14.7 C
Yerevan

Կասպեան նաւթն ու կազը եւ խաղա­ղութեան փնտռտուքը տարա­ծաշրջա­նին մէջ

Խորհրդա­յին Միութեան փլուզումէն ետք, արտա­քին ուժեր, մօտիկ թէ հեռու, յանկարծ կը զգան, որ Կասպից ծովուն նաւթի եւ կազի նոր աղբիւրնե­րը մատչե­լի են նաեւ իրենց՝ անշուշտ միշտ նկա­տի առնե­լով ռուսա­կան ազդա­կը:

Վարուժան Թէմպէ­լեան

Կասպից աւա­զա­նը (ծանօթ թէ՛ իբրեւ ծով եւ թէ իբրեւ լիճ) աշխարհի մեծա­գոյն ջրամբարն է 386.400 քառա­կուսի քիլո­մեթր տարա­ծութեամբ. այս գրութեան մէջ պիտի պահենք անոր ծով անուա­նումը: Կասպից ծովը հիւսիս-արեւելքէն սահմա­նա­կից է Ղազախստա­նին, հարաւ-արեւելքէն՝ Թիւրքմէ­նիստա­նին, հարաւէն՝ Իրա­նին, հարաւ-արեւմուտքէն‘Ատրպէյճանին, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Ռուսիոյ: Այս երկիրնե­րուն միջո­ցով, անի­կա կը կապուի աւե­լի լայն շրջաննե­րու հետ. արեւմուտքէն՝ հարաւա­յին Կովկա­սին, արեւելքէն՝ Կեդրո­նա­կան Ասիոյ, հարաւէն՝ Միջին Արեւելքի եւ հիւսի­սէն՝ Եւրա­սիոյ: Բացի Իրա­նէն եւ Ռուսիա­յէն, Կասպից ծովու միւս երեք երկիրնե­րը ծովա­յին ելք չուին, որովհե­տեւ Կասպից ծովը ինքնին փակ տարածք է:

Այս շրջա­նը իր աշխարհա­քա­ղա­քա­կան յատուկ կարեւո­րութիւնը կը ստա­նայ թէ՛ իր դիքին բերումով՝ Եւրո­պա­յի եւ կեդրո­նա­կան Ասիոյ միջեւ, եւ թէ նաւթի ու կազի մեծ պաշարներ ունե­նա­լուն պատճա­ռով: Իսկ այդ պաշարնե­րը դէպի միջազգա­յին շուկա­ներ փոխադրութեան անհրա­ժեշտութիւնը, աշխարհա­քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն կարեւոր կը դարձնէ նաեւ շրջա­պա­տի երկիրնե­րուն՝ Վրաստա­նի, Հայաստա­նի, Թուրքիոյ, Իւզպէ­քիստա­նի, Աֆղա­նիստա­նի, Հնդկաստա­նի եւ Փաքիստա­նի աշխարհագրկան դիրքե­րը:

Հոս կ’արժէ փակա­գիծ մը բանալ եւ փորձել բնո­րո­շել «աշխարհա­քա­ղա­քա­կա­նութեան» գործօ­նը, որ վճռո­րոշ դեր կը խաղայ երկիրնե­րու եւ ժողո­վուրդնե­րու ապա­գա­յին եւ գոյա­պայքա­րին մէջ: Աշխարհա­քա­ղա­քա­կան գործօ­նը ընդհանրա­պէս կը վերա­բե­րի երկրի մը աշխարհագրա­կան դիրքին ունե­ցած ազդե­ցութեան‘ անոր արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան վրայ եւ անոր փոխներգործութեան այլ պետութիւննե­րու հետ յարա­բե­րութեան ընթացքին: Բնակչութեան թիւը, տնտե­սութիւնը եւ զինուո­րա­կան հզօ­րութիւնը նոյնքան կարեւոր են, բայց անոնք յարա­փո­փոխ են. մնա­յունը աշխարհագրա­կան դիրքն է: Իսկ երբ տուեալ երկիր մը հարուստ է նաեւ ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րով՝ նաւթով ու կազով, կը բազմա­պատկուի նաեւ անոր աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւո­րութիւնը:

