20 C
Yerevan

Մեր Վատնումի Քաղա­քա­կա­նութիւնը

Հայը փոխա­նակ իր մէջի թեհլի­րեա­նը առաջ մղէ, փոխա­նակ ճիշդին ու լաւին ետեւէն քալէ, տարի­ներ շարունակ իր ժամա­նա­կը վատնեց ծուլութիւն ընե­լով, չարութեամբ ու անհո­գութեամբ իրար վրայ լիմոն քամե­լով։

Խաժակ Այնթա­պեան

Այս կիրա­կի ախորժակս գիտէ՞ք ինչ կ’ուզէ‘

Ժամա­նակ։

Ի՞նչ պիտի ընեմ ժամա­նա­կը‘ պիտի վատնեմ։

ինչու՞ պիտի վատնեմ ‘ որովհե­տեւ հայ եմ։

Եթէ հայ չըլլա­յի , թերեւս ժամա­նա­կին յարգը կը գիտնա­յի։ Ժամա­նա­կը ոսկի է, ըսե­լով ոչ մէկ վայրկեան ի զուր տեղ կը վատնէի… կամ‘ ժամա­նա­կը ամե­նա­մեծ ուսուցիչն է, կ’ը­սէի եւ ահա­գին գիտե­լիքներ կը սորվէի, պատմութե­նէն դասեր կը քաղէի…

Բայց ես հայ եմ ու թէեւ հիմա վիրաւոր եմ, սակայն անհոգ նստած եմ ու ժամա­նա­կը թող իմ վէրքերս բուժէ, կը մտա­ծեմ…

Հայը ժամա­նա­կին արժէ­քը բնաւ չի գիտեր։ Ճիշդ է, որ ան շատ հին ազգ է, սակայն իր ժամա­նա­կին մեծ մասը միշտ ան ի զուր կը վատնէ … Եթէ ինծի չէք հաւա­տար հայոց պատմութեան էջե­րը բացէք ու ճիշդ հարիւր տարի ետ գացէք … Տեսէք թէ ինչպէս հարիւր տարի առաջ գրե­թէ այսօ­րուան պէս թալիաթ փաշան փախաւ Պերլին, Թեհլի­րեա­նը հասաւ ետին, զարկաւ ճակտին, փռեց գետին…

Այդ օրը կերտուե­ցաւ մեր պատմութեան փառա­պանծ էջե­րէն մէկը, կեցցէ Սողո­մոն Թեհլի­րեա­նը… Բայց յետո՞յ ինչ եղաւ.. յետոյ հարիւր տարի անցաւ եւ թուրքիոյ մէջ էրտո­ղան անունով նոր թալիաթ մը մէջտեղ եկաւ ու այնքան երես առաւ , որ իր նախնի­նե­րուն վրայ լիմոն քամեց ու անցաւ…

Ինչո՞ւ այդքան երես առաւ, որովհե­տեւ Թեհլի­րեա­նին ձգած սարսա­փը աւաղ, շատ շուտ սպա­ռե­ցաւ…

Ինչո՞ւ այդքան շուտ սպա­ռե­ցաւ, որովհե­տեւ հայը փոխա­նակ իր մէջի թեհլի­րեա­նը առաջ մղէ, փոխա­նակ ճիշդին ու լաւին ետեւէն քալէ, տարի­ներ շարունակ իր ժամա­նա­կը վատնեց ծուլութիւն ընե­լով, չարութեամբ ու անհո­գութեամբ իրար վրայ լիմոն քամե­լով.… Ու մինչեւ հիմա տակաւին կը շարունա­կէ նոյնը… Նոյն թափով հայը կը շարունա­կէ վատնել իր ժամա­նա­կը … Երա­նի միայն ժամա­նա­կը… Ժամա­նա­կին հետ կը վատնէ իր ազգին առողջութիւնը եւ ափսոս… Կը վատնէ նաեւ իր հայրե­նի­քը։

Առնչվող Հոդվածներ