14.7 C
Yerevan

Քրտա­կան Վերա­զարթօնքը Կրնա՞յ Թուրքիոյ Մասնա­տումին Առաջնորդել…

Պէտք է նշել, որ Թուրքիա, Իրան, Իրաք եւ Սուրիա ոչ մէկ ձեւով փորձած են դրա­կան մօտե­ցումով լուծումնե­րու յանգիլ քիւրտե­րուն հետ, եւ այդ պատճա­ռով է որ անոնց հարցը միշտ կը մնայ իբրեւ լարուած ական մը, որ կրնայ որեւէ ատեն պայթիլ:

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Միջին Արեւելքի երկիրնե­րուն դիմագրաւած այս տագնա­պա­լի օրե­րուն, բաւա­կան հետաքրքրութիւն ստեղծած է նաեւ քիւրտ ժողո­վուրդին ազգա­յին զարթօնքը՝ թէ՛ քաղա­քա­կան եւ թէ զինեալ պայքա­րի մակարդակնե­րուն վրայ: Թուրքիոյ, Իրա­քի, Իրա­նի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող քիւրտե­րը այս կամ այն ձեւով կը ձգտին շրջե­լու իրենց քաղա­քա­կան իրա­վի­ճա­կը: Մեծա­գոյն դերա­կա­տա­րութիւնը, սակայն, կ’ունենան Սուրիոյ քիւրտե­րը, որոնք Տաէ­շի դէմ պայքա­րի շրջա­գի­ծին եւ կեդրո­նա­կան կառա­վա­րութեան տկա­րա­ցումի պայմաննե­րուն մէջ, յաջո­ղած են լայնա­ծաւալ ինքնա­վա­րութիւն ձեռքբե­րել Սուրիոյ հիւսի­սա­յին սահմա­նին գրե­թէ ամբողջ երկայնքով: Թուրքիոյ, Իրա­քի եւ Իրա­նի­քիւրտե­րը, սակայն, շատ ալ հեռու չեն այդ մթնո­լորտէն:

Հայ ժողո­վուրդին նման, քիւրտե­րը կը նկա­տուին շրջա­նի ամէ­նէն անի­րաւուած ժողո­վուրդնե­րէն մէկը: Հակա­ռակ Առա­ջին համաշխարհա­յին պատե­րազմէն ետք բազմա­թիւ ժողո­վուրդնե­րու շնորհուած (եւ ոչ առնուած) ազգա­յին պետութիւննե­րուն, քիւրտե­րը՝ անհայրե­նիք, իրաւազրկուած եւ խաբուած մնա­ցին:

Սուրիոյ, Իրա­քի, Թուրքիոյ եւ Իրա­նի մէջ ապրող քիւրտե­րուն թիւը այսօր կը գնա­հա­տուի 30-էն 45 միլիո­նի միջեւ: Թէեւ բաժան-բաժան, սակայն, անոնք ձուլուած չեն յիշեալ երկիրնե­րուն մէջ, եւ անոնց մեծ մասը կ’ապրի այդ երկիրնե­րուն մէջ գտնուղ տարածքի մը վրայ, որ կը կոչուի Քիւրտիստան, եւ այսպէս գոյութիւն ունին իրա­քեան Քիւրտիստա­նը, իրա­նեան Քիւրտիստա­նը, թրքա­կան Քիւրտիստա­նը եւ սուրիա­կան Քիւրտիստա­նը (ծանօթ իբրեւ Ռոժո­վա): Քիւրտե­րը կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան 18% ‑ը (շուրջ 15 միլիոն 85 միլիո­նի վրայ), Իրա­քի բնակչութեան շուրջ 15%-էն  20%-ը (պատմա­կա­նօ­րէն աւե­լի շատ ազգա­յին իրաւունքնե­րով, քան միւս երկիրնե­րուն մէջ), Սուրիոյ մեծա­գոյն էթնիք փոքրա­մասնութիւնը 5‑էն 10 տոկո­սով քիւրտ է(անոնք հիմնա­կա­նօ­րէն կ’ապրին երկրին հիւսի­սը, Թուրքիոյ հետ սահմա­նին մօտ), իսկ Իրա­նի մէջ անոնց թիւը կը գնա­հա­տուի 8,2‑էն 12 միլիո­նի միջեւ:

