ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ժամանակի Ուժը եւ Արդար Պայքարը

Սիրելի ընկերներ, ուր ալ որ կաք, ինչպիսի հզօրութիւննհրու եւ անարդարութիւններու դէմ, կամ յանուն ինչ ճշմարտութիւններու համար ալ որ կը պայքարիք, վստահ եղէ’ք որ արդարութիւնը կրնայ ուշանալ, կրնայ զանազան հնարքներով ժամանակաւորապէս ծածկուիլ ու ձգձգուիլ, բայց ան ընընդմիշտ չի’ բացակայիր։ Անշուշտ, եթէ կայ անոր համար մղուող պայքար։

Վիգէն Յովսէփեան

Վերջին հաշուով, մարդկային կեանքի մէջ ամենէն հզօր բանը ժամանակն է։ Ան է որ պատմութիւն կը կերտէ, ամենէ անյաղթահարելի դժուարութիւններն անգամ կը թուլացնէ։ Եթէ՝ կայ պայքար։

Ժամանակն է որ ուժին եւ վերջնական թուացող ամէն բանի դէմ յոյսի եւ արդարութեան առիթներ կ՚ընծայէ, եւ ամենահզօրին թելադրանքները կը մաշեցնէ։ Ան է որ նուազ հզօրին առջեւ դռներ կը բանայ, այսօրուան տկարին զէնքեր կու տայ, ու այս վերջինին յաջողութեան համար կարելիութիւններ կ՚ընծայէ՝ եթէ հոն կայ պայքար եւ հետեւողական պայքարող։

Ժամանակն է, որ կեանքի դերակատարներու խիղճերը օրին կ՚արթնցնէ եւ անոնց վրայ իր պարտադրանքները կը դնէ: Ժամանակն է որ այսօրուան անյոյս թուացածը վաղուան յուսալիին կը վերածէ, ու նաեւ լաւ դասաւորուած սուտերու վրայ լոյս եւ ճշմարտութիւն կը սփռէ: Ժամանակը ինքն է որ պարտադրուած իրականութիւններուն դէմ կարելութիւններ կը ստեղծէ, եւ չարը իրականացնողին դէմ պայքարելու առիթներ կը շնորհէ: Ան է որ հզօր կաղապարներու պարտադրանքը կը փշռէ, ու ճշմարտութիւններու համար ուղի կը հարթէ։ Եթէ կայ անթուլ պայքար։

Պատմութիւնը ժամանակի արձանագրութիւնն է, ան կը կերտուի ու կը վերակերտուի շարունակաբար, միշտ, եւ բոլոր ուշացումներէ անդին ու բռնութիւններէ անկախ, յաճախ հզօրին թելադրանքներով՝ բայց նաեւ անոր որոշիչ ձախողութիւններով, եւ օր մըն ալ անոր պարտութեամբ…եթէ կայ անոր դէմ կենդանի պայքար։ Եւ այսպէս, ժամանակի ընթացքին է որ բոլոր անարդարութիւնները իրենց դէմ համապատասխան ցասումներուն ու դիմադրութեան կը հանդիպին, մինչ ամենամեծ սուտերն ու ոճիրները պայքարով կը լուսաբանուին՝ իրենց ճանաչումն ու արժանի պատասխանը պայքարի ճամբով ստանալով:

Հետեւաբար, ուր ալ որ կաք, ինչպիսի հզօրութիւններու եւ անարդարութիւններու դէմ, կամ յանուն ինչ ճշմարտութիւններու համար ալ որ կը պայքարիք սիրելի ընկերներ, վստահ եղէք որ արդարութիւնը կրնայ ուշանալ, կրնայ զանազան հնարքներով ժամանակաւորապէս ծածկուիլ ու ձգձգուիլ, բայց ան ընդմիշտ չի բացակայիր: Անշուշտ, եթէ կայ անոր համար մղուող պայքար:

Այս փիլիսոփայութիւն չէ, ոչ ալ քարոզ՝ այլ մարդկային պատմութեան թելադրանքը, որուն առջեւ ամենահզօրներն անգամ խեղճացած են ու ծունկի եկած, ամենահզօր կայսրութիւններն անգամ փուլ եկած են:Եթէ արդար եւ կենդանի է պայքարը, վստահ եղէք որ ժամանակը միշտ անոր զօրակից ընկերն է։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *