Բարի Լոյս

Կը Գայ Ոգու Սով

Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հանրապարտադիր մեկուսացման եւ ընկերային ինքնամեկուսացման պայմաններուն մէջ ՈԳՈՒ ԼՈՅՍ փնտռող բոլոր-բոլորին։

Ահա տարի մըն է, որ ողջ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴով ոչ միայն չենք կրնար յաղթահարել մեզ հոգեպէս լլկող ԱՆԶՕՐՈՒԹԵԱՆ մղձաւանջը, այլեւ ամէն օր աստիճան մը աւելի կ՚ընկղմինք անճար յուսահատութեան գիրկը՝ պարտուողական համակերպումի ամենակուլ աւազուտքին մէջ․․․

Բարի լոյս՝ մեր իմաստուն ժողովուրդին, որ մանկուց բոլորիս սորվեցուցած է, թէ «ինչ որ ցանես՝ այդ կը հնձես»։

Իսկ մենք ցանեցինք՝

– Անձնասիրութիւն , եսապաշտութիւն եւ յանձնապաստանութիւն՝ ոտնակոխելով ու ճզմելով համայնականութեան, մարդասիրութեան եւ այլասիրութեան ամէն կենարար հունտ։

Եւ ահա կը հնձենք անյագութեան ու մորթապաշտութեան, պատեհապաշտութեան ու գետնաքարշութեան, անձնատուութեան եւ ոգու թշուառութեան թունաւոր, այլեւ մահաբեր որոմները․․․

Եւ ԱՐԺԷՔՆԵՐ պահպանելու, վերանորոգելու եւ նորովի շունչով արարելու փոխարէն՝ ԱԶԳ ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ մեզ ՍՆՈՒՑԱՆՈՂՆԵՐ ահա վերածած ենք չարաշահուող սոսկ անունի եւ դրօշի, կաղապարի եւ այցետոմսի, ուր կը ծուարինք ու կը կրծենք, այլեւ կ՚որոճանք լոկ սպառողի եւ մակաբոյծի մեր անպտուղ յափրկումը․․․

Վա՜յ մեզ, վա՜յ մեզ եւ երիցս վա՜յ մեզ՝ որ կարդացինք եւ պատռեցինք ԱՀԱԶԱՆԳի բոլոր պատգամները, որ տեսանք ու երես դարձուցինք ՅՈՅՍի բոլոր աղբիւրներուն, որ Սրբութիւններէն ԾԱՄՕՆ սարքեցինք եւ Գաղափարներէն ԿՐԿԷՍ կազմակերպեցինք։

Վա՜յ մեզ՝ որ ԹՇՆԱՄԻ դարձուցինք նոյնինքն մեզ ծնող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը․․․

ՄԵՂԱ՜Յ

Եւ բարի լոյս՝ Անմահն Իսահակեանի հետ լուսոյ առաւօտը ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ երգով ու աղօթքով դիմաւորող բոլոր-բոլորին․-

«ԵՍ ՁԵԶ ԱՍՈՒՄ ԵՄ՝ ԿԸ ԳԱՅ ՈԳՈՒ ՍՈՎ»

Հեղինակ՝ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Ես ձեզ ասում եմ՝ կը գայ Ոգու սով,

Եւ դուք կը քաղցէք ճոխ սեղանի մօտ,

Կ՚ընկնէք մուրալու յափրած որկորով՝

Հրեղէն խօսքի, վեհ խօսքի կարօտ։

Լրբենի ծաղրով արհամարհեցիք

Ոգու վառ զեղմունք, միտք ու երազանք,

Նիւթի տաճարում արբած պարեցիք՝

Մոռացած անմահ, անհունի տենչանք։

Դուք, որ հեգնեցիք ուժն ստեղծագործ՝

Ձեր Նիւթի հանդէպ կը գայ Ոգու սով.

Եւ մուրացկի պէս փշրանքի համար

Ծարաւ ու նօթի կ՚անցնէք ծովից ծով։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *