– Երբ յանցանքի վրայ բռնուած գողը տանտիրոջ․․․ գող կ՚անուանէ
Նազարէթ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ Հայաստանի ու հայութեան գաղափարական «մարտունակ ողնասիւն»ը արժեւորող ու անեղծ պահպանող հայ քաղաքական մտքի բոլոր հաւատաւորներուն։
Արար մը եւս իր աւարտին հասաւ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը քանդելու նորօրեայ բիւրոյական մոլագարութեան մէջ։
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ անոր խամաճիկի թելերը ըստ կամս շարժող Հրանդ Մարգարեանի տասնամեայ երազը ի վերջոյ իրականացաւ, երբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անունով Դաշնակցութենէն հեռացուած կամ արտաքսուած վաստակաւոր դաշնակցականներու ծաւալուն ցուցակը օրեր առաջ ամբողջացաւ՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի երկարամեայ նախկին անդամ Վիգէն Արշաւիրի Յովսէփեանի ալ կամայականօրէն հեռացուելով։
Բարի լոյս՝ տասնամեակներու ծառայութիւն ունեցող դաշնակցական բոլոր ընկերներուն, որոնք նոյնիսկ կուսակցական սրբապղծութեանց վերջին 20-25 տարիներու բոլոր դրսեւորումներէն ետք, դեռ չեն ուզեր իրենց աչքերը բանալ եւ տեսնել, որ մեր Գաղափարական Օճախը օր-ցերեկով կը քանդուի Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անունն ու դիրքը յափշտակած ու սեփականաշնորհած պատեհապաշտ ցեցերու դաւադրութեամբ՝ չարաշահելով կարգապահութեան եւ օրինապահութեան նկատմամբ դաշնակցականներու տածած արմատաւոր պաշտամունքը։
Եթէ ծայր աստիճան ողբերգական չըլլար Բիւրոյական Դաշնակցութեան հեղինակազրկման խայտառակ վիճակը, որ կը կրծէ ու կը վատնէ ամէնէն առողջ բջիջները Հ․Յ․Դ․ ԱՒԱՆԴԻՆ՝ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յեղափոխական մաքրամաքուր ԱՒԻՇԸ չորցնելու եւ ջլատելու մոլուցքով, վստահաբար հայոց հայրենիքի օրհասական այս պահուն ոչ ոք սիրտ ու ժամանակ պիտի ունենար մսխելու Դաշնակցութեան ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆ ՆՄԱՆԱԿԻՆ խեղկատակութեան վրայ։
Բարի լոյս՝ մանաւա՛նդ դաշնակցականի իրենց երդումին ամբողջապէս տէր կանգնող աշխարհասփիւռ բոլոր ընկերներուն, որոնք արդար ցասումով բողոքի ու դատապարտանքի ձայն կը բարձրացնեն իրենց ժողովներուն եւ համացանցային գրառումներուն մէջ՝ ամօթանք տալով «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» ստորագրութեամբ հրապարակուած 8 Մարտ 2021ի «ԱԶԴ»ին, ուր սեւով ճերմակի վրայ բիւրոյականները կը դրսեւորեն Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան, այլեւ գաղութի ազգային ողջ կառոյցի ինչքերուն, կալուածներուն եւ դրամատնային հաշիւներուն տիրանալու ընչաքաղցութիւն՝ նման ոտնձգութեանց դէմ պատուար կանգնող շրջանի Հ․Յ․Դ․ ընտրովի մարմիններուն դէմ ուղղելով այն սուտ ամբաստանութիւնը, թէ՝
– «Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ» անունով գործող «խմբակը զաւթած է կուսակցապատկան անշարժ և շարժական գոյքերը եւ դրամատնային հաշիւները» – Տես Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի խնդրոյ առարկայ ստապատիր ազդը՝ droshak.am :
Ինչպէս որ ժողովրդային ծանօթ ասոյթը կ՚ըսէ՝
– Տուն կողոպտելու ատեն յանցանքի վրայ բռնուած գողը տանտիրոջ գող կը հանէ՝ իր օձիքը․․․ ազատելու համար։
Ո՜ւր պիտի յանգի այսօրինակ բարոյական անկումը նման բիւրոյականներու, որոնք ճշմարտութիւնը գիտնալով հանդերձ սուտ կը խօսին՝ ուրանալով որ Հայաստանի տարածքին եւ յետ-խորհրդային տարածաշրջանի հայկական ոստաններուն մէջ, առաւելաբար Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի այս նոյն մարմիններուն եւ պատասխանատու ընկերներուն ջանքերով կառուցուեցան եւ հիմնուեցան Հ․Յ․Դ․ հայաստանեան կառոյցին անունին արձանագրուած կեդրոններն ու ակումբները եւ․․․
Բարի լոյս՝ բոլոր Արթուն Պահակներուն, որոնք հայրենի ոստաններէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր հայօճախները, անխնայ կը մերկացնեն գաղափարական թշուառութիւնն ու ընչաքաղց պատեհապաշտութիւնը նորօրեայ այս փանջունիներուն՝ թումբ կանգնելով Դաշնակցութիւնը սեփական ժողովուրդին դէմ թշնամացնելու անոնց արջի ծառայութեան․․․
Մանաւանդ որ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպական շրջանին անկարգապահութեան «ՄԵՂՔ»ը տարիներէ ի վեր եղած է այն, որ մերժած է մաս կազմել Սերժ Սարգսեանի օրինակով իշխանաւորի մը ի պատիւ տրուած՝ փող ու թմբուկով մեծարանքի ընդունելութեան, ի հեճուկս Հայաստանի մէջ ատենի իշխանութեանց փոխանցուած բիւրոյական հաւաստիացումներուն․․․ կայսեր արժանին մատուցելու վերաբերեալ։
Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան Ուղին անդեդեւ շարունակողներուն։