14 C
Yerevan

Աստուած Ձեզի Հեռու Պահէ Հայ ժողո­վուրդէն…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Ես կողմնա­կից եմ Փաշի­նեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին եւ արտա­հերթ ընտրութիւննե­րուն։ Որքան արագ, այդքան լաւ։

Բայց ես չեմ կրնար կանգնիլ քաղա­քա­կան այն ուժե­րու կողքին, որոնց կարկա­ռուն ղեկա­վարնե­րէն մէկը կը յայտա­րա­րէ՝ «տուէք ինծի իշխա­նութիւն, եւ ես քանի մը օրէն Ադրբե­ջա­նի մէջ մնա­ցած գերի­նե­րը տուն բերեմ»։

Ես չեմ կրնար կանգնիլ այն ուժե­րուն կողքին, որոնք Բաղրա­մեան պողո­տան փակե­լէ ետք խորո­ված կը պատրաստեն եւ յետոյ երկրի ղեկա­վա­րին եւ իր տիկնո­ջը գնդա­կա­հա­րումը կը բեմադրեն, եւ լայվ կը տարա­ծեն աշխարհով մէկ։

Չեմ կրնար կանգնիլ այն ուժե­րուն կողքին, որոնց գլխաւոր ակտիւիստներն ու Սփիւռքեան մունե­տիկնե­րը Կարօ Փայլա­նին «թուրք, Էրտո­ղա­նի շուն» կը կոչեն եւ հազա­րումէկ հայհո­յանք կը թափեն անոր գլխուն, պարզա­պէս որովհե­տեւ իր կարծի­քը արտա­յայտած է բանա­կի հրա­մա­նա­տա­րութեան յայտա­րա­րութեան մասին։

Ես չեմ կրնար կանգնիլ քաղա­քա­կան այն ուժե­րուն կողքին, որոնց գլխաւոր աջա­կիցնե­րը աշխարհով մէկ կը հայհո­յեն, դաւա­ճան ու ծախուած կը համա­րեն բանա­կի բարձրաստի­ճան այն ղեկա­վարնե­րուն, ներա­ռեալ Ջալա­լին, պարզա­պէս որովհե­տեւ անոնք իրենց ստո­րագրութիւնը չէին դրած Փաշի­նեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նի պահանջին տակ։

Ես Նիկո­լի հրա­ժա­րա­կա­նին կողմնա­կից եմ, հազար անգամ յայտա­րա­րած եմ այդ մասին։ Բայց ձեր կողմնա­կի­ցը չեմ, չեմ կրնար ըլլալ ու պիտի չըլլամ, կ՚ուզեք 17 կամ 170 կուսակցութիւնով հաւա­քուիք։ Դուք Նիկո­լէն աւե­լի լաւը չեք։ Դուք հայ ժողո­վուրդի ղեկա­վարնե­րը ըլլա­լու արժա­նի չեք։ Դուք՝ իշխա­նութիւն եւ փողո­ցի ընդդի­մութիւն։ Դուք միայն իրա­րու արժա­նի եք։ Աստուած ձեզի հեռու պահէ հայ ժողո­վուրդէն…

Առնչվող Հոդվածներ