Առա­ջին համաշխարհա­յին պատե­րազմի աւարտէն եւ ֆրանսեւանգլիա­կան Սայքս-Փիքօ համա­ձայնագրէն ի վեր,  պատմա­կան ոչ մէկ կացութիւն այնքան բախտո­րոշ կրնայ եղած ըլլալ քիւրտե­րուն համար, որքան «արա­բա­կան գարուն»ը: Անոր հետեւանքով՝ 2011-ին, Սուրիոյ մէջ ծայր առած քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմը խախտեց նաեւ Իրա­քի, Թուրքիոյ եւ Իրա­նի ազգա­յին փոքրա­մասնութիւննե­րուն, մասնաւո­րա­բար քիւրտե­րուն հետ, գոյակցութեան փխրուն «պայմա­նա­գիրնե­րը»: Այս չորս երկիրնե­րու քիւրտե­րուն համար առիթ ստեղծուե­ցաւ ունե­նա­լու տարբեր աստի­ճա­նի անկա­խութեան, ինքնա­վա­րութեան կամ ինքնա­կա­ռա­վարման կարե­լիութիւններ, որոնք այլա­պէս չէին ունե­նար: Հակա­ռակ անոր, որ նոր կացութիւնը չյա­ջո­ղե­ցաւ քիւրտե­րը համախմբել պետա­կա­նութեան եւ քաղա­քա­կան գիտակցութեան մէկ պարունա­կի մէջ, սակայն բարա­ցուցա­կան են անոնց կեդրո­նա­խոյս տրա­մադրութիւննե­րը:

Քիւրտե­րուն ապա­գան սերտօ­րէն առնչուած է Տաւրո­սեան լեռնաշղթա­յին եւ Զակրո­սի լեռնե­րուն հետ անոնց աշխարհագրա­կան յարա­բե­րութեան հետ, ուր անոնց ներկա­յութիւնը, մասնաւո­րա­բար Իրա­քի եւ Սուրիոյ պատե­րազմնե­րուն բերումով, առիթ կ’ընծայէ հակակշռե­լու Թուրքիա­յէն բխող Եփրատ եւ Տիգրիս գետե­րը՝ իրենց վերա­պա­հե­լով դէպի արա­բա­կան շրջաններ հոսող ջուրին քանա­կին վերահսկո­ղութիւնը: Այս տուեա­լը կարեւոր խաղա­թուղթ կրնայ դառնալ քիւրտե­րուն ձեռքը, երբ սեղա­նի վրայ դրուի անոնց ապա­գա­յին քննարկումը Իրա­քի եւ Սուրիոյ մէջ: Ինչ կը վերա­բե­րի ազգա­յին եկա­մուտնե­րու, ճիշդ է որ Իրա­քի Քիւրտիստա­նը ունի նշա­նա­կա­լի քանա­կութեամբ նաւթ եւ կազ, սակայն զանոնք արտա­ծե­լու կարե­լիութիւնը մեծա­պէս կախեալ է Իրա­քի կառա­վա­րութեան եւ սահմա­նա­կից երկիրնե­րու կամքէն, բացի եթէ իրա­քեան եւ սուրիա­կան քիւրտիստաննե­րը միա­նան եւ նաւթին ու կազին համար ճամբայ ստեղծուի դէպի Միջերկրա­կան ծով:

