15.1 C
Yerevan

Հայկա­կան Ցեղասպա­նութեան Ճանաչման Նշա­նա­կութիւնը՝ Այսօր

Հայութեան այս պայքա­րը ամբողջ մարդկութեան անշեղ պայքարն է՝ մինչեւ ցեղասպա­նութեան ոճի­րի և այդ ոճի­րի անդրա­դարձնե­րու վերա­ցումը, մինչև Հայկա­կան ցեղա­պա­նութեան վերջնա­կան արդա­րա­հա­տոյցը։

Հրազդան ԶԷյթլեան

Ապրիլ 24, 2021-ին ԱՄՆ նախա­գահ Բայդե­նը Ճանա­չե­լով Հայոց Ցեղասպա­նութիւնը առա­ջին անգամ ըլլա­լով առանց նոսրացման Մեծ Եղեռնը բնո­րո­շեց գործա­ծե­լով մարդկութեան դէմ միջազգա­յին ոճիրնե­րու օրէնքին մէջ կիրա­րուող «ժէնօ­սիտ» բառը: Հայութիւնը աւելցուց ԹՈՒՂԹԷ ՆՈՐ ՇԵՐԵՓ մը ևս մեր սին «յաղթանակ»ներու բաժա­կա­դա­րա­կին — ե՞րբ պիտի անդրա­դառնանք որ միակ «յաղթա­նա­կը» Եղեռնի ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈ՛ՅՑն է՝ այսինքն նիւթա­կան և հողա­յին հատուցում:

Ընդունուած փաստ է որ քսա­նե­րորդ դարու ամէ­նէն ահաւոր ոճի­րը մարդկութեան դէմ՝ նացիա­կան Գերմա­նիոյ կողմէ հրէա­նե­րու հոլո­քոսթը կամ ողջա­կի­զումը եղած է, երկրորդ համաշխարհա­յին պատե­րազմին ընթացքին:

Այս ոճի­րէն առաջ, պատա­հած էր՝ Մեծ Եղեռնը: Քաղա­քա­կան սին հաշիւնե­րով, Թուրքիան սիրա­շա­հե­լու և իրենց կողմը անցնե­լու միշտ ալ ձախո­ղութեան դատա­պարտուած այդ պետութիւննե­րու քաղա­քա­կան հաշուարկնե­րուն պատճա­ռով, թէ՛ Արևմուտքի երկիրնե­րը և թէ՛ Խորհրդա­յին Միութիւնը, 1915-էն մինչև երկրորդ համաշխարհա­յին պատե­րազմը՝ մոռցած էին Մեծ Եղեռնը՝ քսա­նե­րորդ դարու ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՄԵՂՔԸ: Մոռցուած էր այնքա՜ն որ Եւրո­պա­յի մէջ հրեա­նե­րու բնաջնջումը նացի­նե­րուն կողմէ Չըրչի­լը «անա­նուն ոճիր» մը կոչած էր. այսինքն ոճիր մը որու տեսա­կը ատկէ առաջ գոյութիւն չէր ունե­ցած: Չըրչիլ անշուշտ չարա­չար սխալ էր, Անգլիան «մոռցած» էր այդօ­րի­նակ ոճի­րի ԱՌԱՋԻՆ գործադրութիւնը:

Մեծ Եղեռնը չէր մոռցած անշուշտ մի ոմն՝ Հիթլէ­րը: Հիթլէ­րի և իր գործա­կիցնե­րուն համար Հայութեան Ջարդը եղած էր ամէ­նաուսա­նե­լի օրի­նակ՝ մասսա­յա­կան բնաջնջման: Հիթլէր նոյնիսկ Հայութեան Ջարդը նշած էր իբրեւ օրի­նակ իր չարա­ծա­նօթ ճառե­րէն մէկուն մէջ ուղղա­կի իր ջարդա­րար յատուկ ջոկա­տա­յիննե­րուն:

Իրօք՝ Մեծ Եղեռնը պատմութեան մէջ ցարդ կատա­րե­լա­պէս աննա­խա­դէպ դէպք մը եղած էր: Արդա­րեւ, քսա­նե­րորդ դարու նորե­րեւցող մասնա­գի­տա­կան գիտութիւննե­րը առա­ջին անգամ ի գործ դրուած էին անե­րեւա­կա­յե­լի մասշտա­բով կոտո­րած կազմա­կերպե­լու համար: Հաշուագրութեան, հաղորդակցութեան գիտութիւննե­րու, քսա­նե­րորդ դարու կառա­վարման արդիա­կան տեսչա­կան միջո­ցա­ռումնե­րու կանխամտա­ծուած ու կազմա­կերպուած լայնա­ծաւալ եւ ամբողջա­կան գործադրութիւնը, առաւել ատե­նի գերարդիա­կան ռազմամթերքի ու զինուո­րա­կան միջոցնե­րը գործ դրուած էին՝ կատա­րե­լու սպանդ արհեստա­գի­տա­կան մակարդա­կով եւ սահմռկե­ցուցիչ արդիւնքով:

