20 C
Yerevan

Յայտա­րա­րութիւն

Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն ափսո­սանքով ծանօ­թա­ցաւ ՀՅԴ Բիւրո­յի կողմէ մեր կազմա­կերպա­կան կեանքի մանրա­մասնութիւննե­րու աննա­խընթաց հրա­պա­րա­կումին, եւ անոր վերա­բե­րող մոլո­րեցնող անճշդութիւննե­րու արձա­նագրութեան: Ի տես մեր ազգին դիմագրաւած գոյութե­նա­կան մարտահրաւէրնե­րուն, մենք կ՛ակնկալէինք, որ Բիւրոն աշխարհա­տա­րած մեր կառոյցնե­րը գործի լծէ մեր հայրե­նի­քին նեցուկ կանգնե­լու նպա­տա­կին, սակայն անի­կա ընտրած է ներքին ճեղքեր բանա­լու ուղին, հարուած մը հասցնե­լով մեր կուսակցութեան կայունութեան։

Մեր կազմա­կերպա­կան ներքին տարա­կարծութիւննե­րը վերահսկո­ղութե­նէ դուրս բերե­լու յաջորդա­կան քայլե­րը, որքան ալ անհասկնա­լի եւ անընդունե­լի, օղակներ ըլլան վերջին տարի­նե­րու այն արշաւին, որ նպա­տակ ունի ճնշել Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի դաշնակցա­կաննե­րու ազատ արտա­յայտութիւնը, ու կը միտի պատժել Շրջա­նը իր այն կեցուածքնե­րուն համար, որոնք ներքին կարգով եւ ժողովնե­րու ընթացքին, միշտ ալ գերա­դա­սած են պահպա­նել Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ ինքնուրոյն, արտա­քին ազդե­ցութիւննե­րէ անկախ եւ ազգա­յին-գաղա­փա­րա­կան դիմա­գի­ծով ուժ:

Մեր կազմա­կերպա­կան շրջա­նին հասցուող վերջին եւ հերթա­կան հարուա­ծը եկաւ, երբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէութիւնը կը պատրաստուէր գումա­րե­լու իր 55րդ Շրջա­նա­յին ժողո­վը, որ ի շարս այլ քննարկումնե­րու նաեւ պիտի ընտրէր զինք ղեկա­վա­րող Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ:

Մեզի համար անհասկնա­լի, եւ կանո­նագրա­յին հասկա­ցո­ղութիւննե­րու մէջ չտե­ղաւո­րուող քայլով մը, ՀՅԴ Բիւրոն կասե­ցուց ժողո­վը եւ նշա­նա­կեց Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ, այսպի­սով խախտե­լով շարքա­յիննե­րուն՝ ընտրե­լու իրաւունքը ու ոտնա­կո­խե­լով ժողովրդա­վա­րութեան հիմնա­կան արժէ­քը, որուն կրո­ղը եղած է ու պէտք է ըլլայ Դաշնակցութիւնը: Այս իսկ պատճա­ռով եւ ի հեճուկս Բիւրո­յի՝ արգե­լա­կե­լու փորձե­րուն, եւ այլ ելք չգտնե­լով, Շրջա­նի կազմա­կերպա­կան միաւորնե­րու պատգա­մաւորնե­րը կազմա­կերպա­կան կարգ ու կանո­նը յարգե­լով, գումա­րուե­ցին Շրջա­նա­յին ժողով, եւ ընտրե­ցին կեդրո­նա­կան կոմի­տէ: Այս քայլը կը վայե­լէ ոչ միայն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի, այլ նաեւ նման քայլե­րու թիրախ դարձած այլ շրջաննե­րու դաշնակցա­կաննե­րու լայն զանգուա­ծին աջակցութիւնը։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի շրջա­նը եղած է դաշնակցա­կան ընտա­նի­քի ամէ­նէն կենսունակ շրջաննե­րէն մէկը, ազգա­յին արժէքնե­րու իր անզի­ջող կեցուածքով, համայնքա­յին եւ համազգա­յին իր ծառա­յութիւննե­րով, որոնց վկան է համայն հայութիւնը, նաեւ մասնաւո­րա­պէս մեր համայնքի լայն խաւը: Նոյնինքն տասնա­մեակնե­րով այդ ծառա­յութեան լծուած ղեկա­վարնե­րուն կ՛ակնարկէ Բիւրոն իր յերիւրա­ծոյ յայտա­րա­րութեանց մէջ, երբ զանոնք «խմբակ» կ՛որակէ, աժան նուաստա­ցումնե­րով վիրաւո­րե­լով նաեւ մեր շրջա­նի շարքա­յիններն ու համա­կիրնե­րը, որոնց վստա­հութիւնն ու յարգանքը վայե­լած են սեւացման ենթարկուող նշեալ ընկերնե­րը:

ՀՅԴ Բիւրոն ընտրած է անընդունե­լի եւ մեր կողմէ մերժուած կարգա­պա­հա­կան տնօ­րի­նումնե­րու ճամբով իր կամքը պարտադրել շարքա­յիննե­րուն վրայ։ Յստակ է, որ ներկայ ղեկա­վա­րութիւնը կը նախընտրէ սպառնա­լի­քի եւ բռնա­դա­տե­լու ընտրանքը, անտե­սե­լով երկխօ­սութիւնն ու բանա­վէ­ճը։

