14 C
Yerevan

Ափսոս է կորցնել ՀՅԴ.Նորը Ստեղծե­լը Համաշխարհա­յին Ցանցե­րով Գրե­թէ Անկա­րե­լի է։

Ես կը հաւա­տամ որ անսխա­լա­կան կուսակցութիւն չկայ որովհե­տեւ այնտեղ աստուածներ չեն կառա­վա­րողնե­րը այլ սովո­րա­կան մահկա­նա­ցուներ, հետեւա­բար կը սթա­փին ու կը սրբագրեն սխալնե­րը, ի շահ հայութեան։

Աւօ Պօղո­սեան

Մարդ արա­րա­ծը իր գոյութեան սկիզբէն ի վեր նոյն ուղե­ղի ծաւա­լը ունի եւ նոյն կարո­ղութիւնը, տարբե­րութիւնը այժմու եւ քարի դարու մարդուն միչեւ, անոր զարգա­ցա­ծութիւնն է, եւ կուտա­կած փորձա­ռութիւնը որը անդադրում է։

Նոյնն է եւ ազգե­րու պարա­գա­յին. Աւե­լի խելա­ցի ազգեր չկան, կան աւե­լի զարգա­ցած ու աւե­լի կազմա­կերպուած ազգեր։ Իսկ ինչ է կազմա­կերպուա­ծութիւնը, եթէ ոչ ցանցա­յին դրութիւննե­րու եւ բջիջնե­րու ստեղծում, ուր վերի վարոյ հաւա­սար կարո­ղութիւննե­րով մարդիկ հաւա­քա­բար կ’աշխա­տին ստեղծե­լու մեծը, աւե­լի լաւը եւ կատա­րե­լա­գործուա­ծը, ճիշտ ու տեղին օգտա­գործե­լով առկայ հարստութիւննե­րը, ըլլան անոնք մարդկա­յին կամ նիւթա­կան։

Կազմա­կերպուա­ծութիւնը անհրա­ժեշտա­բար եւ բնա­կա­նա­բար կըլլայ նպա­տա­կի եւ գաղա­փա­րի մը շուրջ, օրի­նակ‘ պետութիւն հիմնե­լու, պետութիւնը հզո­րացնե­լու , բարե­գործա­կան միութիւն մը ստեղծե­լու, Ֆիլհարմո­նիկ նուա­գա­խումբ մը, ֆութպո­լի խումբ մը հիմնե­լու եւլն…

Գալով մեր երկրի շուրջ եւ մէջ տեղի ունե­ցող իրա­դարձութիւննե­րուն, տեսանք մեր անկազմա­կերպուա­ծութեան դառն հետեւանքով մեր պարտութիւնը։ Նոյնիսկ ներքին ճակա­տին վրայ իշխա­նա­փո­խութեան անհրա­ժեշտութեան պարա­գա­յին անգամ կը տեսնենք ընդդի­մութեան ապի­կա­րութիւնը եւ անկա­րո­ղութիւնը։ Այստեղ անշուշտ առկայ է նաեւ այն փաստը որ ժողո­վուրդը, ու անկէ անդին նաեւ ազգը, ոչ մէկ հաւատք ունի այնտեղ գտնուածնե­րուն նկատմամբ, որովհե­տեւ այդտեղ չկայ ազգը համախմբող, ու աւե­լին գաղա­փա­րի շուրջ կազմա­կերպուած կուսակցութիւններ։ ԲՀԿ, ՀՀԿ եւ միւսնե­րը, որովհե­տեւ կուսակցութիւններ չեն, այլ անձի շուրջ հաւա­քուած մարդիկ, որոնք երբ իշխա­նութիւն չունին, արժէք չեն ներկա­յացներ։ Այնտեղ գոյութիւն ունի միայն մէկ կուսակցութիւն, որ ոչ թէ միայն կազմա­կերպութիւն եւ ցանցեր ունի երկրին մէջ, այլ ամէն երկիր ուր հայութիւն կայ։ Այդ ՀՅԴ ն է ‚որ սակայն իր անցեա­լի սխալնե­րուն հետեւանքով ժողո­վուրդին մէջ հենա­րան չունի։

Կուսակցութիւն հիմնե­լը իսկա­պէս որ շատ դժուար բան է, եւ անոր փաստը մենք կը տեսնենք մեր իրա­կա­նութեան մէջ։ Այս երե­սուն տարուայ ընթացքին, Հայաստա­նի մէջ երեւա­ցին բազմա­թիւ խմբաւո­րումներ որոնք փորձե­ցին դառնալ կուսակցութիւն, սակայն ինչպէս ծնան այդպէս ալ մահա­ցան առանց գործունէութեան. Հիմա ալ կան փորձեր նորեր ստեղծե­լու, բայց ապարդիւն։

Իսկ Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւր ցանցե­րով գոյութիւն ունի ու դիմա­կա­յած է բազմա­թիւ փորձութիւննե­րու ահա 130 տարի­ներ, որովհե­տեւ գաղա­փա­րի շուրջ ստողծուած եւ ամուր արմատներ ունե­ցող կուսակցութիւն է, եւ ուրեմն ճիշտ աշխա­տե­լու պարա­գա­յին ուղղա­կի հարստութիւն է ազգին ու հայրե­նի­քին համար. Սակայն դժբախտա­բար վերջին երկու տասնա­մեա­կի սխալ քաղա­քա­կա­նութեան համար ոչ միայն Հայաստա­նի իր ժողովրդա­յին հենա­րա­նը կորսնցուցած է այլ նոյնիսկ ներքին կազմա­կերպա­կան ճգնա­ժա­մի մէջ է, ու սա գաղտնիք ալ չէ այլեւս քանի բացա­յայտ յայտա­րա­րութիւննե­րու ընդմէ­ջէն յայտնի է բոլո­րին։

Ես կը հաւա­տամ որ անսխա­լա­կան կուսակցութիւն չկայ որովհե­տեւ այնտեղ աստուածներ չեն կառա­վա­րողնե­րը այլ սովո­րա­կան մահկա­նա­ցուներ, հետեւա­բար կը սթա­փին ու կը սրբագրեն սխալնե­րը, ի շահ հայութեան։

Ափսոս է կորսնցնել կայա­ցած կուսակցութիւն մը։ Նորը ստեղծե­լը համաշխարհա­յին ցանցե­րով գրե­թէ անկա­րե­լի է։

Թէ ինչպէս՞ կուսակցութիւն մը կը շարունա­կէ սխալներ գործել առանց սթա­փե­լու եւ վերա­դառնա­լու ճիշտ ուղղուն, մեղաւո­րութիւնը այլեւս սխալներ գործող ղեկաւա­րութեան չէ, այլ միայն ու միայն կուսակցա­կաննե­րունը, որոնք սխալնե­րը տեսնե­լով ու զգա­լով հանդերձ, լուռ ու անտարբեր կը մնան։

Առնչվող Հոդվածներ