Եւ այդպէս է, որ կը շեշտուի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւո­րութիւնը Կեդրո­նա­կան Ասիոյ եւ Կասպից ծովու խորհրդա­յին նախկին հանրա­պե­տութիւննե­րուն, ուր կը գտնուին նաւթի եւ կազի մեծ պաշարներ:

Կասպից ծովուն մէջ յայտնա­բե­րուած նաւթին պատմութիւնը շատ աւե­լի հին է, քան անոր սահմա­նա­կից երկիրնե­րունը: Մերձափնեայ առա­ջին նաւթա­հո­րե­րը փորուած են 19-րդ դարուն, երբ կասպեան նաւթի արդիւնա­բե­րութիւնը կը կազմէր աշխարհի նաւթի մատա­կա­րարման շուրջ կէսը, իսկ միւս կէսը հիմնա­կա­նօ­րէն կու գար Միա­ցեալ Նահանգնե­րէն:

Այսօր, կասպեան տարա­ծաշրջա­նը կը պարունա­կէ նաւթի եւ կազի աշխարհի մեծա­գոյն հորե­րուն մէկ մասը: Ղազախստա­նի մէջ 2000-ին յայտնա­բե­րուած Քաշա­կա­նի նաւթի հանքա­վայրը կը նկա­տուի վերջին 50 տարի­նե­րու աշխարհի մեծա­գոյն յայտնա­բե­րումը եւ ընդհանրա­պէս մերձափնեայ մեծա­գոյն հանքը Միջին Արեւելքէն դուրս: Իսկ Ատրպէյճա­նի «Շահ Տէնիզ» կազի հանքա­վայրը կը նկա­տուի Կասպից ծովու մեծա­գոյնը եւ աշխարհի 20 մեծա­գոյննե­րէն մէկը:

2018‑ի գնա­հա­տումով, Կասպից ծովու տարածքը կը պարունա­կէ 48 միլիառ տակառ նաւթ եւ 9 թրի­լիոն խորա­նարդ մեթր բնա­կան կազ: Մասնա­գէտներ, սակայն, կը պնդեն որ այս թիւե­րը կը ներկա­յացնեն օգտա­գործե­լի պաշարնե­րուն ջնջին համե­մա­տութիւնը եւ ապա­գա­յին կրնան նոր յայտնա­բե­րումներ կատա­րուիլ: Բաղդա­տութեան համար միայն, կ’արժէ նշել, որ Միջին Արեւելքի հորե­րը, ներա­ռեալ Իրա­նը, կը պարունա­կեն փաստուած աւե­լի քան 836 միլիառ տակառ նաւթ եւ շուրջ 75,5 թրի­լիոն խորա­նարդ մեթր կազ (Իրան առանձինն ունի 158 միլիառ տակառ նաւթ եւ 29.6 թրի­լիոն խորա­նարդ մեթր կազ):

Ճիշդ է, որ մեծ պետութիւննե­րը եւ ուժա­նիւթի ընկե­րութիւննե­րը միշտ նաւթի եւ կազի նոր աղբիւրներ փնտռե­լու վիճա­կի մէջ կը գտնուին, սակայն Կասպից ծովու երկիրնե­րը քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան միջազգա­յին մրցակցութեան թիրախ դարձած են նաեւ այլ պատճառնե­րով: Նախ՝ տարա­ծաշրջա­նի յետխորհրդա­յին երկիրնե­րը տարի­ներ շարունակ լքուած էին խորհրդա­յին իշխա­նութեան օրե­րուն եւ խիստ կարի­քը ունէին արհեստա­գի­տութեան եւ դրա­մագլուխի՝ իրենց բնա­կան հարստութուննե­րը շահա­գործել կարե­նա­լու համար: Երկրորդ, Կասպից ծովը փակ տարածք է եւ պէտք ունի քարիւղա­տար ու կազա­տար խողո­վակնե­րու՝ դրա­ցի երկիրնե­րէ անցնող միջանցնքնե­րով իր բնա­կան հարստութիւննե­րը արտա­ծե­լու համար: Խորհրդա­յին Միութեան կազմա­լուծման պահուն, կասպեան շրջա­նէն, կամ ընդհանրա­պէս խորհրդա­յին տարածքնե­րէն, նաւթի ու կազի խողո­վակնե­րը կ’ուղղուէին միայն դէպի հիւսիս՝ Ռուսիա: Այս խողո­վակնե­րուն արդիա­կա­նա­ցումը, կամ նախընտրա­բար նորե­րուն կառուցումը եւ նոր ուղղութիւննե­րու որո­նումը կը դառնար հիմնա­կան: Հիմնա­կան կը դառնար նաեւ քաղա­քա­կան կայունութեան հաստա­տումը՝ տարա­ծաշրջա­նին քաղա­քա­կան ու ազգա­յին առկախ բոլոր հարցե­րը լուծե­լու ճամբով:

