16.9 C
Yerevan

Վերջին Միջո­ցը

․․․ եւ այդ եղած է միշտ Դաշնակցութեան ուժի կարեւո­րա­գոյն ազդակնե­րէն մէկը. ոչ այնքան Կանո­նա­գի­րը, որքա՜ն ներքին հաւա­քա­կան փոխզսպումի ոգին։

Յարութ Գալայճեան

Հ. Յ. Դաշնակցութեան բովանդակ պատմութեան համար յառա­ջի­կայ Ընդհա­նուր Ժողո­վը պիտի հանդի­սա­նայ ամե­նա­ճա­կա­տագրա­կա­նը. որովհե­տեւ, ոչ մէկ ժամա­նակ՝ անի­կա չէ հանդի­պած նոյնինքն իր գոյութիւնը ծանր հարցա­կաննե­րով նախա­պայմա­նաւո­րող ներկայ իրո­ղութեան։

Եւ աներկբա­յօ­րէն, այդ հարցա­կաննե­րը կը վերա­բե­րին անմի­ջա­կա­նօ­րէն իր գործունէութեան գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան հակա­սութիւննե­րուն, կանո­նագրա­յին անձնիշխա­նա­կան շահա­գործումնե­րուն եւ քաղա­քա­կան թէ’ ներքին ու թէ’ արտա­քին յարա­բե­րութիւննե­րու ստրկա­միտ մշա­կումնե­րուն։

ՀՅԴ 34-րդ ԸԺ‑ը պարտաւոր է խորա­թա­փանց ու համա­պարփակ քննութեան ենթարկել Հայաստա­նեան Կառոյցի երեսնա­մեայ գործունէութիւնը հանգրուան առ հանգրուան, ծալք առ ծալք. ու յանգի յեղա­փո­խա­կան որո­շումնե­րու։

Պարտաւոր է նաեւ պատասխա­նել երկու հարցումնե­րու.

1- Որքանո՞վ Դաշնակցութիւնը խտա­ցումն է մեր ժողո­վուրդի տենչե­րուն։

2- Ինչու՞ Դաշնակցութեան մէջ կան երկու հակա­դիր մտա­ծո­ղութիւններ։

Իր հարիւրե­րեսնա­մեայ պատմութեան ընթացքին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ունե­ցած է կազմա­կերպա­կան ներքին տարա­ձայնութիւններ, մինչեւ իսկ՝ խլրտումներ. բայց ՄԻՇՏ ալ գտած է բաւա­կա­նա­չափ ՆԵՐՈՒԺ՝ այդ հարցե­րը ՆԵՐՍՈՎ լուծե­լու, անտե­սե­լով արտա­քին ամէն միջամտութիւն կամ արտա­քին ամէն սպառնա­լիք։ Եւ ԱՅԴ եղած է միշտ Դաշնակցութեան ՈՒԺԻ կարեւո­րա­գոյն ազդակնե­րէն մէկը. ոչ այնքան Կանո­նա­գի­րը, որքա՜ն ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՓՈԽԶՍՊՈՒՄԻ ՈԳԻՆ։

Դժբախտա­բար այսօր, Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ ներքին ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ երեւոյթներ.

1- Շարքե­րուն մէջ ակնյայտ է ԼՈՒՌ դժգո­հութիւն մը մեծա­թիւ ընկերնե­րու, որոնք շատ հաւա­նա­բար պիտի չկա­րե­նան ներկա­յա­ցուիլ յառա­ջի­կայ ԸԺ-ին՝ վերջին 20 տարի­նե­րու անձնիշխա­նա­կան ընտրա­կան կառուցուածքի կաղա­պա­րումին պատճա­ռով։

2- Շուրջ չորսամսեայ կեանք ունե­ցող ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ կազմա­կերպա­կան ՃԳՆԱԺԱՄԸ։

3- ՀՅԴ Բիւրո­յի կազմէն ընկեր Վիգէն Եագուպեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նի հարցը, որուն նախա­դէ­պը պատա­հած է միայն մէկ անգամ՝ շուրջ 90 տարի առաջ։

ԱՐԴ, մինչեւ 34-րդ ԸԺ‑ի գումա­րումը, դաշնակցա­կան կազմա­կերպա­կան բոլոր մարմիններն ու ընկերնե­րը թանկա­գոյն ժամա­նա­կը ունին քննարկե­լու Դաշնակցութեան Քաո­սա­յին Վիճա­կը՝ որո­շա­կի հանգուցա­լուծումներ որո­նե­լու տրա­մադրութեամբ եւ հարցե­րուն ՆԵՐՍԷՆ ելքեր գտնե­լու պատասխա­նա­տուութեամբ։

Մինչ այդ, ԴՈՒՐՍԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ դեռեւս պիտի շարունա­կեն մնալ դիտորդի դերին մէջ։

ՆՈՅՆ պատասխա­նա­տուութեամբ։

Առնչվող Հոդվածներ