Քրիստափոր մարմնաւորեց անսակարկ անձնուիրումը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին։
Նազարէթ Պէրպէրեան
Հայ ազգային գիտակցութեան մէջ կարմիր արեամբ յաւերժացած պահ է 1905 թուականի այս օրը՝ 17 Մարտը, երբ Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական վարիչը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան եւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեան զոհուեցան, Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկման ընթացքին։
Վիտոշի Խորհուրդը ինչպէս իր օրին եւ այնուհետեւ ամբողջ տասնամեակներ, նոյնպէս եւ այսօր կը շարունակէ լուսաւորել ու առաջնորդել ուղին ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին, այլեւ՝ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-քաղաքական վերածնունդին եւ դէպի նոր հորիզոններ յանդուգն թռիչքին։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ Մեծ Մարդասպանը ահաբեկելու իր քաղաքական յանդգնութեամբ, ահաբեկման կազմակերպումը անձամբ ղեկավարելու իր յեղափոխական կամքով եւ, մանաւա՛նդ, յանուն Սուրբ Գործին գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի օրինակով՝ Քրիստափոր հայոց սերունդներուն կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար ուղի լուսաւորող Գաղափարի Լոյսը։
Այո՛, Գերագոյն Յանդգնութեան ու Անձնուիրումի խորհուրդը շնչաւորող օրն է 1905 թուականի 17 Մարտը, որ հայոց սերունդներու յիշողութեան եւ գիտակցութեան մէջ միշտ վառ կը պահէ Քրիստափորի պատգամը.
– «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները. ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։ Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռողականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»։
– «… Եթէ իրաւունքը իր պաշտպանութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթանակի համար նեցուկ պիտի ունենայ ոյժը։ Ոյժն է՝ որ կառավարում է աշխարհս, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր ուզածները՝ երբ ո՛յժ կ՚ունենանք»։
Ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց անսակարկ անձնուիրումը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին։
Գերագոյն զոհաբերութեան իր անմահ օրինակով եկաւ հայոց սերունդներուն սորվեցնելու, որ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ աներեր է ի հարկին անհաւասար ուժերով կռուի դաշտ նետուելու կամքը՝ յեղափոխականը ի վիճակի է վերահաստատելու Դաւիթի եւ Գողիաթի առասպելին օրինաչափութիւնը, հայրենի մեր հողը բռնագրաւած ու հայու արեամբ ներկած բռնակալ մեծ կայսրութեան գերագոյն խորհրդանիշ «Մարդասպան Սուլթան»ն իսկ ահաբեկելու իր անկասելի յանդգնութեամբ։