Խորհրդա­յին Միութեան փլուզումէն ետք, արտա­քին ուժեր, մօտիկ թէ հեռու, յանկարծ կը զգան, որ Կասպից ծովուն նաւթի եւ կազի նոր աղբիւրնե­րը մատչե­լի են նաեւ իրենց՝ անշուշտ միշտ նկա­տի առնե­լով ռուսա­կան ազդա­կը:

Յետխորհրդա­յին Ռուսիան մեծ ճիգ կը թափէ իր քաղա­քա­կան ազդե­ցութիւնը պահե­լու կասպեան թէ խորհրդա­յին նախկին բոլոր երկիրնե­րուն մէջ՝ ստեղծե­լով տնտե­սա­կան պարապ մը, զոր կը փորձեն լեցնել Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, Չինաստա­նը, Եւրո­պա­կան Միութիւնը, նոյնիսկ՝ Թուրքիան ու Իրա­նը: Ռուսա­կան այս քաղա­քա­կա­նութիւնը կտրուկ կը փոխուի 2000-ական թուա­կաննե­րուն, երբ տնտե­սա­կան գործօ­նը կը դառնայ նոյնքան էական որքան քաղա­քա­կա­նը: Օրի­նակ, երբ Ռուս-Ուքրա­նա­կան 2006‑ի կազի տագնա­պէն ետք ծնունդ կ’առնէր կասպեան շրջա­նը Եւրո­պա­յի միացնող եւ Ռուսիան ու Իրա­նը շրջանցող անդրկասպեան կազա­տա­րին գաղա­փա­րը, եւ հետա­գա­յին առնուազն կը սկսի իրա­կա­նութիւն դառնալ Պաքուէն Եւրո­պա գացող Հարաւա­յին միջանցքի ծրա­գի­րը, վախնա­լով, որ այս ծրա­գիրնե­րը զինք դուրս կրնան հանել տարա­ծաշրջա­նէն, Ռուսիան՝ թէ՛ իբրեւ պետութիւն (նաեւ զինուո­րա­պէս) եւ թէ իբրեւ ուժա­նիւթի ընկե­րութիւններ, տնտե­սա­պէս կը սկսի ներկա­յութիւն դառնալ տարա­ծաշրջա­նի բոլոր երկիրնե­րուն մէջ:

Միւս կողմէ, նկա­տի առնե­լով անոր տնտե­սա­կան աճող հզօ­րութիւնը  եւ ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րու մնա­յուն ծարաւը, կասպեան շրջա­նը Չինաստա­նի համար կը նկա­տուի գրաւիչ շուկայ մը, որ ներդրումնե­րու պարարտ հող կը տրա­մադրէ: Ինչ կը վերա­բե­րի Միա­ցեալ Նահանգնե­րուն եւ ընդհանրա­պէս Արեւմուտքին, անոնք ընդհանրա­պէս մասնա­կից են ուժա­նիւթի առնչուող տարբեր ծրա­գիրնե­րու, եւ հակա­ռակ կարգ մը երկիրնե­րու ցանկութեան, Կասպից ծովը եւ անոր անմի­ջա­կան շրջաննե­րը չեն գտնուիր ամե­րի­կեան ուղղա­կի վերահսկո­ղութեան տակ, ինչպէս է պարա­գան, օրի­նակ, Պարսից ծոցին: Շատ հաւա­նա­բար, աշխարհի այլ շրջաննե­րէ աւե­լի, Կասպից եւ Կեդրո­նա­կան Ասիոյ երկիրնե­րը մնան աշխարհա­քա­ղա­քա­կան բազմա­բեւեռ գօտիի մէջ: Թէեւ Իրան աշխարհի մեծա­գոյն նաւթ արտադրող երկիրնե­րէն մէկն է եւ կը նկա­տուի բնա­կան կազ արտադրող աշխարհի երկրորդ մեծա­գոյն երկի­րը, ան կը շահարկէ կասպեան հարստութեան մէկ փոքր բաժի­նը միայն: Իրա­նի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան եզա­կի դիրքը սակայն՝ Կասպից ծովուն եւ Պարսից ծոցին միջեւ եւ իր ծովա­յին ելքե­րով, զայն կը դարձնէ տարանցումի կարեւոր երկիր մը:

Երբ կասպեան երկիրնե­րու աստղը կը սկսի փայլիլ իբրեւ ուժա­նիւթ արտադրողներ, Թուրքիա հաշիւ կ’ընէ, որ կրնայ շահա­գործել իր էթնիք եւ մշա­կութա­յին կապե­րը՝ նկա­տի առնե­լով, որ ազե­րի­նե­րը, թիւրքմէննե­րը, ղազախնե­րը եւ իւզբէքնե­րը բոլո­րը թրքա­կան ժողո­վուրդներ են, եւ իբրեւ յառա­ջա­ցած երկիր, ինք կրնայ ազդե­ցութիւն ունե­նալ շրջա­նի երկիրնե­րուն վրայ, սակայն, ի յայտ  կու գայ, որ կասպեան երկիրնե­րը կը նախընտրեն գործ ունե­նալ ռուս, չինա­ցի, ամե­րի­կա­ցի կամ եւրո­պա­ցի ներդրողնե­րու հետ, երբ մանաւանդ խօսքը կը վերա­բե­րի ուժա­նիւթի մարզին մէջ ներդրումնե­րու: Այս երկիրնե­րէն միայն Ատրպէյճա­նը բացա­ռութիւն կը կազմէ, որովհե­տեւ հոն Թուրքիա կը յաջո­ղի ներդրումներ կատա­րել մասնաւո­րա­բար Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղա­տար խողո­վա­կի կառուցման մէջ եւ ատրպէյճա­նա­կան նաւթը հասցնել միջերկրա­կա­նեան իր ծովա­փը, նաեւ՝ Հարաւա­յին Կազա­յին Միջանցքի ծրագրին մէջ, որ Վրաստա­նի եւ Թուրքիոյ վրա­յով, ատրպէյճա­նա­կան կազը պիտի հասցնէ Եւրո­պա:

Եւրո­պա­կան Միութիւնը էապէս կը մնայ կասպեան նաւթով եւ կազով շահագրգռուած կողմ մը, որովհե­տեւ մեծ կարի­քը ունի անոնց եւ զուրկ է աղբիւրնե­րէ: Ինչպէս նշե­ցինք, ռուսեւուքրա­նա­կան կազի տագնա­պէն ետք, ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րու բազմա­զա­նութիւնը Եւրո­պա­յի համար կը դառնայ հրա­մա­յա­կան: Եւրո­պա իր աչքե­րը կը դարձնէ դէպի կասպեան երկիրնե­րը, բայց հիմնա­կա­նօ­րէն կը կեդրո­նա­նայ Ատրպէյճա­նի վրայ: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղա­տար խողո­վա­կին բացումը 2006-ին, կը նպաստէ Եւրո­պա-Ատրպէյճան ուժա­նիւթի մարզի մէջ համա­գործակցութեան՝ ճամբայ բանա­լով նաեւ Ատրպէյճա­նի վրա­յով Ղազախստա­նէն նաւթ ներա­ծե­լու կարե­լիութեան: Իսկ Կազա­յին Հարաւա­յին Միջանցքի ծրա­գի­րը, որ կ’առաջադրէ ատրպէյճա­նա­կան կազը Վրաստա­նի ու Թուրքիոյ վրա­յով հասցնել Եւրո­պա, աւե­լի եւս կը խթա­նէ Եւրո­պա­կան Միութեան հետ Ատրպէյճա­նի կապը:

Կը մնայ նշել, որ կասպեան շրջա­նով շահագրգռուած բոլոր կողմե­րը հետա­մուտ կը թուին ըլլալ տարա­ծաշրջա­նին մէջ քաղա­քա­կան ընդհա­նուր կայունութեան ստեղծման եւ տագնապնե­րու լուծման՝ առեւտուրի զարգացման, ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րու ապա­հովման, եւ այս մարզին մէջ հսկայ ներդրումնե­րը պաշտպա­նե­լու առա­ջադրանքնե­րով:

Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