24.7 C
Yerevan

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ 152…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ.- «… Քանի կ՚ապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք ․․․ տաճա­րը. շինենք ու փլի, շինենք ու քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ․․․»։

Ն. Պէրպէ­րեան

Լեւոն Շանթի ծննդեան տարե­դարձի այս օրուան հետ սիրտ ու միտք խռո­վող, այլեւ հոգի ալե­կո­ծող հայ թատրո­նի քրմա­պե­տին անկորնչե­լի պատգամնե­րէն մէկն է «Հին Աստուածներ»ու գլխաւոր հերո­սին՝ Վանա­հօր բառե­րով եւ այլա­բա­նա­կան տաճա­րա­կերտումով անմա­հա­ցած գաղա­փա­րա­կան ԿՏԱԿը․-

«… Իմ փնտռածս աշխատա՛նքն է, ներքին անդուլ ու անկաշկանդ որո­նումը՝ ներքին անվերջ նուա­ճումնե­րը բարձունքէ բարձունք, պարիսպէ պարիսպ, տարա­կոյսնե­րու անդունդնե­րուն վրա­յէն, ելքե­րով ու անկումնե­րով. անդա­դար խոյանք մը դէպի ճշմարտութիւնը։

«Գացէ՛ք, գացէ՛ք ներս, դուք՝ ձեր եկե­ղե­ցին, ես ալ երթամ շինեմ ի՛մ եկե­ղե­ցիս, բայց այս անգամ ե՛ս, միա՛յն ես, եւ կերտուածք մը, որ վայել ըլլայ իմ Աստծուս բնա­կութեա­նը, որու կամարնե­րուն տակ իմ խնկե­լիք աղօթքիս ո՛չ մէկ բառը կեղծ չհնչէ, ո՛չ մէկ բառի արձա­գանգը դատարկ չհնչէ։

«… Իմ տաճա­րիս հիմքը իմ բանա­կա­նութիւնս պիտի ըլլայ, սիւնե­րը՝ իմ կամքս, ու գմբէթն ալ ըլլա­լու է հաւատքս։

«… Քանի կ՚ապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք մեր Աստծուն իր տաճա­րը. շինենք ու փլի, շինենք ու քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ Աստծու…

«… Ամէ­նէն ստոր հոգի­նե­րը միայն հայհո­յել կրնան այն Աստծուն, որուն երբեմն երկրպա­գեր են»։

Շանթի հոգեմտաւոր կրա­կով թռիչք առնե­լու եւ հայութեան սիզիֆեան վերելքը վերա­նո­րո­գե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ հրա­մա­յա­կան պահանջ է որո­շա­պէս մեր այս մռայլ, այլեւ անգոյն եւ անհամ օրե­րուն, երբ Հայաշխարհի տարածքին ամէ­նուր ոգու սով է եւ փոխա­դարձ ատե­լութիւնն ու նախա­տինքը ցեցե­րու պէս կը կրծեն ու կը փճացնեն վերջին մասունքնե­րը մեր Գաղա­փարնե­րու Տաճա­րին։

Բացէք գաղա­փա­րի լուսա­մուտնե­րը եւ թող լոյսն ու յոյսը մտնեն հոգի­նե­րուն մէջ ծուա­րած մորթա­պաշտութեան եւ թուլա­մորթութեան մութ ու սեւ խոռոչնե­րէն ներս, որովհե­տեւ ահա եկող սերունդը ՀԱՒԱՏՔի զուլալ աղբիւրէ անա­րատ ջուր կ՚ուզէ ըմպել՝ մաշած ու որդնո­տած կաղա­պարնե­րէն ու փշրանքնե­րէն վերջա­պէս ազա­տագրուե­լու վճռա­կա­նութեամբ։

Վաղուան Հայաստա­նի եւ հայութեան հոյասլաց ԳԱԼԻՔԻ ՏԱՃԱՐը կերտե­լու ՈՒՂԻՆ մաքրել պէտք է անցեա­լը սոսկ փառքի այցե­քարտի վերա­ծող գաղա­փա­րի փերե­զակնե­րէն, որովհե­տեւ դէպի բարձունք մեր ժողո­վուրդին ԵՐԹը միշտ աւե­լի լաւին ու վսե­մին հասնե­լու բնա­կան օրէնքին կը հետեւի, աւարտ չունի, նոյնինքն ԿԵԱՆՔՆ ԻՍԿ Է։

Առնչվող Հոդվածներ