ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՀՅԴ – Պառակտում կամ Մա՞հ

Արդեօ՞ք ժամանակը չէ վերադառնալու Քրիստափոր Միքայէլեանի հիմնական գաղափարներուն եւ ստեղծելու Հայ ՅեղափոխաԿանների Դաշնակցութեան 21-րդ դարու յարմարուած տարբերակ մը

Կայծ Մինասեան

Յեղափոխական շրջանին, դաշնակցութեան ֆէտայիներու կարգախօսն էր «Ազատութիւն կամ Մահ»։ Անոնց անմոռանալի զոհաբերութիւններէն 100 տարի անց, ՀՅԴ-ն, ափսոս, ինքզինք կը գտնէ շատ աւելի աննախանցելի այլնտրանքի մը առջեւ, «Պառակտում կամ Մահ»։ Ինչի՞ մասին է խօսքը։ Ի՞նչ «պառակտում». Ի՞նչ «մահ»։

Սկսինք պառակտումէն։ Ան կը հիմնուի երկու լրացուցիչ հոլովոյթներու վրայ։ Մէկ կողմէ, ան կը մարմնաւորուի Արեւմտեան Ամէրիկայի մէջ ծայր առած տագնապով, որ զիրար կը հակադրէ շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ ՀՅԴ Բիւրօն։ 1930-ական թուականներէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, ՀՅԴ-ն իր ներքին խնդիրները հանրութեան սեփականութիւնը կը դարձնէ։ Բիւրօն կ՛ուզէ պարտադրել իր կամքը, եւ իր նպատակին հասնելու համար ի գործ կը դնէ ամէնէն ստորին միջոցները, նոյնիսկ ոտնակոխելով Դաշնակցութեան կանոնագիրը եւ աւանդութիւնները։ Բիւրօն կը բեկանէ իր Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի իրաւական որոշունմերը, կ՛արտաքսէ ըմբոստ տարրերը, կ՛անցնի մաքրագործումներու, դիմելով անարգ հնարքներու մրոտելու համար այլախոհ ընկերներու անունը, կը նշանակէ նոր Կեդրոնական Կոմիտէ, ցոյց տալու համար թէ իր հակակշռին տակ կը պահէ շրջանը, մինչ պարզապէս սրելով տագնապը, նոյնիսկ իր հետեւորդներուն մղելով ծեծկրտուքով խօսք հասկցնելու գայթակղութեան։ Ողորմելի եւ արտառոց երեւոյթ։ Արդիւնքն այն է, որ այսօր Քալիֆորնիոյ մէջ, ՀՅԴ-ն կը յենի պատմական խողովակին (canal historique) վրայ (ընտրեալ բայց այլախոհ կեդրոնական կոմիտէն), որուն կը խանգարէ պաշտոնական խողովակը (նշանակուած բայց ժողովրդականութենէ զուրկ կեդրոնական կոմիտէն)։ Տագնապը միայն դիւանակալական (bureaucratique) չէ, այլ նաեւ քաղաքական եւ Ֆինանսական։ Քաղաքական, որովհետեւ պատմական խողովակի անդամները կը քննադատեն կուսակցութեան ռազմավարութիւնը Հայաստանէն ներս, հարց տալով թէ ի՞նչ է իմաստը կառչած մնալու նման ռազմավարութենէ մը, որ կը հեղինակազրկէ ՀՅԴ-ն եւ զայն կը տանի պարտութենէ պարտութիւն։ Ֆինանսական, որովհետեւ Արեւմտեան Ամէրիկան միակ շրջանն է, որ տակաւին կարողութիւնը ունի ֆինանսաւորելու Դաշնակցութեան համաշխարհային գործունէութիւնը։ Ձեռք դնել Արեւմտեան Ամէրիկայի շրջանին վրայ, կը նշանակէ ձեռք դնել բազմաթիւ միլիոն տոլարներու վրայ։ Արդ, Հայաստանի մէջ, արտախորհրդանական ընդիմութեան դիրքերուն անցնելէ ի վեր, ՀՅԴ-ն զրկուած է ֆինանսական աղբիւրներէ եւ լծակներէ, եւ չունի միջոցները իրականացնելու իր առջեւ դրած խնդիրները։ Հետեւաբար, նիւթական աղբիւրներու կարիքը, Երեւանեան