20 C
Yerevan

Հայաստա­նը Մետաքսի Նոր Ճամբուն Հետքե­րով

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Չինաստան այսօր դարձած է աշխարհի գլխաւոր տնտե­սութիւննե­րէն մէկը, եթէ ոչ՝ մեծա­գոյնը, մանաւանդ եթէ նկա­տի առնենք անոր արտա­ծումնե­րու ծաւա­լը՝ շուրջ $2.5 թրի­լիոն տոլա­րով (2019‑ի գնա­հա­տումով): Չինաստան կը նկա­տուի առեւտրա­կան մեծա­գոյն գործընկե­րը շուրջ 130 երկիրնե­րու. Հայաստան իր ներա­ծումնե­րուն մեծ մասը կը կատա­րէ Չինաստա­նէն $672 միլիոն տոլա­րով (2020‑ի տուեալ)՝ Ռուսիա­յէն ետք, 1,47 միլիառ տոլար:Միացեալ Ազգե­րու Կազմա­կերպութեան (ՄԱԿ) Առեւտուրի եւ Բարգաւաճման Յանձնա­ժո­ղո­վին (UNCTAD) համա­ձայն, 2016-ին, Չինաստա­նի արտա­քին ուղղա­կի ներդրումնե­րը (FDI) աճած են 44%-ով՝ հասնե­լով 183 միլիառ ամե­րի­կեան տոլա­րի:

Իբրեւ տնտե­սա­կան գերպե­տութիւն, Չինաստան 2013-ին նախա­ձեռնած է «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանա­պարհ» (OBOR-One Belt, One Road) ծրա­գի­րը, որ կը հետապնդէ Եւրո­պան, Ասիան եւ Ափրի­կէն իրա­րու կապող ենթա­կա­ռոյցնե­րու ստեղծումը: Մինչեւ հիմա, այդ նախա­ձեռնութիւնը ներգրաւած է աւե­լի քան 100 երկիր: Չինա­կան արտա­քին ներդրումնե­րու մեծ մասը յատկա­ցուած է այդ նպա­տա­կին, եւ ցարդ ենթա­կա­ռոյցնե­րու ստեղծման Չինաստա­նի յանձնա­րա­րութիւննե­րը կը գնա­հա­տուին 300–500 միլիառ տոլար:

«Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանա­պարհ» մետաքսի նոր ճամբուն (ճամբա­նե­րուն) ծրա­գի­րը հիմնա­կա­նօ­րէն կ’ընդգրկէ երկու բաժին՝ երկու ուղղութիւննե­րով. ծովա­յին եւ ցամա­քա­յին: Մեզ հետաքրքրող բաժի­նը բնա­կա­նօ­րէն ցամա­քա­յին ճամբա­նե­րու ուղղութիւնն է, որովհե­տեւ Հայաստան ծով չունի եւ մետաքսի ցամա­քա­յին պատմա­կան ճամբան անկէ կ’անցնէր:

Նկա­տի առնուած ուղղութիւններն են՝

1) «Եւրա­սիա­կան Ցամա­քա­յին Նոր Կամուրջ»ը կը բաղկա­նայ շարք մը երկա­թուղա­գի­ծե­րէ, որոնք կ’անցնին կեդրո­նա­կան Չինաստա­նէն (Ուհան, Չոնկքինկ եւ Չենկտու) եւ կ’ուղղուին դէպի Եւրո­պա՝ անցնե­լով Ղազախստա­նէն, Ռուսիայն եւ Պելո­ռուսիա­յէն:

2)Չինաստան – Մոնկո­լիա – Ռուսիա միջանցքը կ’օգտագործէ անդրսի­պե­րիա­կան երկա­թուղա­գի­ծը:

