանութեան հասնելու բազում նախադրեալներ. այդուհանդերձ, միաժամանակ իրողութիւն է, որ փոքրաքանակ ու լրատուանիւթական անհամեմատ աղբիւրներով զինուած զանգուածով այդ բեւեռը՝ ցարդ յաջողած է որոշակիօրէն կայունազրկել ներքին քաղաքական կեանքը։

Փողոցային Ընդդիմութեան յաջողութեան հասնելու յոյսերը դեռեւս կը մնան անհաւանական սահմաններէն ներս. որովհետեւ՝ ժողովրդավարութեան հանդէպ արհամարհանքը, քաղաքական սեփական օրակարգի բացակայութիւնը եւ վիրաւոր ու ազգադաւ անցեալը իշխանութեան վերադարձով գերեզմանելու փորձը կրնան միայն ու միայն երկարաձգել ճգնաժամը։ ՆՈՅՆԻՍԿ, ԳՇ-ի կասկածելի օժանդակութեամբ ժամանակաւոր «յաղթանակ» մը ծունկի պիտի գայ ժողովրդային անխուսափելի ապստամբութեան դիմաց։

Վերջին վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ իշխանութեան ժողովրդային վարկանիշը որոշակի անկում կրած է. շատ աւելի անկում ունի երկրորդ բեւեռի վարկանիշը։ Ցայտուն փաստ է նաեւ՝ լուռ ու գերակշիռ բեւեռի մը ներկայութիւնը, որ միանգամայն՝ դժգոհ է երկուքէն։

Ի վերջոյ, դժուար չէ կանխատեսել, որ այսօրուան երկբեւեռային պայքարէն որեւէ յաղթանակող կողմ՝ իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ 3-րդ Այլընտրանքին վրայ, որ դեռեւս իր ժողովրդային խարիսխը չէ բացայայտած։Եւ վերջապէս, ինքնախաբէութիւն է կասկածիլ, որ մերժուածներու թէկուզ ժամանակաւոր յաղթանակով՝ պիտի ճզմուի ամէն ընդդիմախօսութիւն. իսկ Նիկոլական յաղթանակով՝ պիտի չունենանք հաւասարակշռուած եւ ուժակշիռ իշխանութիւն։ ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, մեր պետականաշինութեան հրամայականն է, որ Արտահերթ Ընտրութիւններէն ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԱՌԱՋ՝ կայանայ 3-րդ Այլընտրանքին Ինքնահաստատումը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *