24.7 C
Yerevan

Այս Որքան Սուտ եւ Զրպա­տութիւն, Այս Որքան Մաղձ եւ Ատե­լութիւն

Դաշնակցութիւնը ներուժն ու կարո­ղա­կա­նութիւնը ունի հայաստա­նեան եւ հայկա­կան միջա­վայրի մէջ աւե­լի յարգուած եւ հեղի­նա­կաւոր ներկա­յութիւն ըլլա­լու։ Բան մը՝ որ Քոչարեաններու,Սերժերու, Նիկոլնե­րու, Ծառուկեաննե­րու պոչը ըլլա­լով կարե­լի չէ յաջողցնել։

Նազաէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան ՑԱՒով տառա­պող բոլոր ընթերցողնե­րուս, որոնք երկու օրէ ի վեր խորա­պէս վիրաւո­րուած են ու չեն կրնար հաշտուիլ այն ԴԱՌՆ իրո­ղութեան հետ, որ Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՈՅԻ անունով քաղա­քա­կան հրա­պա­րակ իջած են մարդիկ եւ ամէն տեսակ սուտ ու զրպարտութիւն, այլեւ մաղձ ու ատե­լութիւն աջ ու ահեակ կը թափեն նոյնինքն Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան ամէ­նէն աշխոյժ, նուի­րեալ, հաւա­տաւոր եւ կարգա­պահ շրջաննե­րէն Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպութեան դէմ՝ ամէն արժէք ու սրբութիւն ոտնա­կո­խե­լու եւ վարկազրկե­լու զզուե­լի մոլուցքով։

Մարտ 25ին «Հրա­պա­րակ» թերթը լոյս ընծա­յեց Կորիւն Սիմո­նեա­նի ստո­րագրութեամբ եւ «ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԵՑ ԿՈՒՌ ՀՅԴ‑Ն ԷԼ ՊԱՌԱԿՏԵԼ» խորագրով հրա­պա­րա­կում մը, որ «ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆ» Արսէն Համբարձումեա­նի հետ հարցազրոյց մը հրա­պա­րա­կե­լու շարժա­ռի­թով՝ խայտա­ռակ քաշքշուքի եւ գռեհկա­գոյն ցեխարձա­կումի նշաւակ կը դարձնէ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կենսա­գործած գաղա­փա­րա­կան Սրբութիւն Սրբո­ցը։

Ահա՛ յղումի հասցէն․- hraparak.am

Բարի լոյս՝ շարքե­րուն մէջ գտնուող կամ շարքե­րէն դուրս յայտնուած բոլոր դաշնակցա­կաննե­րուն, որոնք Շուշա­նեա­նի օրի­նա­կով — անդա­մա­տետր ունե­նան կամ ոչ — արթուն պահակներն են Հ․Յ․Դ․ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՏԱՃԱՐին անեղծ պահպանման՝ ընդդէմ ոչ միայն հայ ժողո­վուրդի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՈՂՆԱՇԱՐը ջարդել փորձող թշնա­մի ուժե­րու, այլեւ նոյնինքն ԲԵՐԴԸ ՆԵՐՍԷՆ ԳՐԱՒԵԼՈՎ Հ․Յ․Դ․ն վարկա­բե­կե­լու գձուձ ծառա­յութեան լծուած գաղա­փա­րի մակա­բոյծնե­րուն․․․

* * *

«Հրա­պա­րակ» թերթի Մարտ 25ի խնդրոյ առարկայ հրա­պա­րա­կումը բացա­յայտօ­րէն կը ծառա­յէ — իր հարցազրոյցի «բիւրո­յա­կան» հիւրին եւ անոր ետին կանգնած պատուի­րա­տունե­րուն ստա­յօդ վերագրումնե­րը հրա­պա­րա­կե­լով — անտե­ղեակ ընթերցողնե­րը մոլո­րեցնե­լու վարձկան քարոզչութեան՝ կրկնե­լով արդէն հրա­պա­րա­կուած սուտեր ու զրպարտութիւններ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նի Կ․ Կոմի­տէի հասցէին․-