կառոյցին կը մղէ, Բիւրօյի վրայ ճնշումներու միջոցաւ, ձեռք դնելու «Դաշնակցութեան Դրամատան» վրայ, պատրաստուելու համար գալիք արտահերթ խորհրդանական ընտրութիւններուն։ Հոս նաեւ ծայր կ՛առնէ պառակտման երկրորդ հոլովոյթը, որովհետեւ արտահերտ ընտրութիւններու հեռանկարով, համաձայնութիւն մը կը թուի առաջ գալ, որմով ՀՅԴ-ն կը միտի աջակցիլ Րոպէրթ Քոչարեանին։ Ան ուրեմն կը պատրաստուի լքել Վազգէն Մանուկեանին, միանալու համար նախկին նախագահին։ Առաջին անգամը չէ որ ՀՅԴ-ն լքած կ՛ըլլայ նախկին վարչապետին։ Արդէն իսկ 1998-ին, երբ Րոպէրթ Քոչարեանը նպաստեց Հրանդ Մարգարեանի եւ Վահան Յովաննէսեանի բանտէն արձակման, ՀՅԴ-ն, որ մինչ այդ ձեռք ձեռքի կը գործէր Վազգէն Մանուկեանի հետ (որը, առ ի յիշեցում, ՀՅԴ-ի թեկնածուն էր 1996-ի նախագահական ընտրութիւններուն), որոշեց մաս կազմել Քոչարեանի վարչակազմին, եւ Վահան Յովաննէսեանը դարձաւ նախագահի խորհրդական։ Այդ շրջանին, Վազգէն Մանուկեանը հորդորած էր Հրանդ Մարգարեանին եւ Վահան Յովաննէսեանին թոյլ չտալ որ ՀՅԴ-ն միանայ Քոչարեանի վարչակազմին, որովհետեւ հայկական պետութեան շահերուն համար կարեւոր կը նկատէր, որ ՀՅԴ-ն մնայ անկախ այլընտրանք, սակայն ի զուր։ «Փաստարան Հրանդը» եւ «Զիլովիքի Վահանը» միացան Քոչարեանին, առաջինը որպէս ղեկավար Դաշնակցութեան, զորս կը դատապարտէր լռութեան ի դէմս րէժիմի սայթաքումներուն, իսկ երկրորդը որպէս նախագահական վարչակազմի անդամ, եւ երկուսով ՀՅԴ Բիւրօյի գլխուն։ Այս երկու հոլովոյթներու շաղկապմամբ, պառակտումը հետզհետէ դարձաւ անխուսափելի։ Այսօր, Քոչարեան-ՀՅԴ համագործակցութեան պարագային՛ նախկին նախագահի գլխաւորած ցանկը կարող է անցնի 5%-ի շեմը եւ մտնէ խորհրդարան, անշուշտ եթէ արդարադատութիւնը չմիջամտէ արգիլելով անոր թեկնածութիւնը։ ՀՅԴ-ն կրնայ անշուշտ ըսել որ իր մորթը փրկեց եւ այս խաղէն իր օգուտը քաղեց, սակայն ան կը կորսնցնէ իր ինքնուրոյն քաղաքական դիրքորոշումը եւ կը ստիպուի դաշնակիցը ըլլալ Քոչարեանական պատգամաւորներուն։ Որոշ ընկերներու հարցադրման թէ նման դաշինք արդեօք չի՞ հակասեր վերջին ընդհանուր ժողովի այն որոշումին, ըստ որու, ՀՅԴ-ն հետ այսու երբէք պիտի չմասնակցի կառավարական դաշինքի մը փոքրամասնութեան դիրքերէ, կուսակցական գործավարները կրնան բացատրել, որ ընդիմութեան դաշինքի մէջ ըլլալը եւ կառավարական դաշինքի մէջ ըլլալը տարբեր բաներ են։ Նման արդարացում կրնայ բաւարարել ոմանց եւ անցնիլ կովկասեան լեռներէն անկողմ, սակայն տարբեր երկիրներու շրջանային ժողովներու բովին մէջ, ան հաւանաբար կորսնցնէ իր ուժը եւ նոյնիսկ դառնայ աղբիւր դժգոհութիւններու, զայրոյթի եւ պառակտման, Արեւմտեան Ամէրիկայի ՀՅԴ-ն վերածելով ըմբոստութեան ամրոցի, որուն հետզհետէ կը միանան այլ շրջաններ, որոնք դէմ են Քոչարեանի հետ դաշինքին։ Այսպիսով, Դաշնակցութիւնը կը բաժնուի Քոչարեանական եւ հակա-Քոչարեանական թեւերու։ Անտանելի հեռանկար։

