ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Դաշնակցական Միտքը

Ի վերջոյ, մտքի եւ գործի հարստութիւններ են այդ շարժումները, քաղաքական եւ գաղափարական գիտակցութեան բարձունքներ են անոնք ու յատկապէս՝ գործ, միտք եւ Ռոստոմեան սլացք կու տան Դաշնակցութեան։

Ռազմիկ Շիրինեան

Ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը։ Ռոստոմն ալ դժուարացած է եւ չէ ուզած սահմանել Դաշնակցութիւնը։

Երբ Ս. Վրացեան հարց տուած է Ռոստոմին՝ «Բացատրիր մեզ, ի՞նչ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»։ Ռոստոմ, ժպտալէ ու ճակատը տրորելէ ետք պատասխանած է․ «Թէ Աստուած սիրէք, ինձ այդպիսի դժուար հարցեր մի տաք։ Ես ինչպէ՞ս բացատրեմ անբացատրելի մի բան։ Դաշնակցութիւնը կարելի չէ բացատրել։ Բացատրելու ամէն փորձ փոքրացնում է Դաշնակցութիւնը։ Դաշնակցութիւնը կարելի է եւ պէտք է զգալ միայն»։

Ռոստոմին համար լայն է Դաշնակցական միտքը, ուժականութիւն ունի եւ ամբողջութիւն մըն է գործի եւ մտքի իր շաղկապումին մէջ։ Կարելի չէ այսօր այդ միտքը կաղապարել քաղաքական վարքագիծի նեղ արահետի մը մէջ, կամ գաղափարական սահմանումի մը կարծր ու պիրկ շրջագիծի մէջ։

Ռոստոմին Դաշնակցական միտքը ուժական ներկայութիւն ունի այսօր։ Հոգեկան բարձունք մըն է, նիցչէական ըմբռնումով եւ այդ բարձունքին հարցերն ալ (կամ դժբախտութիւններն իսկ, ինչպէս Նիցչէն կ՛ըսէ) կը դադրին անլուծելի ըլլալէ։

Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ շարժումներ ունեցած ենք, օրինակ՝ Միհրանական շարժումը կամ Մարտկոցական շարժումը, ներառեալ Արեւմտեան շրջանի վերջին իրադարձութիւնները, եւ չենք ուզած ամբողջական պարունակի մը մէջ մեկնաբանութիւն տալ անոնց, այլ հապճեպ որակումով մը՝ անջատողական կոչած ենք զանոնք։ Ըստ իս, թերի պահած ենք մեր մեկնաբանութիւնները եւ չենք ուզած տեսնել այդ շարժումները Դաշնակցական մտածողութեան կամ Ռոստոմեան մտքի լայն տարածքին մէջ։

Ընդունինք, որ ուժական ներկայութիւն եղած են այդ շարժումները Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ մտածողութեան տարածքին մէջ։ Ոչ մէկ ներքին շարժում Դաշնակցութիւնը քանդելու փորձ ըրած է։ Ընդհակառակը, անոնք զարգացումներ են մեր լայն տարածքին մէջ, ընդարձակ կը բանան գործունէութեան մեր դաշտը, կ՛ընդլայնեն քաղաքական եւ գաղափարական, ինչպէս նաեւ կազմակերպական նկարագրի մեր տրամաբանութիւնը, եւ ուժական միտք կու տան ուղղահայեաց (կամ կանոնագրային) եւ հորիզոնական (համահայկական) մեր գործունէութեան։

Եթէ ըմբռնենք այս իրականութիւնը եւ ընդունինք Դաշնակցութեան քաղաքական եւ գաղափարական մտքի ամբողջական հասկացողութիւնը, ապա ճիշդ պիտի չ՛ըլլայ որեւէ շարժում որակել անջատողական։ Մեր մտածողութեան քաղաքական-գաղափարական հասկացողութեան լայն տարածքին մէջ կը ներառուին ու ի վերջոյ կը հիւծուին աջէն թէ ձախէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն եկած՝ այսպէս ըսուած «անջատողական» շարժումները։ Վերջին հաշուով, հոգեկան բարձունքներու կողքին կան նաեւ Դաշնակցական բարձունքներ, ուրկէ որեւէ շարժում կը դադրի անջատողական ըլլալէ։

Դաշնակցութեան բարձունքները դիւրութեամբ չեն քանդուիր ներքին շարժումներով, այլ աւելի կը զօրանան ու կը զարգանան որովհետեւ շարժումները Ռոստոմեան մտածողութեան խարիսխ ունին։ Դաշնակցութիւնը ամուր կանգնած է այդ խարիսխին վրայ եւ դիւրութեամբ կրնայ ընդգրկել այդ շարժումները, եթէ ներքին ղեկավարման առողջ եւ լայն ողջմտութիւնը ունինք։

Ի վերջոյ, մտքի եւ գործի հարստութիւններ են այդ շարժումները, քաղաքական եւ գաղափարական գիտակցութեան բարձունքներ են անոնք ու յատկապէս՝ գործ, միտք եւ Ռոստոմեան սլացք կու տան Դաշնակցութեան։

Asbarez.com

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *