16.9 C
Yerevan

Ցոլակ Թիւթէ­լեա­նի Աւանդը

Յուշա­պա­տում

Անխառն, անսա­կարկ եւ անձնուէր ՍԷՐը՝ դէպի Ազգը, Ընտա­նի­քը եւ Գաղա­փա­րի Օճա­խը

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Ազգա­յին-պետա­կան եւ քաղա­քա­կան-կուսակցա­կան երախտա­շատ ԳՈՐԾԻՉի ինքնա­տիպ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ մը յաւի­տե­նա­կան իր հանգիստը գտաւ ընկեր ՑՈԼԱԿ ԹԻՒԹԷԼԵԱՆի մահով։

ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔի Հայոց Պանթէո­նին մէջ իր մնա­յուն տեղը զբա­ղեցնե­լու գնաց աւե­լի քան յիսուն տարուան ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԱՍՏԱԿ նուա­ճած՝ Լիբա­նա­նի հայութեան սէրն ու յարգանքը արդա­րօ­րէն վայե­լած ԸՆԿԵՐ — եւ, ինչո՛ւ ոչ, ՊԱՐՈՆ — ՑՈԼԱԿը․․․

Արդա­րեւ՝ որքան Դաշնակցութեան, նոյնքան եւ մեր ժողո­վուրդի տարբեր շերտե­րուն ու հոսանքնե­րուն երախտա­գի­տութեան արժա­նի ԳՈՐԾ եւ ՎԱՐՔ կապուած են Ցոլակ Թիւթէ­լեան անունին։

Իր զաւակնե­րը՝ Ալի­սը, Մարա­լը եւ Րաֆֆին — իրենց ընտա­նիքնե­րով ու հարա­զատնե­րով հանդերձ — անմխի­թար չեն իրենց սուգին մէջ, այլեւ՝ սովո­րա­կան իմաստով սգաւոր ալ չեն, որովհե­տեւ Ցոլակ Թիւթէ­լեան վերջին հաշուով կը վերա­միա­նայ իր այնքան սիրած ու պաշտած կեանքի ընկե­րոջ՝ տիկին ԿԱՍԻԱ­յին, որուն բառին խորա­գոյն իմաստով ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԱԾ մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը երկրաւոր այս կեանքին մէջ։

Աւե­լի քան վեց տարի առաջ, Լիբա­նան մէկ այցե­լութեանս ընթացքին, ընկե­րոջս՝ Մարտիկ Պօղո­սեա­նին — Ալիս Թիւթէ­լեա­նի ամուսի­նին — հետ գացի ընկեր Ցոլա­կի մօտ՝ ցաւակցե­լու համար տիկին Կասի­կի մահուան առի­թով։ Այդ օրե­րուն «ԱԶԴԱԿ»ի մէջ լոյս տեսած էր ընկեր Ցոլա­կի ստո­րագրութեամբ սրտա­ռուչ մահագրա­կան վկա­յութիւն մը ԿԱՍԻԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ԹԻՒԹԷԼԵԱՆին նուի­րուած — անմա­հա­նուն ԱՐԱՄ ՍԱՀԱԿԵԱՆի դուստրն էր տիկին Կասի­կը։ Ընկեր Ցոլակ ուզեց, որ իր այդ վկա­յութիւնը հետս առնեմ եւ քովս ունե­նամ․ ձեւով մը՝ ինձ աւանդ յանձնեց իր Մեծ Սէրը վկա­յե­լու ճիտի պարտքը։

Կցուած՝ ընթերցո­ղի ուշադրութեան կը յանձնեմ սրտի այդ խօսքը․-

Նաեւ ազգա­յին-կուսակցա­կան մեր կեանքին մէջ ընկեր Ցոլակ հայրա­կան ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՄԲ եւ ՍՐՏԲԱՑՈՒԹԵԱՄԲ միշտ աշխա­տե­ցաւ ու գործեց ի սպաս ԿԱՄՐՋՈՒՄի իր առա­քե­լութեան իրա­կա­նա­ցումին։ ԿՈՂՄԵՐ իրա­րու մօտեցնե­լու եւ հաշտեցնե­լու անսպառ կորով մը ունէր իր մէջ եւ, մանաւա՛նդ, անհրա­ժեշտ ժամա­նա­կը ի վիճա­կի էր տրա­մադրե­լու այդ նպա­տա­կի յաջո­ղութեամբ պսա­կումին համար։

Հետեւա­բար, ընկեր Ցոլա­կի ԱՒԱՆԴը շարունա­կե­լու կոչուած դաշնակցա­կաննե­րը իրենք եւս, սգաւո­րի իրենց ապրումնե­րէն անդին, կրնան մխի­թա­րուիլ այն հաստատ համո­զումով, որ երկար տարի­նե­րու իր այրող կարօ­տին առյաւէտ յագուրդ կու տայ ահա հանգուցեալ մեր Ընկե­րը՝ վերա­միա­նա­լով Հրաչ Տասնա­պե­տեան, Եդուարդ Էլո­յեան, Հրայր Մարուխեան, Աբօ Աշճեան, Ժիրայր Ալա­հայտո­յեան եւ այլ անուննե­րով յայտնի ու անյայտ իր սերնդա­կից բոլոր ընկերնե­րուն, որոնց անուննե­րը մէկ առ մէկ թուե­լու պահը չէ հիմա։

Բայց յատկա­պէս ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի հետ ընկեր Ցոլա­կի ունե­ցած գաղա­փա­րա­կան մտերմութիւնը եւ գործա­կի­ցի հարա­զա­տութիւնը անպայման արժա­նի են յիշա­տա­կութեան, այլեւ՝ յատուկ կարեւո­րութեամբ ընդգծումի, որովհե­տեւ գոնէ ես կրնամ վկա­յել 1982էն 1985 անոնց ունե­ցած՝ միասնա­բար ՈՒՂԻ՜ հարթե­լու գաղա­փա­րա­կան ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մասին։

Հակա­ռակ անոր, որ տարի­քով համե­մա­տա­բար աւա­գը ինքն էր, այդուհանդերձ՝ ընկեր Զէյթլեա­նի նկատմամբ ընկեր Ցոլակ կը տածէր իր մտքերն ու քայլե­րը առաջնորդող ղեկա­վա­րը գնա­հա­տե­լու անխառն հոգե­հա­րա­զա­տութիւն՝ ընկե­րա­կան փոխա­դարձ հաւա­տարմութեան վրայ խարսխուած հպարտութիւն։

Այդպէ՛ս, ու ամփո՛փ․ ընկեր Ցոլակ Թիւթէ­լեան իր անձով, գործով ու կեանքով մարմնաւո­րեց եւ շնչաւո­րեց ԱՒԱՆԴը տիպար ՀՄԸՄակա­նի, որ միշտ հաւա­տա­րիմ մնաց «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ, ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» բնա­բա­նին։

Խորքին մէջ՝ յանուն արդա­րութեան պէտք է որոշ բարե­փո­խումի արժա­նացնել բնա­բա­նը եւ շեշտել, որ ընկեր Ցոլակ իր շրջա­պա­տին մէջ միշտ արժէքնե­րը տեսնողն ու գնա­հա­տողն էր՝ ընկերնե­րը եւ գործա­կիցնե­րը ԲԱՐՁՐԱՑՆՈՂն էր եւ, իբրեւ այդպիսի՛ն էր, որ բոլո­րիս աչքին դարձաւ ու հանդի­սա­ցաւ ԲԱՐՁՐ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐը։

Առնչվող Հոդվածներ