Ինչ կը վերա­բե­րի պետա­կան մէկ դրօ­շի տակ համախմբուե­լու հաւա­նա­կա­նութեան, մէկ կողմէ ցեղախմբա­յին-տոհմա­յին գործօ­նը եւ իսլա­մա­կան կրօ­նը, իսկ միւս կողմէ աշխարհա­կա­նութիւնն ու ընկերվա­րութիւնը ցարդ կը հանդի­սա­նան քրտա­կան ներքին հիւսուսծքը շաղկա­պող կամ անմիա­բան ու զիրար հակադրուող ուժե­րու վերա­ծող ազդակնե­րը: Օրի­նակ, մինչ սուրիա­կան Քիւրտիստա­նի երկայնքով, քիւրտե­րը կը պայքա­րին Թուրքիոյ դէմ, անդին իրա­քեան Քիւրտիստա­նի տոհմա­յին-կրօ­նա­կան հիմքե­րը զանոնք դաշնա­կից կը դարձնեն Թուրքիոյ…Տակաւին, մինչ Օճա­լա­նի Աշխա­տաւորկան կուսակցութիւնը կը հաւա­տայ ընկերվա­րա­կան սկզբունքնե­րու, անդին Իարքի քիւրտե­րը որդեգրած են կառա­վարման տոհմա­յին եղա­նա­կը…

Քրտա­կան վերա­զարթօնքը քննե­լի եւ կարեւոր կը դառնայ մեզի՝ հայե­րուս համար, որովհե­տեւ անի­կա սերտօ­րէն առնչուած է շրջա­նին մէջ սահմաննե­րու փոփո­խութեան հաւա­նա­կա­նութեան, բայց մանաւանդ՝ եթէ ոչ Թուրքիոյ մասնա­տումին, առնուազն մեծա­ծաւալ խլրտումնե­րու զարգացման կարե­լիութեան:

Շատ հաւա­նա­բար, Իրան նուա­զա­գոյն չափով ազդուող երկի­րը ըլլայ քրտա­կան վերա­զարթօնքէն, որովհե­տեւ աշխարհը աւե­լի մտա­հոգ է անոր կորի­զա­յին ծրա­գիրնե­րով, քան քրտա­կան հարցով, իսկ քիւրտե­րը նուա­զա­գոյն չափով կը թուին կազմա­կերպուած ըլլալ Իրա­նի մէջ: Ինչ կը վերա­բե­րի իրա­քեան Քիւրտիստա­նին, քիւրտե­րը թէեւ ունին կազմա­կերպուած կառոյցներ, ինքնա­վար վարչա­կազմ, նաւթի պաշարներ, սակայն գոյա­տեւե­լու համար կ’ապաւինին թրքա­կան եւ ամե­րի­կեան հովա­նաւո­րութեան, իսկ ինչպէս նախա­պէս նշե­ցինք, անոնք չունին նաւթը արտա­ծե­լու անկախ ճամբա­ներ:

Կը մնայ նշել Սուրիոյ քիւրտե­րուն պարա­գան, որոնք կը հանդի­սա­նան քրտա­կան վերա­զարթօնքին հիմնա­քա­րը՝ Տաէ­շի դէմ պատե­րազմին մէջ իրենց արձա­նագրած յաջո­ղութիւննե­րուն բերումով: Անոնք այժմ կ’իշխեն շատ աւե­լի մեծ տարածքնե­րու, քան պատմա­կա­նօ­րէն կը նկա­տուէին իրենց շրջաննե­րը: Ունին բանակ եւ պատմա­կա­նօ­րէն կը նկա­տուին Օճա­լա­նի Աշխա­տաւո­րա­կան կուսակցութեան միջնա­բերդը, հետեւա­բար՝ նաեւ ապա­գայ անկախ Քիւրտիստա­նի մը կորի­զը եւ՝ Թուրքիոյ մղձաւանջը:

