Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերնախաւը այդպէս ալ չհասկցաւ (կամ՝ չուզեց հասկնալ), որ իր գոյութիւնը իմաստաւորողն ու ամրապնդողը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ է։
Յարութ Գալայճեան
Վերջին քառորդ դարու ընթացքին, ՀՅԴ-ի վարած անժողովրդավար ու անհեռատես քաղաքականութիւնը գլտորած է կազմակերպութիւնը փակուղիի մը մէջ՝ 3 հիմնահաւասար պատճառներով.
1 – Անձնիշխանական կառավարում։
2 – Հակագաղափարախօսական գործունէութիւն։
3 – Կազմակերպութեան եւ ժողովրդի միջեւ տարանջատում։
Փորձենք մանրամասնել։
1998-էն ասդին, կազմակերպութեան վերնախաւը փոխանակ հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքով գործելու՝ նախընտրած է հպատակիլ շէֆական տրամադրութիւններու եւ աթոռապահական առաջնահերթութեամբ փորձած է ինքզինք հետզհետէ ամրապնդել կանոնագրի չարաշահութեամբ՝ խեղդելով ամէն ողջամիտ ու հակաճառող տրամաբանութիւն։
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը դաւանելով իբրեւ ընկերային արդարութիւն ջատագովող ու ժողովրդավար կուսակցութիւն, վերջին տասնամեակներուն Հայաստանեան քաղաքական ալեկոծ ծովուն մէջ թիավարեց վերոյիշեալ երկու մտածողութիւններուն դէմ, գործակցելով պետական սնտուկը թալանողներուն, մարդասպան ղեկավարներուն եւ մեր Սթալինկրատը վաճառողներուն հետ։ Աւելի՛ն, թիավարեց իր սեփական ժողովուրդին դէմ՝ միանալով վերջին երկու աւատապետ-նախագահներուն, որոնք իրենց բռնատիրական մոլուցքով եւ պետական կառավարման բոլոր կառոյցները կաշառակերութեամբ ստրկացնելով՝ ամբարած էին այնքան հզօր ուժ, որմով անոնք միասնաբար կարողացան առնուազն դանդաղեցնել եւ հարցականներու տակ դնել ժողովրդային յեղափոխութեան գործընթացը։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերնախաւը այդպէս ալ չհասկցաւ (կամ՝ չուզեց հասկնալ), որ իր գոյութիւնը իմաստաւորողն ու ամրապնդողը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ է, եւ ոչ՝ աշխարհի տարածքին սփռուած իր կառոյցներու ստրկացած քուէները եւ ոչ ալ՝ ՀՅԴ-Կանոնագրի քմահաճ գործադրութիւնը։
Փաստօրէն այս օրերուն, այդ վերնախաւը իր ստուերային ղեկավարութեամբ կը շարունակէ իր միահեծան իշխանութիւնը ամբողջականացնել սփիւռքեան վերջին օղակն ալ իր բռնատիրական շղթային հպատակեցնելու արկածախնդրութեամբ։Այդ օղակը ովկիանոսէն անդին կը գտնուի. Սփիւռքի եւ Հայաստանի ԱՐԻՒՆԱՏԱՐ ԵՐԱԿՆ է անիկա։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Երկբեւեռ Կառոյցը, որ այսօր կը պարզէ ՊԱՏԺԱԿԱՆ՝ սանձարձակ եւ փոխադարձ տնօրինումներու վտանգալի վիճակ մը, որ արդէն ահազանգի մատնած է 130 ամեայ ամբողջ կազմակերպութիւնը։Առ այժմ, հետեւեալն է ընդհանուր պատկերը.
1 – Դաշնակցութիւնը շերտաւորուած է։
2 – Արեւմտեանի Հարցը թէեւ արտաքնապէս տեղայնական կը թուի շատերուն համար, բայց խորքային իմաստով՝ համընդհանուր իրողութիւն է, որովհետեւ շարքերէն ներս ամենուրեք գոյութիւն ունին բազմաթիւ դժգոհութիւններ։
3 – Ցարդ չկան այս փակուղիէն դուրս գալու նախանշաններ։
Յ.Գ .- Կազմակերպական վերոյիշեալ քաոսին առընթեր, երէկ տարաձայնուեցաւ ընկեր Վիգէն Եագուպեանի Բիւրոյի կազմէն հրաժարման լուրը»։
Մուղնի / Հայաստան