Հակա­ռակ այս բոլո­րին, օրի­նա­կան կարգով ընտրուած Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն մինչեւ վերջին օրերս համա­գործակցութեան իր լայնա­խո­հութիւնը ցուցա­բե­րեց այս անյարմար վիճա­կէն դուրս գալու համար, սակայն ափսո­սանքով անակնկա­լի եկաւ՝ տեսնե­լով սրումի տանող վերոնշեալ ցաւա­լի յայտա­րա­րութիւնը:

Պարտաւոր կը զգանք հաստա­տե­լու, թէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան նոմի­տէն՝ իբրեւ օրի­նա­կան շարունա­կութիւնը մեր կազմա­կերպա­կան կարգին, բնա­կան եւ միակ երաշխաւորն է իր ինչքե­րուն, ինչպէս նաեւ զօրակցո­ղը բոլոր այն ոչ-շահա­բեր կառոյցնե­րուն, որոնք կը գործեն միմիայն տեղա­կան օրէնքնե­րուն համա­պա­տասխան եւ որոնք համայնքին ու հայրե­նի­քին կը տրա­մադրեն անվե­րա­պահ ծառա­յութիւն։

Ուստի, անհե­թեթ, քանդիչ եւ խիստ դատա­պարտե­լի կը գտնենք Բիւրո­յի այն յերիւրանքնե­րը, ըստ որոնց իբր թէ կալուածներ ու հաշիւներ «զաւթուած» են, որովհե­տեւ բոլոր ոչ-շահութա­բեր հասա­րա­կա­կան կազմա­կերպութիւննե­րը, որոնք կը գործեն այս համայնքէն ներս, ամէն բանէ առաջ կը վերահսկուին Միա­ցեալ Նահանգնե­րու դաշնակցա­յին եւ Քալիֆորնիոյ օրէնքնե­րուն ներքոյ: Անոնց հաշիւնե­րը կը տնօ­րի­նուին անկախ հաշուա­պա­հա­կան հաստա­տութիւննե­րու կողմէ, որոնք հերթա­կան քննութիւններ կատա­րե­լով, անոնց արդիւնքնե­րը կը հաղորդեն Ներքին եկա­մուտի սպա­սարկութեան (IRS), երկրին օրէնքնե­րուն համա­ձայն ։ Այս բոլո­րը գրե­թէ անկա­րե­լի կը դարձնեն, որ որեւէ անհատ կամ խմբակ «զաւթէ» որեւէ գումար կամ հիմնարկ։ Վստահ ենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կուսակցութեան բոլոր շրջաննե­րուն մէջ թափանցի­կութեան այս սկզբունքնե­րը կը յարգուին։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի պատմութեան այս հանգրուա­նին, անհրա­ժեշտ կը գտնենք անգամ մը եւս արժեւո­րե­լու եւ հաստա­տե­լու Դաշնակցութեան կազմա­կերպա­կան ու բարո­յա­կան նկա­րա­գի­րը։ Աւե­լի քան 130 տարուան կեանքի իր պատմա­կան հոլո­վոյթին մէջ, Դաշնակցութիւնը բնա­կան հետեւո­ղութեամբ իւրա­ցուցած է ապա­կեդրո­նացման գործե­լա­ձեւը ու համարկած է այդ գործե­լա­ձեւը կազմա­կերպա­կան իր դիմա­գի­ծին հետ, այդ դիմա­գի­ծը բնո­րո­շող գաղա­փա­րա­կան հիմնա­կան արժէքնե­րուն հետ, ինչպէս՝ ժողովրդա­վա­րութիւն, ընկերվա­րութիւն, յեղա­փո­խութիւն ու հայրե­նա­սի­րութիւն, որոնք իւրա­յա­տուկ նկա­րա­գիր եւ արժէք տուած են Դաշնակցութեան։ Հետեւա­բար, կազմա­կերպա­կան մեր նկա­րա­գի­րի անխուսա­փե­լի տուեալնե­րէն է ապա­կեդրո­նացման սկզբունքը, որ մեր գործունէութեան հիմնա­կան գրաւա­կա­նը եղած է։ ՀՅԴ Կանո­նա­գի­րի առա­ջին էջե­րէն իսկ կը հաստա­տուի անոր կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցումի եւ գաղա­փա­րա­կան-բարո­յա­կան կեդրո­նա­ցումի զուգընթաց կարեւո­րութիւնը: Անոնք եղած են ցարդ եւ կը մնան մեր կուսակցա­կան կառոյցի եւ գործե­լա­կերպի հիմնա­կան սկզբունքնե­րը:

Կեդրո­նա­կան կոմի­տէս կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր ընկերնե­րուն, աշխարհացրիւ դաշնակցա­կաննե­րուն, եւ մեր ազգա­նուէր հայրե­նա­կիցնե­րուն, միասնա­բար բարձր պահե­լու Դաշնակցութեան բարո­յա­կան արժէքնե­րը, կազմա­կերպա­կան նկա­րա­գի­րը, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան եզա­կի դերա­կա­տա­րութիւնը, զոր ունե­ցած է եւ պիտի շարունա­կէ ունե­նալ յանուն ազգի եւ հայրե­նի­քի:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ

Առնչվող Հոդվածներ