Թուրքիա կրնա՞յ հանդուրժել անկախ Քիւրտիտսա­նի մը գոյութիւնը իր հարաւա­յին սահմաննե­րուն վրայ, երբ արդէն Թուրքիոյ քիւրտե­րը հետա­մուտ են աւե­լի մեծ ինքնա­վա­րութեան՝ ի տես տարա­ծաշրջա­նա­յին վերջին զարգա­ցումնե­րուն: Նոյնիսկ եթէ Թուրքիա յաջո­ղի ճզմել քրտա­կան ապստամբութիւն մը իր սահմաննե­րէն ներս, ան դժուար կացութեան կրնայ մատնուիլ Սուրիոյ քիւրտե­րուն աջակցութեամբ գործող Թուրքիոյ քիւրտե­րուն դէմ: Իբրեւ զինուո­րա­պէս հզօր պետութիւն, Թուրքիա  հաւա­նա­բար յաջո­ղի ճնշել Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտե­րուն միջեւ ստեղծուած միա­ցեալ ճակատ մը, սակայն շա՛տ շատ մեծ գինե­րով. զանգուա­ծա­յին սպանդներ, ժողովրդա­վա­րա­կան ազա­տութիւննե­րու առկա­խում, հսկա­յա­կան տնտե­սա­կան վնասներ եւ միջազգա­յին ընտա­նի­քին հետ յարա­բե­րութիւննե­րու վատթա­րա­ցում:

Ժամա­նա­կա­կից Թուրքիոյ հանրա­պե­տութեան ստեղծումէն ի վեր, տեղի ունե­ցած են շարք մը քրտա­կան ապստամբութիւններ, որոնց ամէ­նէն թարմը կը նկա­տուի Օճա­լա­նի Աշխա­տաւո­րա­կան կուսակցութեան շղթա­յա­զերծած պայքա­րը 1980-ականնե­րու կէսե­րուն: Հիւսի­սա­յին Իրա­քի եւ իրա­նեան Քիւրտիստա­նի միւս ապստամբութիւննե­րուն նման, Օճա­լա­նի պայքա­րը արիւնա­հե­ղութեամբ ճնշուե­ցաւ, իսկ Օճա­լան դաւադրութեամբ մը բանտ նետուե­ցաւ: Պէտք է նշել, որ Թուրքիա, Իրան, Իրաք եւ Սուրիա ոչ մէկ ձեւով փորձած են դրա­կան մօտե­ցումով լուծումնե­րու յանգիլ քիւրտե­րուն հետ, եւ այդ պատճա­ռով է որ անոնց հարցը միշտ կը մնայ իբրեւ լարուած ական մը, որ կրնայ որեւէ ատեն պայթիլ:

Կը մնան երկու հիմնա­կան ազդակներ, որոնք կրնան քրտա­կան հարցը պայթեցնել եւ առաջնորդել Թուրքիոյ հետա­գայ մասնա­տումին. Էրտո­ղա­նի արկա­ծախնդրա­կան ազգայնա­մո­լութիւնը եւ այլ երկիրնե­րու կողմնո­րո­շումը ի նպաստ քրտա­կան ապստամբութեան՝ նիւթա­կան եւ զինա­կան օժանդա­կութիւն տրա­մադրե­լու ճամբով:

Այդ պարա­գա­յին, քիւրտե­րը կրնան ակա­նա­տես ըլլալ նոր Սայքս-Փիքո­յի մը եւ տարա­ծաշրջա­նին մէջ սահմա­նա­յին նոր կարգադրութիւննե­րու անհրա­ժեշտութեան:

Իբրեւ եզրա­կա­ցութիւն, կ’արժէ նշել, որ Օճա­լա­նի Աշխա­տաւո­րա­կան կուսկա­ցութիւնը (PKK) ճանչցած է Հայոց ցեղասպա­նութիւնը եւ ներո­ղութիւն խնդրած քիւրտե­րու մասնակցութեան համար: Նաեւ տեղի ունե­ցած են ու կ’ունենան հայ եւ քիւրտ միա­ցեալ սեմի­նարներ՝ քննարկե­լու ցեղասպա­նութիւնը եւ Թուրքիան:

Իսկ թէ քրտա­կան գործօ­նը որքանո՞վ ներկայ է մեր պետա­կան եւ սփիւռքեան ռազմա­քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեան մէջ՝ այս հանգրուա­նին պատասխան չունինք…

www.civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