Հոլո­քոսթը պէտք էր որ սահմա­նուէր իբրև նոր ոճիր մը՝ մանաւանդ որովհե­տեւ Մեծ Եղեռնը մոռցուած ոճիր մըն էր: Ահաւա­սիկ ինչու այսօր (ինչպէս երէկ) երբէ՛ք պէտք չէ դադրի եղեռնի ոճի­րին յիշե­ցումը եւ այս ոճի­րին դէմ անդադրում դաստիա­րա­կութիւնը:

Ուրիշ խօսքով, եթէ Արեւմուտքը եւ Խորհրդա­յին Միութիւնը ատե­նին թաղած չըլլա­յին Մեծ Եղեռնի ոճի­րը, շատ հաւա­նա­բար հոլո­քոսթը տեղի չէր ունե­նար:

Ճի՛շդ ինչպէս քիմիա­կան ռումբե­րու գործա­ծութիւնը տեղի չունե­ցաւ երկրորդ համաշխարհա­յին պատե­րազմին ընթացքին, յետ նման զինա­մի­ջոցնե­րու օգտա­գործման դէմ համաշխարհա­յին պայմա­նադրութեանց տեղադրման՝ առա­ջին համաշխարհա­յին պատե­րազմէն ետք, ի հակազդե­ցութիւն այդ զէնքե­րու կիրարման գործած անմարդկա­յին աւե­րին:

Քանզի հրեա­կան ողջա­կի­զումը «անա­նուն ոճիր» մըն էր, «աննա­խա­դէպ» ոճիր մը, ուստի՝ այս ոճի­րը սահմա­նե­լու համար միջազգա­յին դատա­րաննե­րը Նիւրէմպերկեան և յետ-Նիւրէմպէրկեան մասսա­յա­կան բնաջնջման դատե­րուն ընթացքին գործա­ծե­ցին Ռաֆաէլ Լեմքի­նի բառը՝ ցեղասպա­նութիւն կամ ժէնօ­սիտ: Բառ մը՝ մանաւա՛նդ իբրև ՈՃՐԱՅԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐէՆՍԳԻՐՔԻ ԹԵՐՄԻՆ, որ կարև­որ է յատկա­պէս նկա­րագրե­լու համար նաեւ Հայութեան բնաջնջումը:

Ցեղասպա­նութիւնը իբրև ոճիր ցեղի մը կամ կրօնքի մը պատկա­նողնե­րու պետա­կան կանխամտա­ծուած եւ կազմա­կերպուած բնաջնջումն էր, ժէնօ­սիտ միջազգա­յին օրէնքի բառին բնո­րո­շումով:

Հարցը ա՛յն է որ Մեծ Եղեռնը գործադրուած էր ոճրա­յին մակարդա­կով մը որ լման հարթութիւն մը աւե՛լի ոճրա­յին էր՝ քան հրեա­կան ողջա­կի­զումը, և որու յաւե­լեալ սահմա­նումը տակաւի՛ն այսօ՛ր իսկ կը կարօ­տի յաւե­լեալ միջազգա­յին օրէնսդրա­կան աշխա­տանքի:

Որքան ալ ահաւոր էր հրեա­կան ողջա­կի­զումի ոճի­րը, դժբախտա­բար Հայութիւնը ենթա­կայ եղած էր ժէնօ­սի­տէն անե­րեւա­կա­լիօ­րէն աւե­լի ծանրակշիռ, յաւե­լեալ ոճի­րի:

Ոճի­րը ոճիր է, բայց օրէնքնե­րը կը սահմա­նեն ամէ­նայն օրէնքա­յին մանրա­մասնութիւննե­րով տարբեր ոճիրնե­րը, իրենց ծանրութեան տարբեր մակարդակնե­րով:

Ցեղասպա­նութիւն բառը բաւա­րար չէ ընդգրկե­լու եւ օրէնքով սահմա­նե­լու համար լման ծանրութիւնը թրքա­կան պետա­կան ոճրին ինչ կը վերա­բե­րի Հայկա­կան Ցեղասպա­նութեան. Մեծ Եղեռնի ոճի­րը սահմա­նե­լու համար պէտք է ստեղծել եւ կիրա­րել նոր բառ մը՝ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄ կամ nationcide:

Հայկա­կան Ցեղասպա­նութիւնը աւե­լի ոճրա­յին է քան ցեղի մը կամ կրօ­նա­կան խումբի մը բնաջնջումը իր պատմա­կան բնօրրա­նէն դուրս: Մեծ Եղեռնը ցեղասպա­նութիւն է՛՝ առաւե՛լ՝ հայազգի բնօրրա­նի անդառնա­լի գողութիւնը թշնա­մի ազգի մը կողմէ:

