16.9 C
Yerevan

Մտա­ծումներ ՀՅԴ Կանո­նա­գի­րին Մասին

Յաճա­խա­կի անարդա­րութիւննե­րը, նոյնիսկ բանա­կա­յին խստա­պա­հանջ պայմաննե­րու մէջ, անկարգա­պա­հութեան կ՛առաջնորդեն:

Արա Խանճեան

Հետաքրքրա­կան է, որ ՀՅԴ կանո­նա­գի­րը կարծէք թէ կանխա­տե­սած էր COVID-19ի համա­ճա­րա­կին ստեղծած կազմա­կերպա­կան դժուա­րութիւննե­րը, ինչպէս օրի­նակ՝ մեծ թիւով անդամներ քով քովի բերե­լու եւ ժողով գումա­րե­լու դժուա­րութիւնը:

Այսպի­սի վիճակներ կանխա­տե­սե­լով՝ ՀՅԴ Կանո­նա­գի­րը կ՛ըսէ, որ երբ անյաղթա­հա­րե­լի պայմաննե­րու բերումով, ինչպէս օրի­նակ՝ պատե­րազմ, յեղաշրջում, քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմ, բնա­կան աղետներ, համա­ճա­րակ, եւ այլն, կարե­լի չ՛ըլլայ շրջա­նա­յին ժողով կազմա­կերպել եւ գումա­րել՝ նոր Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ մը ընտրե­լու համար կարե­լի է «…Շրջա­նա­յին ժողով մը յետաձգել, նոյնիսկ անո­րոշ ժամա­նա­կով»: Նման պարա­գա­նե­րու, ընթա­ցաւարտ Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն կը շարունա­կէ գործել եւ իր կազմին մէջ յառա­ջա­ցած բացե­րը լեցնել՝ Բիւրո­յի հաւա­նութեամբ (տես կանո­նա­գի­րի «Շրջա­նա­յին Ժողով» գլուխը):

Այս կը նշա­նա­կէ, թէ նման պայմաննե­րու մէջ գտնուող կազմա­կերպա­կան շրջա­նի մը համար Կեդրո­նա­կան կոմի­տէի մը երկու տարուան ժամա­նա­կաշրջա­նի աւարտէն ետք, երբ կարե­լի չըլլայ գումա­րել շրջա­նա­յին ժողով, գործող Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն կը շարունա­կէ գործել անո­րոշ ժամա­նա­կով, օրի­նակ յաւե­լեալ ինը ամի­սով, մէկ տարիով կամ աւե­լի, մինչեւ որ պայմաննե­րը բնա­կա­նոն դառնան եւ կարե­լի ըլլայ գումա­րել շրջա­նա­յին ժողով եւ ընտրել նոր կեդրո­նա­կան կոմի­տէ։

Կուսակցա­կան դիրքի չարա­շա­հումնե­րը, ինչպէս նաեւ անարդար եւ կամա­յա­կան որո­շումնե­րը կամ կազմա­կե­րա­կան տնօ­րի­նումնե­րը կանխե­լու նպա­տա­կով՝ ՀՅԴ Կանո­նա­գի­րը յստակ նախա­պայման կը դնէ, որ որեւէ կազմա­կերպա­կան տնօ­րի­նում պէտք հիմնաւո­րուած ըլլայ կանո­նագրա­յին համա­պա­տասխան յօդուա­ծով մը: Ասի­կա նման է ժողովրդա­վար պետութիւննե­րու դատա­կան համա­կարգիե­րուն մէջ գործող դրութեան, ուր մեղադրուող անձը պէտք է գիտնայ, թէ օրէնքի ճիշդ ո՛ր յօդուա­ծի խախտումով ամբաստա­նուած է: Օրէնքի կիրարկման այս ձեւով է որ միայն պետութիւննե­րը եւ քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւննե­րը կ՛իւրացնեն օրէնքի գերա­կա­յութեան սկզբունքը, որեւէ չարա­շա­հումի առաջքը առնե­լու համար:

Որքան ալ կարգա­պա­հութիւնը կարեւոր եւ անհրա­ժեշտ համա­րուի կազմա­կերպա­կան կեանքին մէջ, կազմա­կերպութեան մը անդամնե­րուն անսա­կարկ նուի­րումը եւ անոնցմէ պահանջուած հնա­զանդութիւն եւ հաւա­տարմութիւնը պէտք չէ չարա­շա­հուի որեւէ ձեւով: Չի բացա­ռուիր, որ կազմա­կերպա­կան կեանքի մէջ մարմիններ անարդար որո­շումներ տան կամ կարգա­պա­հա­կան տնօ­րի­նումներ կատա­րեն ընկերնե­րու կամ այլ ստո­րա­դաս մարիննե­րու նկատմամբ: Նման պարա­գա­նե­րու, որո­շումնե­րուն ենթարկուի­լը ապա բողո­քե­լը ընդունուած ընթա­ցա­կարգն է: Բոլո­րո­վին այլ է սակայն պարա­գան, երբ մարմիններ տարբեր նկա­տա­ռումնե­րէ ելլե­լով՝ նման անարդար տնօ­րի­նումներ կատա­րե­լու երեւոյթը յաճա­խա­կի կը դարձնեն: Երբ յաճա­խա­կի կը դառնան նման երեւոյթներ, բնա­կա­նա­բար կարե­լի է ակնկա­լել, որ  կարգա­պա­հութիւնն ալ ինչ որ տեղ սկսի խախտիլ: Յաճա­խա­կի անարդա­րութիւննե­րը, նոյնիսկ բանա­կա­յին խստա­պա­հանջ պայմաննե­րու մէջ, անկարգա­պա­հութեան կ՛առաջնորդեն:

Asbarez.com

Առնչվող Հոդվածներ