Պէտք է նշել, որ Թուրքիա, Իրան, Իրաք եւ Սուրիա ոչ մէկ ձեւով փորձած են դրական մօտեցումով լուծումներու յանգիլ քիւրտերուն հետ, եւ այդ պատճառով է որ անոնց հարցը միշտ կը մնայ իբրեւ լարուած ական մը, որ կրնայ որեւէ ատեն պայթիլ:
Վարուժ Թէնպէլեան
Միջին Արեւելքի երկիրներուն դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն, բաւական հետաքրքրութիւն ստեղծած է նաեւ քիւրտ ժողովուրդին ազգային զարթօնքը՝ թէ՛ քաղաքական եւ թէ զինեալ պայքարի մակարդակներուն վրայ: Թուրքիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող քիւրտերը այս կամ այն ձեւով կը ձգտին շրջելու իրենց քաղաքական իրավիճակը: Մեծագոյն դերակատարութիւնը, սակայն, կ’ունենան Սուրիոյ քիւրտերը, որոնք Տաէշի դէմ պայքարի շրջագիծին եւ կեդրոնական կառավարութեան տկարացումի պայմաններուն մէջ, յաջողած են լայնածաւալ ինքնավարութիւն ձեռքբերել Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին գրեթէ ամբողջ երկայնքով: Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Իրանիքիւրտերը, սակայն, շատ ալ հեռու չեն այդ մթնոլորտէն:
Հայ ժողովուրդին նման, քիւրտերը կը նկատուին շրջանի ամէնէն անիրաւուած ժողովուրդներէն մէկը: Հակառակ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք բազմաթիւ ժողովուրդներու շնորհուած (եւ ոչ առնուած) ազգային պետութիւններուն, քիւրտերը՝ անհայրենիք, իրաւազրկուած եւ խաբուած մնացին:
Սուրիոյ, Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ ապրող քիւրտերուն թիւը այսօր կը գնահատուի 30-էն 45 միլիոնի միջեւ: Թէեւ բաժան-բաժան, սակայն, անոնք ձուլուած չեն յիշեալ երկիրներուն մէջ, եւ անոնց մեծ մասը կ’ապրի այդ երկիրներուն մէջ գտնուղ տարածքի մը վրայ, որ կը կոչուի Քիւրտիստան, եւ այսպէս գոյութիւն ունին իրաքեան Քիւրտիստանը, իրանեան Քիւրտիստանը, թրքական Քիւրտիստանը եւ սուրիական Քիւրտիստանը (ծանօթ իբրեւ Ռոժովա): Քիւրտերը կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան 18% -ը (շուրջ 15 միլիոն 85 միլիոնի վրայ), Իրաքի բնակչութեան շուրջ 15%-էն 20%-ը (պատմականօրէն աւելի շատ ազգային իրաւունքներով, քան միւս երկիրներուն մէջ), Սուրիոյ մեծագոյն էթնիք փոքրամասնութիւնը 5-էն 10 տոկոսով քիւրտ է(անոնք հիմնականօրէն կ’ապրին երկրին հիւսիսը, Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտ), իսկ Իրանի մէջ անոնց թիւը կը գնահատուի 8,2-էն 12 միլիոնի միջեւ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն եւ ֆրանսեւանգլիական Սայքս-Փիքօ համաձայնագրէն ի վեր, պատմական ոչ մէկ կացութիւն այնքան բախտորոշ կրնայ եղած ըլլալ քիւրտերուն համար, որքան «արաբական գարուն»ը: Անոր հետեւանքով՝ 2011-ին, Սուրիոյ մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմը խախտեց նաեւ Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Իրանի ազգային փոքրամասնութիւններուն, մասնաւորաբար քիւրտերուն հետ, գոյակցութեան փխրուն «պայմանագիրները»: Այս չորս երկիրներու քիւրտերուն համար առիթ ստեղծուեցաւ ունենալու տարբեր աստիճանի անկախութեան, ինքնավարութեան կամ ինքնակառավարման կարելիութիւններ, որոնք այլապէս չէին ունենար: Հակառակ անոր, որ նոր կացութիւնը չյաջողեցաւ քիւրտերը համախմբել պետականութեան եւ քաղաքական գիտակցութեան մէկ պարունակի մէջ, սակայն բարացուցական են անոնց կեդրոնախոյս տրամադրութիւնները:
Քիւրտերուն ապագան սերտօրէն առնչուած է Տաւրոսեան լեռնաշղթային եւ Զակրոսի լեռներուն հետ անոնց աշխարհագրական յարաբերութեան հետ, ուր անոնց ներկայութիւնը, մասնաւորաբար Իրաքի եւ Սուրիոյ պատերազմներուն բերումով, առիթ կ’ընծայէ հակակշռելու Թուրքիայէն բխող Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը՝ իրենց վերապահելով դէպի արաբական շրջաններ հոսող ջուրին քանակին վերահսկողութիւնը: Այս տուեալը կարեւոր խաղաթուղթ կրնայ դառնալ քիւրտերուն ձեռքը, երբ սեղանի վրայ դրուի անոնց ապագային քննարկումը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Ինչ կը վերաբերի ազգային եկամուտներու, ճիշդ է որ Իրաքի Քիւրտիստանը ունի նշանակալի քանակութեամբ նաւթ եւ կազ, սակայն զանոնք արտածելու կարելիութիւնը մեծապէս կախեալ է Իրաքի կառավարութեան եւ սահմանակից երկիրներու կամքէն, բացի եթէ իրաքեան եւ սուրիական քիւրտիստանները միանան եւ նաւթին ու կազին համար ճամբայ ստեղծուի դէպի Միջերկրական ծով:
Ինչ կը վերաբերի պետական մէկ դրօշի տակ համախմբուելու հաւանականութեան, մէկ կողմէ ցեղախմբային-տոհմային գործօնը եւ իսլամական կրօնը, իսկ միւս կողմէ աշխարհականութիւնն ու ընկերվարութիւնը ցարդ կը հանդիսանան քրտական ներքին հիւսուսծքը շաղկապող կամ անմիաբան ու զիրար հակադրուող ուժերու վերածող ազդակները: Օրինակ, մինչ սուրիական Քիւրտիստանի երկայնքով, քիւրտերը կը պայքարին Թուրքիոյ դէմ, անդին իրաքեան Քիւրտիստանի տոհմային-կրօնական հիմքերը զանոնք դաշնակից կը դարձնեն Թուրքիոյ…Տակաւին, մինչ Օճալանի Աշխատաւորկան կուսակցութիւնը կը հաւատայ ընկերվարական սկզբունքներու, անդին Իարքի քիւրտերը որդեգրած են կառավարման տոհմային եղանակը…
Քրտական վերազարթօնքը քննելի եւ կարեւոր կը դառնայ մեզի՝ հայերուս համար, որովհետեւ անիկա սերտօրէն առնչուած է շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան հաւանականութեան, բայց մանաւանդ՝ եթէ ոչ Թուրքիոյ մասնատումին, առնուազն մեծածաւալ խլրտումներու զարգացման կարելիութեան:
Շատ հաւանաբար, Իրան նուազագոյն չափով ազդուող երկիրը ըլլայ քրտական վերազարթօնքէն, որովհետեւ աշխարհը աւելի մտահոգ է անոր կորիզային ծրագիրներով, քան քրտական հարցով, իսկ քիւրտերը նուազագոյն չափով կը թուին կազմակերպուած ըլլալ Իրանի մէջ: Ինչ կը վերաբերի իրաքեան Քիւրտիստանին, քիւրտերը թէեւ ունին կազմակերպուած կառոյցներ, ինքնավար վարչակազմ, նաւթի պաշարներ, սակայն գոյատեւելու համար կ’ապաւինին թրքական եւ ամերիկեան հովանաւորութեան, իսկ ինչպէս նախապէս նշեցինք, անոնք չունին նաւթը արտածելու անկախ ճամբաներ:
Կը մնայ նշել Սուրիոյ քիւրտերուն պարագան, որոնք կը հանդիսանան քրտական վերազարթօնքին հիմնաքարը՝ Տաէշի դէմ պատերազմին մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն բերումով: Անոնք այժմ կ’իշխեն շատ աւելի մեծ տարածքներու, քան պատմականօրէն կը նկատուէին իրենց շրջանները: Ունին բանակ եւ պատմականօրէն կը նկատուին Օճալանի Աշխատաւորական կուսակցութեան միջնաբերդը, հետեւաբար՝ նաեւ ապագայ անկախ Քիւրտիստանի մը կորիզը եւ՝ Թուրքիոյ մղձաւանջը:
Թուրքիա կրնա՞յ հանդուրժել անկախ Քիւրտիտսանի մը գոյութիւնը իր հարաւային սահմաններուն վրայ, երբ արդէն Թուրքիոյ քիւրտերը հետամուտ են աւելի մեծ ինքնավարութեան՝ ի տես տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն: Նոյնիսկ եթէ Թուրքիա յաջողի ճզմել քրտական ապստամբութիւն մը իր սահմաններէն ներս, ան դժուար կացութեան կրնայ մատնուիլ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութեամբ գործող Թուրքիոյ քիւրտերուն դէմ: Իբրեւ զինուորապէս հզօր պետութիւն, Թուրքիա հաւանաբար յաջողի ճնշել Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերուն միջեւ ստեղծուած միացեալ ճակատ մը, սակայն շա՛տ շատ մեծ գիներով. զանգուածային սպանդներ, ժողովրդավարական ազատութիւններու առկախում, հսկայական տնտեսական վնասներ եւ միջազգային ընտանիքին հետ յարաբերութիւններու վատթարացում:
Ժամանակակից Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր, տեղի ունեցած են շարք մը քրտական ապստամբութիւններ, որոնց ամէնէն թարմը կը նկատուի Օճալանի Աշխատաւորական կուսակցութեան շղթայազերծած պայքարը 1980-ականներու կէսերուն: Հիւսիսային Իրաքի եւ իրանեան Քիւրտիստանի միւս ապստամբութիւններուն նման, Օճալանի պայքարը արիւնահեղութեամբ ճնշուեցաւ, իսկ Օճալան դաւադրութեամբ մը բանտ նետուեցաւ: Պէտք է նշել, որ Թուրքիա, Իրան, Իրաք եւ Սուրիա ոչ մէկ ձեւով փորձած են դրական մօտեցումով լուծումներու յանգիլ քիւրտերուն հետ, եւ այդ պատճառով է որ անոնց հարցը միշտ կը մնայ իբրեւ լարուած ական մը, որ կրնայ որեւէ ատեն պայթիլ:
Կը մնան երկու հիմնական ազդակներ, որոնք կրնան քրտական հարցը պայթեցնել եւ առաջնորդել Թուրքիոյ հետագայ մասնատումին. Էրտողանի արկածախնդրական ազգայնամոլութիւնը եւ այլ երկիրներու կողմնորոշումը ի նպաստ քրտական ապստամբութեան՝ նիւթական եւ զինական օժանդակութիւն տրամադրելու ճամբով:
Այդ պարագային, քիւրտերը կրնան ականատես ըլլալ նոր Սայքս-Փիքոյի մը եւ տարածաշրջանին մէջ սահմանային նոր կարգադրութիւններու անհրաժեշտութեան:
Իբրեւ եզրակացութիւն, կ’արժէ նշել, որ Օճալանի Աշխատաւորական կուսկացութիւնը (PKK) ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրած քիւրտերու մասնակցութեան համար: Նաեւ տեղի ունեցած են ու կ’ունենան հայ եւ քիւրտ միացեալ սեմինարներ՝ քննարկելու ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիան:
Իսկ թէ քրտական գործօնը որքանո՞վ ներկայ է մեր պետական եւ սփիւռքեան ռազմաքաղաքական մտածողութեան մէջ՝ այս հանգրուանին պատասխան չունինք…
www.civilnet.am