3)Չինաստան – Կեդրո­նա­կան Ասիա – Արեւմտեան Ասիա միջանցքը կը նմա­նի հին Մետաքսի ճամբուն, որ կ’անցնի Կեդրո­նա­կան Ասիոյ, Իրա­նի, հարաւա­յին Կովկա­սի եւ Թուրքիոյ վրա­յով՝ դէպի Եւրո­պա (այս ճամբան է, որ կ’առնչուի Հայաստա­նի):

4)Չինաստան-Փաքիստան միջանցքըկ’ընդգրկէ մայրուղիի եւ երկա­թուղա­յին կապե­րու կառուցումը Չինաստա­նէն մինչեւ Փաքիստա­նի Կուա­տար նաւա­հանգիստը՝ 4 հազար 148 քլմ. երկա­րութեամբ:

Ծանօթ է, որ Մետաքսի հին ճամբան կ’անցնէր նաեւ Հայաստա­նէն, աւե­լի ճիշդ՝ Արտա­շատ քաղա­քէն եւ անկէ կ’ուղղուէր դէպի Սեւ ծովու նաւա­հանգիստներ: 5‑րդ դարուն, մայրա­քա­ղաք Դուի­նը կը փոխա­րի­նէր Արտա­շա­տը:

Այս՝ անցեա­լին:

Վերա­դառնա­լով ներկայ իրադրութեան, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան մեծա­պէս շահագրգռուած են միջազգա­յին ներդրումնե­րով՝ իրենց տնտե­սա­կան բարգաւա­ճումը խթա­նե­լու համար: Այս շրջա­գի­ծին մէջ, Չինաստա­նի «Մէկ գօտի, Մէկ Ճանա­պարհ»՝ մետաքսի նոր ճամբայ նախա­ձեռնութիւնը կը նկա­տուի կարեւոր եւ երեք պետութիւններն ալ միջոցներ կը փնտռեն ընդգրկուե­լու անոր մէջ:

Երկու ծրա­գիրներ կան, որոնք կ’անցնին Հարաւա­յին Կովկա­սէն եւ ունին ներուժը ընդգրկուե­լու «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանա­պարհ» նախա­ձեռնութեան մէջ: Անոնցմէ մէկը Անդրկասպեան Միջազգա­յին Փոխադրութեան ճամբան է, որ կը սկսի Չինաստա­նէն, կ’անցնի Ղազախստա­նէն, Կասպից ծովէն, Ատրպէյճա­նէն, Վրաստա­նէն եւ այնուհե­տեւ կ’ուղղուի դէպի Եւրո­պա՝ կա՛մ Վրաստա­նի Սեւծո­վեան նաւա­հանգիստնե­րէն կամ ալ Թուրքիոյ տարածքով՝ օգտա­գործե­լով Պաքու- Թիֆլիս – Կարս երկա­թուղա­գի­ծը: Այս տարբե­րա­կը առիթ կ’ընծայէ Չինաստա­նի ապրանքներ փոխադրե­լու դէպի Եւրո­պա՝ շրջանցե­լով Ռուսիան: Ղազախստա­նի Աքթաու նաւա­հանգիստը, Պաքուի նաւա­հանգիստը եւ Վրաստա­նի Պաթումի նաւա­հանգիստը կը նկա­տուին հիմնա­կան հանգոյցնե­րը այս ծրագրին: 2017‑ի վերջաւո­րութեան Վրաստան կը սկսի կառուցել Անգլիոյ խորջրեայ նաւա­հանգիստը, որ կը բազմա­պատկէ այս ճամբուն տարանցումի ներուժը: Մայիս 2017-ին, Վրաստան եւ Չինաստան կը ստո­րագրեն ազատ առեւտուրի համա­ձայնա­գիր մը՝ երկկողմա­նի առեւտուրին եւ ապրանքնե­րու տարանցումին զարկ տալու նպա­տա­կով:

