20 C
Yerevan

Փոխ-կապակցուած Տրա­մա­բա­նութեամբ

Հակա­ռակ որոշ կորուստնե­րու, պարտութիւննե­րու եւ կորուստնե­րու, պիտի վերա­նո­րո­գենք մեր կռիւը, պիտի շարունա­կենք պահանջել, պիտի շարունա­կենք պայքա­րիլ:

Երէկ, ազգա­յի­նէ մը հեռա­խօ­սա­զանգ ստա­ցայ, ուր ան մտա­հոգ սակայն յարգա­լիր կերպով հարց կու տար թէ ինչպէ ՞ս արդա­րացնել թէ հայրե­նի­քի մէջ հող կորսնցուցինք եւ այսօր ալ նոր մարտահրաւէրնե­րու առջեւ ենք, իսկ մենք համայնքնե­րը կը լարենք Հայոց Ցեղասպա­նութեան ճանաչման գծով պահանջա­տի­րութեան համար, ստո­րագրա­հաւաքներ ու այլ միջո­ցա­ռումներ կազմա­կերպե­լով:

Եւ քանի որ մօտ ամիս մը առաջ նմա­նօ­րի­նակ պատգամ մըն ալ ստա­ցած էի անծա­նօթ հայրե­նա­կի­ցէ մը (Ի՞նչու ցեղասպա­նութեան ճանա­չում կը պահանջէք, պահանջե­ցէք Արցա­խի ճանա­չում),

1. Հայ Դատի եւ յանուն հայ ազգի ազա­տագրա­կան պայքա­րը բազմա­մա­կարդակ եւ բազմա­շերտ կռիւ է, որ կը պահանջէ պայքար մի քանի տարբեր ուղղութիւննե­րով:

2. Հայ ազգի պահանջա­տի­րութեան ուղղութիւննե­րը երբեմն իրարմէ անկախ, բայց շատ անգամ փոխ-կապակցուած տրա­մա­բա­նութեամբ առաջ կը տարուին։

3. Տուեալ պահու մը, տուեալ պայմաննե­րու բերումով, կարե­լիութիւններ կը ներկա­յա­նան մէկ կամ միւս ճակա­տի ուղղութեամբ պայքա­րը սաստկացնե­լու, մինչ մէկի սաստկա­ցումը յաճախ իր բարենպաստ ազդե­ցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ այլ ուղղութեամբ տարուած պայքա­րին: Օրի­նակ, Թուրքիոյ դէմ տարուող քարոզչա­կան մարտե­րը, նաեւ իրենց պտուղնե­րը կ՚ուտան մեր հաւա­քա­կան պայքա­րի այլ ուղղութիւննե­րով, այսինքն Արցա­խի ուղղութեամբ։

4. Ցեղասպա­նութեան ճանաչման համար տարուած պայքա­րի ճամբով ձեռք բերուած յաջո­ղութիւննե­րը, բարե­կա­մութիւննե­րը, քաղա­քա­կան բանա­լի­նե­րը միշտ ու միշտ ծառա­յած են ու կը ծառա­յեն մեր հաւա­քա­կան օրա­կարգի այլ ուղղութիւննե­րու օգտին՝ ՀՀ-ին ու Արցա­խին տնտե­սա­կան թէ այլ օժանդա­կութիւն հասցնե­լէն մինչեւ Արցա­խի հիմնա­հարցի գծով յառաջխա­ղացք ապա­հո­վե­լու համար։

5. Աշխարհով մէկ եւ տասնա­մեակնե­րու վրայ Թուրքիոյ դէմ շղթա­յա­զերծուած պայքար,ը որ Հայոց Ցեղասպա­նութեան ճանա­չում եւ համա­պա­տասխան հատուցում կը պահանջէ, նաեւ կը ծառա­յէ ազգի զաւակնե­րը զգօն պահե­լու եւ սերունդներ դաստիա­րա­կե­լու, ինչը իր անմի­ջա­կան դերը կը խաղայ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ բարձր պահե­լու ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքա­րի գծով յանձնա­ռութեան ոգին:

6. Ոեւէ պահի, մէկ ուղղութեամբ եւ մէկ ճակա­տի վրայ ուժե­րու լարումը չի նշա­նա­կեր մէկ այլ ուղղութեամբ ճիգե­րը մեղմացնել: Աշխարհի վրայ տասը միլիոն հայեր, իւրա­քանչիւրը իր պայմաննե­րուն եւ իր կարե­լութեան սահմաննե­րուն մէջ պէտք է նպաստէ համընդհա­նուր պայքա­րին, այն ինչ ուղղութեամբ որ կարե­լի է: Պայքա­րիլ հայրե­նի­քի եւ անոր ամբողջա­կա­նութեան ու վերելքին համար, չի նշա­նա­կեր որ մարդ չկա­րո­ղա­նայ ակնթարթ մըն ալ տրա­մադրել ու ստո­րագրա­հաւա­քի մասնակցիլ: Տղաք եւ սերունդներ իրենց կեանքը տուած են ազգին համար, մեզմէ ակնկա­լուա­ծը շատ յաճախ ոչինչ է բաղդա­տութեան մէջ:

Վերջա­պէս, Ապրիլ ամի­սը հայկա­կան պահանջա­տի­րութեան եւ յատկա­պէս Թուրքիա­յէն շեր պահանջնե­րը խորհրդանշող ամիս է։ Հակա­ռակ որոշ կորուստնե­րու, պարտութիւննե­րու եւ կորուստնե­րու, պիտի վերա­նո­րո­գենք մեր կռիւը, պիտի շարունա­կենք պահանջել, պիտի շարունա­կենք պայքա­րիլ, եւ պիտի արձա­նագրենք նորա­նոր յաղթա­նակներ մեր դարաւոր, բազմա­մա­կարդակ, բազմա­շերտ ազա­տագրա­կան պայքա­րին մէջ՝ մինչեւ ամբողջա­կան յաղթա­նակ։ Ամէն մէկ քայլ որ կ՚առնենք այս ուղղութեամբ, խօսքերն ու խոստումնե­րը դուրս կը բերենք լոզունքա­յի­նէն ու հռե­տո­րա­կա­նէն, ու զանոնք կը վերա­ծենք իրա­կա­նութեան:

Առնչվող Հոդվածներ