Մեծ Եղեռնը ցեղասպա­նութիւն է՛, առաւե՛լ՝ հողա­տա­րածքի ազգա­յին իրաւունքի ջնջում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպա­նութիւն է՛, առաւե՛լ՝ կոտրումը Ազգին, «ազգ» հասկնա­լով իբրեւ հողա­տա­րածքի մը վրայ պատմութեան մէջ պետութիւն կերտած ժողո­վուրդ: Մեծ Եղեռնը ցեղասպա­նութիւն է՛, առաւե՛լ՝ Ազգա­կոտրում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպա­նութիւն է՛, առաւե՛լ ազգա­յին կայքի սեփա­կա­նազրկում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպա­նութիւն է՛, առաւե՛լ պատմա­կան հայրե­նի­քի խլում, վերջնա­կան հայրե­նազրկում:

Առ այդ՝ Հայկա­կան ցեղասպսնութիւնը, հայութեան ազգաջնջումը արդի դարաշրջա­նի ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՈՃԻ՛ՐՆ Է ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ, ԱՆԵՐԿԲԱՅՕՐԷ՛Ն:

ԱԶԳԱՋՆՋՄԱՆ ԱՄԵՆԱԾԱՆՐ այս ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ոճի­րը այսօ՛ր, ամէն օրէ աւե­լի, կը սպա­սէ միջազգա­յին համայնքի միա­հա­մուր ճանաչման, յատուկ, հատու դատա­պարտութեան, ցեղասպա­նութեան զոհե­րու ժառանգորդնե­րու հատուցման գործադրութեան և ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄՈՎ բռնագրաւուած հողե­րու վերա­դարձին Հայաստա­նի մնա­ցորդա­ցին՝ իբրև միակ ընդունե­լի և արդա՛ր լուծումը ցեղասպա­նութեան և հայրե­նա­գո­ղութեան ԿՐԿՆԱԿԻ հակա­մարդկա­յին ոճիրնե­րուն:

Ահաւա­սիկ ինչու կը պայքա­րինք արդա­րօ­րէն:

Որովհե­տեւ այսօր, ի տարբե­րութիւն հոլո­քոսթին, Հայութեան ազգաջնջումը կը շարունա­կուի անդա­դար:

Հայութեան ազգաջնջումը կը շարունա­կուի այսօր ցեղասպան ՆՈ՛ՅՆ թրքա­կան պետութեան օրի­նա­կան ժառանգորդ այսօ­րուան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, տարբեր ուղղա­կի և անուղղա­կի միջոցնե­րով, և Թուրքիոյ պետա­կան քաջա­լե­րութեամբ՝ Թուրքիոյ դաշնա­կից Ատըրպէյճան թրքա­կան նորե­լուկ պետութեան և Թուրքիոյ պետութեան հակակշռի տակ այլ ահա­բեկչա­կան ուժե­րու կողմէ:

Կը պայքա­րինք որովհե­տեւ ի բացա­կա­յութիւն Մեծ Եղեռնի ոճի­րին միջազգա­յին ամբողջա­կան ճանա­չումին, Հայկա­կան Ցեղասպա­նութիւնը կը շարունա­կուի անդադրում զանա­զան անգութա­գոյն միջոցնե­րով: ներա­ռեալ՝ Հայութիւնը կը շարունա­կուի խողխո­ղուիլ իր Արցա­խեան բնօրրա­նին մէջ, և Հայկա­կան մշա­կութա­յին ժառանգութեան ջնջումը կը շարունա­կուի գրաւեալ Նախիջև­ա­նէն մինչև գրաւեալ Արևմտա­Հա­յաստան:

Հայութեան եղեռնը պատմա­կան անցած հանգրուան չէ, ա՛յլ թրքա­կան պետութեան շարունա­կա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը մինչեւ մեր վերջը իբրեւ պետա­կան ազգ:

Արցա­խի վերջին մարտե­րու միանշանա՛կ ուսա­նե­լի դասը այն է որ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրե­լէ՝ եղեռնի շարունա­կութիւնը:

Ահա ինչու՝ Հայկա­կան Ցեղասպա­նութեան ճանա­չումը և Արցա­խը թրքա­կան Ատըրպէյճա­նէն ազա­տագրե­լու դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛ՆՆՈ՜ՅՆ պայքարն է՝ կասեցնե­լու, այսօր՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈ՛Ղ ԵՂԵՌՆԸ:

Հայութեան այս պայքա­րը ամբողջ մարդկութեան անշեղ պայքարն է՝ մինչեւ ցեղասպա­նութեան ոճի­րի և այդ ոճի­րի անդրա­դարձնե­րու վերա­ցումը, մինչև ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑԸ, և ա՛յս ոճի­րի արդա­րա­հա­տոյցին ընդմէ­ջէն՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԱՍԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄԻ ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՃԻՐԷՆ:

Առնչվող Հոդվածներ