Գանք մահուան։ Եթէ Բիւրօն, 2021-ի արտահերթ ընտրութիւններու հեռանկարով, կարողանայ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին պարտադրել անկախ դիրքորոշում (արգիլուած չէ տակաւին երազել), «Ոչ Քոչարեան, ոչ Սերժ, այլ Դաշնակցութիւնը առանձին» կարգախօսով, այդ պարագային մեծ է հաւանականութիւնը որ նման անկախ դիրքորոշումով, ՀՅԴ-ն իր մահկանացուն կնքէ Հայաստանի քաղաքական բեմէն ներս։ Որդեգրել նման անկախ ուղի կրնայ ըլլալ իր մեղքերը քաւելու առիթ, սակայն արդէն շատ ուշ է։ Րոպէրթի եւ Սերժի հետ գործակցութեան աւերները շատ մեծ են կարենալու համար այլընտրանք մարմնաւորել։ Որեւէ ետդարձ, նոյնիսկ երրորդ ուղի առաջադրելու փորձ («Ոչ Նիկոլը, ոչ ալ Րոպէրթ-Սերժ զոյգը») պիտի հնչեցնէ ՀՅԴ-ի վախճանը Հայաստանի մէջ։ Թերեւս այդ է լռելեան մաղթանքը Բիւրօյի կարգ մը անդամներուն, որոնք յոգնած Երեւանեան թեւի բեռը քրաշ տալէ, գոնէ այս ձեւով կը կարողանան դարձնել Հրանդ Մարգարեանի էջը։ Վստահաբար այդ չէ մաղթանքը Հրանդ Մարգարեանի, որ կը շարունակէ քաշել Դաշնակցութեան Հայաստանեան քաղաքականութեան թելերը եւ տակաւին ունի մեծ ազդեցութուն Բիւրօյի վրայ։ Նման երրորդ ուղիի հեռանկարի մը պարագային, տագնապը այս անգամ կրնայ ծագիլ Հրանդի խմբակէն ներս իսկ, մէկ կողմէ ինքն իր անկումով մտահոգ Հայաստանեան կառոյցի եւ միւս կողմէ տկարացած եւ երկփեղկուած Բիւրօյի միջեւ։ Այսպիսով վերջ կը դրուի ՀՅԴ-ի 31 ամեայ գոյութեան Հայաստանի մէջ եւ ՀՅԴ-ն կը «սփիւռքայնանայ», զրկուած իր Հայաստանեան թեւէն։ Աներեւակայելի։

Պառակտման եւ մահուան միջեւ կա՞յ արդեօք յոյսի նշոյլ։ Ամէն ինչ կախեալ է Երեւանի մէջ դէպքերու հոլովոյթէն, եւ քաղաքական վերնախաւի կարողութենէն, յաղթահարելու այն մեծագոյն ճգնաժամը, որ կը սպառնայ Հայաստանին, եթէ ոչ վերջին 30 տարիներու ողջ ընթացքին, այլ գոնէ 2020-ի ռազմական պարտութենէն ի վեր։ Միւս կողմէ, դուրս գալու համար այն ներքին տագնապէն որ կը հիւծէ կուսակցութիւնը եւ հոգիները, արդեօ՞ք ժամանակը չէ վերադառնալու Քրիստափոր Միքայելեանի հիմնական գաղափարներուն եւ ստեղծելու Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան 21-րդ դարու յարմարուած տարբերակ մը, որը կրնայ ծառայել իբրեւ ազատ հարթակ բոլոր անոնց համար որ կը ձգտին հայութեան եւ հայկական պետականութեան լաւին, ըլլալ ասպարէզ մը երկխօսութեան եւ հայրենիքի զարգացման նուիրուած գործունէութեան, եւ դառնալ վայր մը ազատութեան, ձեռբազատուած կաշկանդումներու եւ պատիժներու յոռի բարքերէն։ Միմիայն բանականութիւն, ողջախողութիւն, եւ ծառայութիւն պետականութեան շահերուն։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *