16.9 C
Yerevan

Պատասխա­նա­տու Են Բոլո­րը, Բացի․․․

Րաֆֆի Տուտագլեան

90 թուա­կաննե­րէն ի վեր, Հայաստա­նի իրե­րա­յա­ջորդ իշխա­նութիւննե­րը տարին առնուազն մի քանի տասնեակ անգամ յայտա­րա­րած են կոռուպցիա­յի եւ թալա­նի դէմ պայքա­րի անհրա­ժեշտութեան մասին: Միլիո­նաւոր տոլա­րի դրա­մաշնորհներ եւ վարկեր վերցուցած են Ամե­րի­կա­յէն, Եւրո­պա­յէն եւ միջազգա­յին այլ կառոյցնե­րէ, կոռուպցիա­յի դէմ անո­ղոք պայքար մղե­լու համար: 3‑րդ նախա­գա­հը նոյնիսկ TV show-եր կազմա­կերպած է այս թեմա­յով, քամե­րա­նե­րուն առջեւ յաճախ պախա­րա­կած է օրուան վարչա­պետն ու կառա­վա­րութիւնը եւ «մեծ ձուկեր» որսա­լու հրա­հանգներ արձա­կած է աջ ու ձախ: Ու դեռ, իւրա­քանչիւր ընտրութե­նէ յետոյ կառա­վա­րա­կան յանձնա­ժո­ղովներ ստեղծուած են եւ միլիո­նաւոր տոլարնե­րու պիւտճէ եւ դրա­մաշնորհ տրա­մադրուած է այդ մարմիննե­րուն, կոռուպցիան երկրէն վերացնե­լու համար: Եւ այսպէս շարունակ՝ առա­ջին երեք նախա­գահնե­րու իշխա­նութեան ամբողջ տեւո­ղութեան ընթացքին:

Եթէ նոյն այդ իշխա­նութիւննե­րու օրե­րուն կոռուպցիա կար եւ միլիո­նաւոր տոլարներ տրա­մադրուած էր անոր դէմ պայքա­րե­լու նպա­տա­կով, ինչու՞ այսօր նախկին իշխա­նութիւննե­րէն ոչ ոք պատասխա­նատւթիւն կը ստանձնէ եղած թալա­նին համար: Նոյնիսկ կէս-բերան ներո­ղութիւն խնդրող չկայ: Եթէ կար կոռուպցիայ եւ կային կոռուպցիա­յի դէմ պայքա­րող մարմիններ, ապա ու՞ր են եւ ովքեր են կոռուպցիո­ներնե­րը, թալանչի­նե­րը, կաշա­ռա­կերնե­րը: Անե­րեւոյթ մութ ուժե՞ր են, դաւա­դիր անյայտ ձեռքե՞ր… Այդ օրե­րու գերա­գոյն եւ փոքրա­գոյն ղեկա­վարնե­րը պատասխա­նա­տու չէի՞ն երկրի կողո­պուտին համար եւ ո՞վ պատասխան պիտի տայ ահաւոր կորուստնե­րուն համար…

Հայաստան մեծ պարտութիւն կրեց արցա­խեան երրորդ պատե­րազմին եւ երկրի առա­ջին դէմքը, գերա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րը, խայտա­ռակ եւ ստո­րա­ցուցիչ յայտա­րա­րութիւն ստո­րագրեց եւ Արցա­խի մնա­ցած բեկո­րը յանձնեց… ռուսե­րուն: Հայաստա­նի ռազմա­քա­ղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը 44 օր շարունակ սխալ տեղե­կութիւններ փոխանցեց հանրութեան, եւ հիմա՝ այս բոլոր մարդիկ իրար միս կ’ուտեն, նուաստա­ցուցիչ պարտութեան պատասխա­նատւութիւնը մէկը միւսին վրայ նետե­լով: Վարչա­պե­տը կէս բերան յայտա­րա­րեց իր բաժին պատասխա­նատւութեան մասին, բայց միա­ժա­մա­նակ պատե­րազմի ձախո­ղութիւննե­րու ամբողջ մեղքը բարդեց բոլո­րին վրայ… Չկայի՞ն սխալ որո­շումներ, չկա՞յ սխալ քաղա­քա­կա­նութիւն: Պատասխա­նա­տուներ չկա՞ն ձախո­ղած քաղա­քա­կա­նութեան, պատե­րազմի աղի­տա­լի աւարտին համար…