Տակաւին, Ատրպէյճան եւ Վրաստան անդամ են Չինաստա­նի գլխաւո­րուած Ենթա­կա­ռոյցնե­րու Ասիա­կան Ներդրումա­յին Դրա­մա­տան (Asian Infrastructure Investment Bank (ABIA)), որ 600 միլիոն ամե­րի­կեան տոլա­րի վարկ տրա­մադրած է Ատրպէյճա­նի՝ դէպի Թուրքիա գացող TANAP կազա­տա­րին կառուցման համար եւ 114 միլիոն տոլա­րի վարկ Վրաստա­նի՝ Պաթումիի նաւա­հանգիստը շրջանցող ճամբու կառուցման համար: 2017-ին, Հայաստա­նի անդա­մակցութիւնը նաեւ կ’ընդունուէր նոյն դրա­մա­տան (ABIA), սակայն թեկնա­ծուի հանգա­մանքով՝ մինչեւ դրա­մա­տան կողմէ դրուած կարգ մը նախա­պայմաննե­րու ամբողջա­ցումը:

Երկրորդ ծրա­գի­րը կը վերա­բե­րի Պարսից ծոց – Սեւ ծով բազմաբնոյթ փոխադրութեան միջանցքին, որ կը նախա­տե­սէ Իրա­նը կապել Եւրո­պա­յին՝ Հայաստա­նի եւ Վրաստա­նի վրա­յով: Այս ծրագրին հիմնա­կան հարցե­րէն մէկն է Իրա­նը, Հայաստա­նը եւ Վրաստա­նը իրա­րու կապող փոխադրա­մի­ջոցնե­րու արդիա­կա­նա­ցումը:

Հայաստա­նի Քաղա­քա­կան Գիտութիւննե­րու Ընկե­րակցութեան գործա­դիր տնօ­րէն դոկտ. Բենիա­մին Պողո­սեա­նի համա­ձայն, հաշուի առնե­լով Իրա­նի նշա­նա­կա­լի դերը «Մէկ գօտի, մէկ ճանա­պարհ» նախա­ձեռնութեան մէջ, Հայաստան իր կարգին ձեւեր կը փնտռէ «Պարսից ծոց – Սեւ ծով» միջանցքը Հայաստա­նի վրա­յով կապե­լու Վրաստա­նին՝ նկա­տի առնե­լով միջանցքինտնտե­սա­կան մեծ բարիքնե­րը:

Տեղին է նշել, որ Չինաստան առա­ջին երկիրնե­րէն մէկն էր, որ ճանչցաւ Հայաստա­նի անկա­խութիւնը Դեկտեմբեր 1991-ին՝ հաստա­տե­լով դիւա­նա­գի­տա­կան յարա­բե­րութիւններ, որոնք վերջին տարի­նե­րուն բարե­լաւուած են մեծ չափով՝ նաեւ տնտե­սա­կան, մշա­կութա­յին եւ կրթա­կան մակարդակնե­րու վրայ:

2015-ին, Հայաստա­նի եւ Չինաստա­նի նախա­գահնե­րը կը ստո­րագրէին յուշա­գիր մը, որ բազմա­թիւ մարզե­րու կողքին, նաեւ կ’ընդգրկէր Մետաքսի նոր ճամբու ծրագրին վերա­բե­րեալ համա­գործակցութեան կէտեր: Բայց իրո­ղութիւն է, որ Հայաստա­նի դրա­ցի­նե­րը՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան շատ աւե­լի ներգրաւուած են «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանա­պարհ» ծրագրին մէջ քան Հայաստա­նը:

