16.9 C
Yerevan

Ղեկա­վա­րութիւնը Ինքնանպա­տակ Չի Կրնար Ըլլալ

ժողո­վուրդին ծառա­յե­լու կոչումով հրա­պա­րակ ելած ղեկա­վա­րը ուղղա­կիօ­րէն ենթա­կայ է ժողո­վուրդի դատո­ղութեան: Անոր իւրա­քանչիւր խօսքը եւ գործը կը դառնան ժողո­վուրդի սեփա­կա­նութիւնը:

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Ղեկա­վա­րութիւնը ինքնանպա­տակ չէ, ոչ ալ փոքրա­թիւ անձե­րու մենաշնորհը: Անի­կա կոչուած է ծաոա­յե­լու ժողո­վուրդին, ըլլա­լու անոր հետ եւ անոր համար։ Ղեկա­վա­րը պէտք է հանդի­սա­նայ ժողո­վուրդի իտէալնե­րուն, ցաւե­րուն եւ յոյսե­րուն հարա­զատ արտա­յայտի­չը, մարմնաւո­րո­ղը, համադրո­ղը եւ ըստայնմ գործո­ղը:

Պատմա­կան փորձը ցոյց կու տայ, որ խօսքը առանց գործի ունայնութիւն է, իսկ գործը՝ աոանց ժողովրդա­յին հեռանկարնե­րու հետապնդումին, ուշ կամ կանուխ դատա­պարտուած է ձախո­ղութհան, եւ մանաւանդ՝ ժողո­վուրդին հետ յարա­բե­րութեանց խզումին։ Ժողո­վուրդի մը պարտադրուած ազգա­յին թէ ընկե­րա­յին ոչ մէկ կարգ ու սարք կրնայ մնա­յուն ըլլալ եւ յառաջդի­մել, եթէ չի համա­պա­տասխա­ներ այդ ժողո­վուրդի մարդկա­յին արժէքնե­րուն:

Հանրա­յին կարծի­քը, մանաւանդ ընկե­րա­յին լրա­տուա­ցանցե­րու տարածման այս օրե­րուն, ազդու զէնք մըն է դասաւո­րե­լու համար ժողո­վուրդ-ղեկա­վա­րութիւն յարա­բե­րութիւնը: ժողո­վուրդին ծառա­յե­լու կոչումով հրա­պա­րակ ելած ղեկա­վա­րը ուղղա­կիօ­րէն ենթա­կայ է ժողո­վուրդի դատո­ղութեան: Անոր իւրա­քանչիւր խօսքը եւ գործը կը դառնան ժողո­վուրդի սեփա­կա­նութիւնը:

Երբ խօսքը եւ գործը կը լրացնեն զիրար, ժողո­վուրդը կը կառչի անոր, իսկ երբ խօսքին, գաղա­փարնե­րուն եւ անոնց գործնա­կա­նա­ցումին միջեւ տարբե­րութիւն ու մանաւանդ հակա­սութիւն գոյութիւն ունի, ժողո­վուրդը կը հեռա­նայ իր ղեկա­վա­րութե­նէն եւ խզում կը յառա­ջա­նայ: Իսկ երբ գործը եւ խօսքը հակա­ռակ ուղղութիւննե­րով կ’ընթանան՝ խզումը կը յանգի հակադրութեան՝ առաջնորդե­լով ժողովրդա­յին ըմբոստութեան:

Յեղա­փո­խութիւննե­րը եւ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւննե­րը տարա­ծում կը գտնեն, երբ խարսխուած են ժողովրդա­յին լայն ենթա­հո­ղի վրայ, երբ անոնք ժողո­վուրդի սեփա­կա­նութիւնն են։ Իսկ անոնք ժողո­վուրդի սեփա­կա­նութիւնը կը դաո­նան, երբ խօսքի սահմա­նէն անցնե­լով, ղեկա­վա­րութեան առօ­րեայ ընթացքով միս ու ոսկոր կը ստա­նան եւ առօ­րեայ ներկա­յութիւն կը դառնան ժողո­վուրդի իրա­կա­նութեան մէջ:

Ղեկա­վա­րութիւնը անհրա­ժեշտ է ժողովրդա­յին տեսլա­կաններ հետապնդե­լու համար, բայց ոչ այն ղեկա­վա­րութիւնը, որ ինքնանպա­տակ դարձնե­լով իշխա­նութիւնը, կը հետապնդէ եսա­կեդրոն նպա­տակներ: Այլ՝ բարո­յա­կա­նի տէր, մտաւո­րա­կան պաշա­րով ժողո­վուրդի ծոցէն ծնած յեղա­փո­խա­կան ղեկա­վա­րութիւնը, որ գիտէ խօսքը մարմնաւո­րել իր գործով ու բարո­յա­կա­նով, եւ կենդա­նի ներկա­յութիւն դառնալ ժողո­վուրդի խաւե­րուն մօտ։

Այն՝ որ գիտէ քանդել արուեստա­կան բոլոր պատնէշնե­րը, որոնք ժողո­վուրդը կր հեռացնեն իր ղեկա­վա­րութե­նէն, որ գիտէ լսել ժողո­վուրդի պահանջներր եւ լսե­լով՝ զանոնք իրա­գործե­լու յանձնա­ռութիւնը կենդա­նի օրի­նա­կի վերա­ծել իր ամէ­նօ­րեայ նիստ ու կացով, կեցուածքներո՛վ:

Առնչվող Հոդվածներ