Չէ, ըստ երեւոյթին չկան: Հայաստա­նի մէջ մեղաւոր են բոլո­րը, բացի՝ իսկա­կան մեղաւորնե­րը: Երկի­րը 28 տարի անխնայ թալա­նի ենթարկուե­ցաւ, պատասխա­նա­տու են բոլո­րը, բացի՝ այդ օրուան իշխա­նութիւննե­րը…

1996-ին, 1998-ին, 2003-ին, 2008-ին, 2013-ին եւ միջանկեալ տարի­նե­րուն հայ քաղա­քա­ցի­նե­րու քուէ­նե­րը առքուվա­ճառքի ենթարկուե­ցան, ընտրութիւններ կեղծուե­ցան, խաղաղ բողո­քողներ շարունա­կա­բար բռնութեան ենթարկուե­ցան, 10 քաղա­քա­ցի­ներ սպաննուե­ցան ցոյցե­րու ընթացքին, երկի­րը ընկղմե­ցաւ անարդա­րութեան մէջ… Եւ ովքե՞ր պատասխա­նատւութեան ենթարկուե­ցան: Ոչ ոք: Մեզի փորձե­ցին համո­զել, որ պատասխա­նա­տու են բոլո­րը, բացի՝ այդ օրե­րու իշխա­նութիւննե­րը:

44 օր տեւած պատե­րազմէ, հազա­րաւոր նահա­տակնե­րէ եւ վիրաւորնե­րէ, բազմա­հա­զար տեղա­հա­նուածնե­րէ եւ հողա­յին հսկայ կորւոստնե­րէ ետք, հիմա ալ մեզի կը համո­զեն, որ պատասխա­նա­տու են բոլո­րը, բացի այսօ­րուայ ռազմա­քա­ղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնն ու վարչապետը…Երբ չկայ պատասխա­նատւութիւն ստանձնե­լու գիտակցութիւն, չկայ նաեւ սխալնե­րու սրբագրութիւն:

Երբ չկայ ներո­ղութիւն ըսե­լու եւ քաւա­րան մտնե­լու պատրաստա­կա­մութիւն, չկայ ուրեմն նոյն մեղքե­րը չկրկնե­լու հնա­րաւո­րութիւն: Սա է մեր իրա­կա­նութիւնը. այո, բոլո­րը կ’ընդունին, որ կոռուպցիան աղէտ բերած է մեր գլխուն, որ պատե­րազմը կորսնցուցինք հին ու նոր բազմա­թիւ սխալնե­րու պատճա­ռով, որ երկի­րը անդնդա­խոր ճգնա­ժա­մի մէջ է, որ կորուստնե­րը ահաւոր են եւ անդառնա­լի… Ու պատասխա­նա­տու են բոլո­րը, բացի՝ իսկա­կան պատասխա­նա­տունե­րը, որոնք այսօր իշխա­նութիւն եւ ըննդի­մա­դիր կը խաղան, եւ դեռ կ’ուզեն մեզի վստա­հեցնել, որ հակա­ռակ բազմա­թիւ մեղքե­րուն, հակա­ռակ մեծ ու փոքր յանցանքնե­րուն, ժողո­վուրդը պէտք է վստա­հի իրենց, վասնզի իրենք են երկրի փրկիչնե­րը, իրենք են մաքրա­մա­քուր առա­քեալնե­րը, իրենք են դրախտի դարպա­սը բացողնե­րը: Իսկ մնա­ցած բոլո­րը՝ մեղաւոր են ու ապի­կար, եւ պատասխա­նա­տու են բոլոր տեսնուած ու չտեսնուած սխալնե­րուն, գիտակցուած ու չգի­տակցուած հազա­րումէկ յանցանքնե­րուն համար…

Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