Վեր առնե­լով Հայաստա­նի դրա­ցի­նե­րուն հետ Չինաստա­նի համա­գործակցութեան չափը, պարզ կը դառնայ, թէ Չինաստան որքա՛ն կը ծախսէ «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանա­պարհ» ծրա­գի­րը ընդգրկող երկիրնե­րուն մէջ, եւ որքան փոքր է Հայաստա­նի դերը՝ հակա­ռակ յարա­բե­րութիւննե­րու սերտացման: Վրաստան եւ Չինաստան 2018-ին ստո­րագրած են ազատ առեւտուրի համա­ձայնա­գիր մը, եւ Չինաստան ձեռք ձգած է Փոթիի նաւա­հանգիստին Տնտե­սա­կան Ազատ Գօտիի բաժնե­տոմսե­րուն 75% (Փոթին կը նկա­տուի Վրաստա­նի մեծա­գոյն նաւա­հանգիստը): 2019-ին, Չինաստան եւ Ատրպէյճան կնքած են 800 միլիոն ամե­րի­կեան տոլա­րի տնտե­սա­կան համա­ձայնա­գիր մը, եւ Չինաստան մեծ ներդրումներ կատա­րած է Պաքուի՝ Ալա­թի միջազգա­յին ծովա­յին առեւտուրի նաւա­հանգիստին մէջ:

Շատ հաւա­նա­բար, Հայա­սատնի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին ամբողջա­ցումը կրնայ խթա­նել Հայաստա­նի յաւե­լեալ նեռա­րումը Մետաքսի նոր ճամբու ծրագրին մէջ: 556 քլմ. երկա­րութեամբ, $2 միլիառ արժո­ղութեամբ եւ Հայաստա­նի համար ռազմա­վա­րա­կան մեծ նշա­նա­կութիւն ունե­ցող եւ 2012-ին սկսած այս ծրա­գի­րը, որ Իրա­նը պիտի կապէ Վրաստա­նի՝ Մեղրիէն Պաւրա (Վրաստան) եւ Վրաստա­նի նաւա­հանգիստներ երկա­րող միջանցքով, պէտք էր աւարտէր 2019-ին, բայց ըստ նախա­տե­սութիւննե­րու, անոր կառուցման աւարտին համար նախա­տե­սուած ժամկէ­տը երկա­րաձգուած է 7–10 տարիով՝ գլխաւո­րա­բար փտա­ծութեան (կոռուպցիա­յի) եւ անկա­նոն ձեւա­կերպուած գործարքնե­րու պատճա­ռով:

Իբրեւ եզրա­կա­ցութիւն, կը մէջբե­րենք նոր մետաքսի ճամբուն հետ Հայաստա­նի առնչութեան մասին հատուածներ Համաշխարհա­յին Դրա­մա­տան (World Bank)‘ «Հարաւա­յին Կովկա­սը եւ Կեդրո­նա­կան Ասիան‘ «Գօտի եւ Ճանա­պարհ նախա­ձեռնութիւնը՝ Հայաստա­նի պարա­գան» ուսումնա­սի­րութե­նէն (bit.ly/3bHhWvs). «Հակա­ռակ այն իրո­ղութեան, որ «Գօտի եւ Ճանա­պարհ նախա­ձեռնութեան» (Belt and Road Initiative) պատկա­նող որեւէ միջանցք չ’անցնիր Հայաստա­նէն, երկի­րը դեռ կրնայ օգտուիլ անկէ եւ այդ օգուտնե­րը խթա­նել, եթէ ենթա­կա­ռոյցնե­րու բարե­լաւման զուգա­հեռ իրա­կա­նա­ցուին ժամա­նա­կա­կից բարեկարգումներ:…..«Բարելաւուած ենթա­կա­ռոյցնե­րու օգուտնե­րը քաղե­լու համար անհրա­ժեշտ են տարա­ծաշրջա­նա­յին աւե­լի ամուր համա­գործակցութեան պայմաններ: Համա­գործակցութեան նպա­տա­կով կատա­րուած նախա­ձեռնութիւննե­րու զգա­լի պակաս մը գոյութիւն ունի Հարաւա­յին Կովկա­սի եւ Կեդրո­նա­կան Ասիոյ մէջ, ինչպէս՝ առեւտուրի եւ փոխադրա­մի­ջոցնե­րու հարցեր եւ վէճե­րու լուծման արդիւնաւէտ մեքա­նիզմնե­րու բացա­կա­յութիւն»:

Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