«ԱՄՆ Արեւմտեան շրջա­նի կառոյցում երկար տարի­ներ կուսակցա­կան պատասխա­նա­տու պաշտօններ վարած մի խումբ, հիմնա­կա­նում փառա­տենչութիւնով տարուած, իրենց մի շարք համա­խոհնե­րով ու որոշ այլ մոլո­րեալնե­րով, ՀՅԴ կազմա­կերպա­կան կանոննե­րի թիւր ու կամա­յա­կան մեկնա­բա­նութիւննե­րով խախտել են իրենց դաշնակցա­կա­նի երդումը․․․ «Այս խումբն ունե­ցել է խիստ հակա­կարգա­պա­հա­կան ընթացք. ի շարս այլ հակա­կա­նո­նագրա­յին քայլե­րի՝ «գումա­րել» է ապօ­րի­նի «ժողով» եւ «ընտրել» ապօ­րի­նի «մարմին», որ ապօ­րի­նի կերպով հանդէս է գալիս «ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կենտրո­նա­կան Կոմի­տէ» անունով, կուսակցութեան պաշտօ­նա­թերթ «Ասպարէզ»-ը իր վերահսկո­ղութեան տակ է պահում, զաւթել է կուսակցա­պատկան անշարժ ու շարժա­կան գոյքեր ու դրա­մատնա­յին հաշիւնե­րը»․․․

Բարի լոյս՝ այս աստի­ճան սուտով ու զրպարտութեամբ, այլեւ մաղձով ու ատե­լութեամբ թունաւոր «բիւրո­յա­կան» քարո­զարշաւին ի հեճուկս՝ իր կուսակցա­կան կոչումին հաւա­տարմօ­րէն փարած Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նի ընտրեալ օրի­նաւոր մարմնին, այլեւ նոյնինքն ամբողջ օրի­նա­պահ Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէութեան, որ փոխա­նակ ներքա­շուե­լու «բիւրո­յա­կաննե­րու» հրա­պա­րակ նետած քարոզչա­կան տիղմին մէջ, Հ․Յ․Դ․ բոլոր շրջաննե­րուն եւ շարքե­րուն ուղղուած ներքին կարգով եւ ընկե­րա­կան շրջա­բե­րա­կաննե­րով կէտ առ կէտ կը հերքէ այդ բոլոր անհիմն ամբաստա­նութիւննե­րը եւ կը հաստա­տագրէ ճշմարտութիւնը՝ միշտ յարգե­լով ԸՆԿԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐը։

* * *

«Հրա­պա­րակ» թերթի եւ անոր աշխա­տա­կի­ցին կողմէ բամբա­սանքի ու ցեխարձակման հրա­պա­րակ հանուած Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի անդամ Արսէն Համբարձումեա­նի Մարտ 25ի հարցազրոյցը իր աւարտի բաժնով արդէն համը կը փախցնէ․․․

Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նը բիւրո­յա­կան այս բանբե­րին կողմէ կը մեղադրուի իբրեւ Նիկոլ Փաշի­նեա­նի ձեռքը ինկած «խաղա­քար» մը․․․

Այդ շինծու ամբաստա­նութիւնը նորութիւն չէ․ այդօ­րի­նակ վերագրում կատա­րած են թէ՛ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի այսօ­րուան ներկա­յա­ցուցի­չը, թէ՛ անոր ետին ծուա­րած Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի նախորդ ներկա­յա­ցուցի­չը։

Բայց նոյնի­մաստ այդ վերագրումնե­րը փաստօ­րէն խոստո­վա­նութիւնն են այն ողբերգա­կան ճշմարտութեան, որ ո՛չ թէ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նի օրի­նա­կան եւ օրի­նա­պահ պատասխա­նա­տու ընկերնե­րը, այլ նոյնինքն այսօ­րի­նակ բիւրո­յա­կաննե­րը լծուած են Դաշնակցութիւնը հայաստա­նեան ներ-քաղա­քա­կան հաշուե­յարդարնե­րուն ծառա­յեցնե­լու կործա­նա­րար «խաղին»․․

Արդէն շաբաթներ առաջ հանրագրութեամբ մը լուսարձա­կի տակ առնուած էր, որ՝

«․․․Տարի­նե­րու ընթացքին, Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կ.Կ.ներու անդամներ ընտրուած են ընկերներ, որոնք ինքնուրոյն ըլլա­լու համարձա­կութիւնը ունե­ցած են, եւ մերժած են պոռո­տա­խօ­սութեան ետին պահուը­տիլ: Անոնք հաւա­տա­ցած են, թէ Դաշնակցութիւնը ներուժն ու կարո­ղա­կա­նութիւնը ունի հայաստա­նեան եւ հայկա­կան միջա­վայրի մէջ աւե­լի յարգուած եւ հեղի­նա­կաւոր ներկա­յութիւն ըլլա­լու: Բան մը՝ որ Քոչա­րեաննե­րու, Սերժե­րու, Նիկոլնե­րու, Ծառուկեաննե­րու պոչը ըլլա­լով կարե­լի չէ յաջողցնել: Եւ քանի որ Արեւմտեա­նի տղա­քը խիզա­խութիւնը ունե­ցած են Բիւրո­նե­րու մօտ կամ Ընդհա­նուր Ժողովնե­րու մէջ բարձրացնել նման խնդիրներ, Հրանտ Մարգա­րեա­նի եւ իր մարդոց կողմէ որո­շում առնուած է «կոտրել» Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի խնդրա­յա­րոյց շրջա­նը եւ տիրա­նալ անոր կալուածնե­րուն, ինչքե­րուն: Ասոնց տրա­մա­բա­նութիւնը այն է, որ եթէ կարե­լի չէ հպա­տակ դարձնել Արեւմտեան Ամե­րի­կան, ուրեմն պէտք է քանդել զայն ու նորը կառուցել: Այս մարդիկ ո՛չ մէկ յարգանք ունե­ցած են այն հազա­րաւոր ընկերնե­րու ճիգին եւ թափած քրտինքին հանդէպ, որոնք տասնա­մեակնե­րու վրայ հաստա­տած են այս հզօր եւ հպարտութիւն ներշնչող համայնքը:

«Արեւմտեա­նի ընկերնե­րը շատ ու մի՛շտ քննարկած են այս խնդիրնե­րը: Անոնք քաջ գիտակցած են, թէ մեծ խաղը ո՛րն է, եւ թէ նպա­տա­կը վերջի­վերջոյ Շրջա­նը լռեցնել է ու անոր նիւթա­կան կարե­լութիւննե­րուն վրայ ձեռք դնել է՝ օգտա­գործե­լով շրջա­նին մէջ գոյութիւն ունե­ցող ընկերնե­րու նախանձնե­րը, միամտութիւննե­րը, կոյր ձեւա­նա­լու ունա­կութիւննե­րը: Սակայն միշտ ալ եզրա­կա­ցուցած են, որ կուսակցութեան եւ գաղութի շահե­րը կը պահանջեն առճա­կատման չերթալ Բիւրո­յի հետ, ու հարցե­րը չհրա­պա­րա­կայնացնել: Յոյսը միշտ այն եղած է, թէ օրերն ու իրա­կա­նութիւնը կը փոխուին, եւ Դաշնակցութիւնը կը վերա­դառնայ իր ճիշտ ուղղութեան»:

Բարի լոյս՝ այսքա՜ն սուտէ ու զրպարտութեա­նէ եւ ա՛յս աստի­ճան մաղձէ ու ատե­լութե­նէ ետք անգամ, ԴԱՇՆԱԿՑԱ­ԿԱ­Նի ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ մեր ուղին շարունա­կող ԱՆԿԱՇԱՌ ՈՒԽՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

Առնչվող Հոդվածներ