ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Վերջին Միջոցը

․․․ եւ այդ եղած է միշտ Դաշնակցութեան ուժի կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը. ոչ այնքան Կանոնագիրը, որքա՜ն ներքին հաւաքական փոխզսպումի ոգին։

Յարութ Գալայճեան

Հ. Յ. Դաշնակցութեան բովանդակ պատմութեան համար յառաջիկայ Ընդհանուր Ժողովը պիտի հանդիսանայ ամենաճակատագրականը. որովհետեւ, ոչ մէկ ժամանակ՝ անիկա չէ հանդիպած նոյնինքն իր գոյութիւնը ծանր հարցականներով նախապայմանաւորող ներկայ իրողութեան։

Եւ աներկբայօրէն, այդ հարցականները կը վերաբերին անմիջականօրէն իր գործունէութեան գաղափարախօսական հակասութիւններուն, կանոնագրային անձնիշխանական շահագործումներուն եւ քաղաքական թէ’ ներքին ու թէ’ արտաքին յարաբերութիւններու ստրկամիտ մշակումներուն։

ՀՅԴ 34-րդ ԸԺ-ը պարտաւոր է խորաթափանց ու համապարփակ քննութեան ենթարկել Հայաստանեան Կառոյցի երեսնամեայ գործունէութիւնը հանգրուան առ հանգրուան, ծալք առ ծալք. ու յանգի յեղափոխական որոշումներու։

Պարտաւոր է նաեւ պատասխանել երկու հարցումներու.

1- Որքանո՞վ Դաշնակցութիւնը խտացումն է մեր ժողովուրդի տենչերուն։

2- Ինչու՞ Դաշնակցութեան մէջ կան երկու հակադիր մտածողութիւններ։

Իր հարիւրերեսնամեայ պատմութեան ընթացքին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ունեցած է կազմակերպական ներքին տարաձայնութիւններ, մինչեւ իսկ՝ խլրտումներ. բայց ՄԻՇՏ ալ գտած է բաւականաչափ ՆԵՐՈՒԺ՝ այդ հարցերը ՆԵՐՍՈՎ լուծելու, անտեսելով արտաքին ամէն միջամտութիւն կամ արտաքին ամէն սպառնալիք։ Եւ ԱՅԴ եղած է միշտ Դաշնակցութեան ՈՒԺԻ կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը. ոչ այնքան Կանոնագիրը, որքա՜ն ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՓՈԽԶՍՊՈՒՄԻ ՈԳԻՆ։

Դժբախտաբար այսօր, Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ ներքին ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ երեւոյթներ.

1- Շարքերուն մէջ ակնյայտ է ԼՈՒՌ դժգոհութիւն մը մեծաթիւ ընկերներու, որոնք շատ հաւանաբար պիտի չկարենան ներկայացուիլ յառաջիկայ ԸԺ-ին՝ վերջին 20 տարիներու անձնիշխանական ընտրական կառուցուածքի կաղապարումին պատճառով։

2- Շուրջ չորսամսեայ կեանք ունեցող ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ կազմակերպական ՃԳՆԱԺԱՄԸ։

3- ՀՅԴ Բիւրոյի կազմէն ընկեր Վիգէն Եագուպեանի հրաժարականի հարցը, որուն նախադէպը պատահած է միայն մէկ անգամ՝ շուրջ 90 տարի առաջ։

ԱՐԴ, մինչեւ 34-րդ ԸԺ-ի գումարումը, դաշնակցական կազմակերպական բոլոր մարմիններն ու ընկերները թանկագոյն ժամանակը ունին քննարկելու Դաշնակցութեան Քաոսային Վիճակը՝ որոշակի հանգուցալուծումներ որոնելու տրամադրութեամբ եւ հարցերուն ՆԵՐՍԷՆ ելքեր գտնելու պատասխանատուութեամբ։

Մինչ այդ, ԴՈՒՐՍԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ դեռեւս պիտի շարունակեն մնալ դիտորդի դերին մէջ։

ՆՈՅՆ պատասխանատուութեամբ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *