Ազատ բեմ

Թրքական Բեռնատարներ՝ Դէպի Շուշի

Այսօր, թրքական զօրքերը Ռուսաստանի համար ուղղակի եւ անուղղակի սպառնալիք են ոչ միայն Սուրիոյ եւ Լիբիայի, այլ նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, իսկ թրքական բայրաքտարները շուտով կը հասնին Ուքրանիա, կամ հասած են արդէն։

Րաֆֆի Տուտագլեան

1992-ին, երբ հայկական ուժերը ազատագրեցին Շուշին եւ Լաչինը, Թուրքիոյ նախագահ Թուրկութ Օզալ յայտարարեց, որ Թուրքիա ռազմական միջամտութիւն պէտք է կատարէ Ղարաբաղի մէջ, որպէսզի կանգնեցնէ հայերու յառաջխաղացքը։

Այդ օրերուն Ռուսաստան-Թուրքիա եւ Ռուսաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւնները այլ մակարդակի վրայ եւ այլ բնոյթի էին։ Օզալի յայտարարութիւնը անպատասխան չէր կրնար մնալ։ Մարաջախտ Եւգենի Շափոշնիքով, ԱՊՀի այդ օրերու Զինուած ուժերու հրամանատարը եւ ատկէ առաջ՝ Խորհրդային Միութեան պաշտպանութեան նախարարը, յայտարարեց, որ Արցախի մէջ ոեւէ երրորդ կողմի միջամտութիւն պատճառ կրնայ դառնալ «համաշխարհային երրորդ պատերազմի»։

Այս զգուշացումէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Սուլէյման Տեմիրէլ անմիջապէս յայտարարեց, որ իր երկիրը Ղարաբաղ զօրք ուղարկելու նպատակ չունի։ Լուրը կարդացէք ներքեւը՝ քոմենթներու մէջ։

Այսօր, թրքական զօրքերը Ռուսաստանի համար ուղղակի եւ անուղղակի սպառնալիք են ոչ միայն Սուրիոյ եւ Լիբիայի, այլ նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, իսկ թրքական բայրաքտարները շուտով կը հասնին Ուքրանիա, կամ հասած են արդէն։

Անցեալին, Թուրքիա չէր համարձակեր նման միջամտութիւններ կատարելու՝ սովետական կամ ռուսական ազդեցութեան տակ գտնուող գօտիներէն ներս։ Այսօր փոխուած են ժամանակները եւ Թուրքիա այլեւս դարձած է աւելի համարձակ ու յարձակողական, եւ բացայատօրէն չի խուսափիր անուղղակի առճակատումէ Ռուսաստանի հետ, իսկ ուղղակի ճակատումէ կը խուսափին թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ռուսաստանը։

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները թէեւ այսօր ունին համագործակցութեան ոլորտներ՝ տնտեսական, ռազմական, առեւտրային, զբօսաշրջիկութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ, բայց ունին նաեւ խոր մրցակցութեան ու հակակրանքի պատճառներ, գլխաւորաբար՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ այլ ուղղութիւններով Թուրքիոյ ծաւալողական քաղաքականութեան բերումով։ Ռուսաստան ակամայ զիջումներու գացած է Սուրիոյ եւ Անդրկովկասի մէջ, բայց դժուար է կռահել, թէ Մոսկուա մինչեւ ե՞րբ պիտի ընդունի փոքր շահերու դիմաց իր շարունակական տեղատւութիւնը…

Իսկ թրքական ներկայութիւնը ամէն օր աւելի զգալի կը դառնայ ռուսական ազդեցութեան գօտի համարուող տարածքներու, ներառեալ Ադրբեջանի եւ Արցախի բռնագրաւեալ գրաւեալ տարածքներու մէջ։

Ամէն օր, թրքական հսկայ բեռնատարներ չես գիտեր ի՞նչ կը տանին Շուշի։ Անոնք իրենց մեքենաներու համարները ծածկած, ադրբեջանական բեռնատարներու հետ միասին, շարասիւններով կը մտնեն Շուշի, օգտագործելով Կարմիր Շուկայ-Շուշի աւտոճանապարհը։ Հեգնանքը այն է, որ հայկական տարածքներէն անցնող այս բեռնատարներու անվտանգութիւնը կ՚երաշխաւորեն ռուս խաղաղապահները, որոնք շարասիւններուն կ՚ընկերանան մինչեւ Շուշի եւ վերադարձ դէպի Ադրբեջանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներ։

Թրքական դրօշակներու ներկայութիւնը Շուշիի մուտքերուն ցոյց կու տայ, թէ վերջին պատերազմին աւելի շատ ո՞վ էր իրավիճակ փոխողը եւ սահման պարտադրողը Արցախի մէջ…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *