Արեւմտեան Ամերիկայի մեր ընկերներէն՝ տնտեսագետ Արա Խանճեան ներքոտեղադրուած տեսաերիզին մէջ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յուզող կարգ մը տնտեսական հիմնախնդիրներ եւ այդ առնչութեամբ՝ իշխանութեան կարգաւորման բացթողումները, ռազմավարական դաշնակիցէն մեր միակողմանի կախեալութիւնը, հայկական մարդուժի արդիւնաւոր օգտագործումը, առողջապահական ապահովագրում-տնտեսութիւն փոխկապակցումը, թրքական սահմաններու վերաբացման կնճռոտութիւնը եւ այլ հարցեր։