15.1 C
Yerevan

Մոսկուա­յի Դաշնագրին Ոգին Կը մնայ Տիրա­կան Ռուս եւ Թրքա­կան Յարա­բե­րութիւննե­րուն Մէջ

Բացա­յայտ կը դառնայ, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա, Մոսկուա­յի դաշնագրին ոգիով, աւե­լի նախա­պատւութիւն կու տան իրենց աշխարհա­քա­ղա­քա­կան շահե­րուն, քան միջազգայնօ­րէն ճանչուած սկզբունքնե­րուն:

Վարուժան Թէնպէ­լեան

Մոսկուա­յի դաշնագրին ստո­րագրութեան 100-ամեա­կին առի­թով (16 Մարտ 1921) Թուրքիոյ արտա­քին գործոց նախա­րա­րութիւնը յայտա­րա­րեց, որ համա­ձայնա­գի­րը՝ «ճշդե­լով մեր երի­տա­սարդ հանրա­պե­տութեան արեւե­լեան սահմաննե­րը Առա­ջին համաշխարհա­յին պատե­րազմէն ետք, ծառա­յած է նաեւ իբրեւ համե­րաշխութեան եւ համա­գործակցութեան հիմք Ռուսիոյ Սովե­տա­կան Դաշնակցա­յին Ընկերվա­րա­կան Հանրա­պե­տութեան հետ»՝ աւելցնե­լով, որ երկու երկիրնե­րը կը շարունա­կեն երկխօ­սութիւնն ու համա­գործակցութիւնը շրջա­նա­յին հարցե­րու եւ փոխա­դարձ յարա­բե­րութիւննե­րու մակարդա­կին վրայ: Տեղին է նշել, որ համա­ձայնագրի կնքման պահուն, ո՛չ Թուրքիոյ Հանրա­պե­տութիւնը, ոչ ալ Խորհրդա­յին Միութիւնը (ԽՍՀՄ) ստեղծուած չէին իբրեւ քաղա­քա­կան ճանչցուած միաւորներ:

Իր կարգին, Մոսկուա­յի դաշնագրի հարիւրա­մեա­կին անդրա­դառնա­լով, Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րա­րութեան բանբեր Մարիա Զախա­րո­վանշեց, որ «Թուրքիա եւ Ռուսիա կը շարունա­կեն երկխօ­սութիւնն ու համա­գործակցութիւնը փոխա­դարձ եւ շրջա­նա­յին յարա­բե­րութիւննե­րու մակարդակնե­րու վրայ»՝ աւելցնե­լով. «մենք կը հաւա­տանք, որ համա­գործակցութեան այս հասկա­ցո­ղութիւնը (դրսեւո­րուած դաշնագրին մէջ) կը շարունա­կուի այնպէս, որ մեր երկկողմա­նի յարա­բե­րութիւննե­րը նպաստեն շրջա­նա­յին խաղա­ղութեան, կայունութեան եւ բարգաւա­ճումին»:

Նոյնպէս դաշնագրին հարիւրա­մեա­կին առի­թով, Մոսկուա­յի պետա­կան համալսա­րա­նի ասիա­կան եւ ափրի­կեան հարցե­րու ուսումնա­սի­րութեան բաժանմունքի դասա­խօսնե­րէն՝ փրոֆ. Մեհմեդ Փերինչէք յայտնեց, որ «Առա­ջին համաշխարհա­յին պատե­րազմէն ետք, ինչպէս յայտա­րա­րած է Մուստաֆա Քեմալ Աթա­թուրք, արեւմտեան կայսե­րա­պաշտ պետութիւննե­րը Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ  ստեղծե­ցին «կովկա­սեան պատը»: Աթա­թուրքին համար, կովկա­սեան պատին վերա­ցումը անհրա­ժեշտ էր «անկա­խութեան պատե­րազմին» յաջո­ղութեան համար: Ուստի, 26 Ապրիլ 1920-ին, ան նամակ մը ուղարկեց Լենի­նին՝ առա­ջարկե­լով ոչնչացնել Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ բրի­տա­նա­ցի­նե­րուն հետ համա­գործակցող կառա­վա­րութիւննե­րը: Այսպի­սով, թրքա­կան եւ կարմիր բանակնե­րու համա­գործակցութեամբ, Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ կարե­լի դարձաւ վերացնել Դաշնակցա­կան եւ Մենշեւիկ կառա­վա­րութիւննե­րը: Այս համա­գործակցութիւնը առաջնորդեց Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ խաղա­ղութեան հաստատման: Թուրքեւռուս այս համա­գործակցութեամբ կարե­լի դարձաւ թէ՛ իր լրումին հասցնել Թուրքիոյ «Անկա­խութեան պատե­րազմը», թէ ալ ձերբա­զա­տիլ բրի­տա­նա­ցի­նե­րու աջակցութիւնը վայե­լող կառա­վա­րութիւննե­րէն, որոնք սպառնա­լիք կը հանդի­սա­նա­յին Ռուսիոյ Հոկտեմբե­րեան յեղա­փո­խութեան: Այս համա­գործակցութեան պատճա­ռով  ստո­րագրուե­ցաւ Մոսկուա­յի պայմա­նա­գի­րը»: 

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարա­բե­րութիւննե­րը, իբրեւ կայսե­րա­կան ու աշխարհա­կալ դրա­ցի ուժեր, պատմա­կա­նօ­րէն ունե­ցած են հակոտնեայ նկա­րա­գիր, որ 16-րդ դարէն մինչեւ 1921՝ Մոսկուա­յի դաշնա­գի­րը, պատճառ դարձած է աւե­լի քան տասը պատե­րազմի: Ճիշդ է, որ վախնա­լով Խորհրդա­յին Միութեան սպառնա­լի­քէն, Թուրքիա 1952-ին անդա­մակցե­ցաւ ՆԱԹՕ‑ի, սակայն պաղ պատե­րազմի աւարտէն ետք, այդ սպառնա­լի­քը մեղմա­ցաւ՝ առիթ ստեղծե­լով Մոսկուա­յի հետ աւե­լի գործնա­պաշտ յարա­բե­րութիւննե­րու: 2001-ին, երկու երկիրնե­րը ստո­րագրե­ցին համա­գործակցութեան համա­ձայնա­գիր մը՝ մրցակցե­լու փոխա­րէն համա­տեղ աշխա­տե­լու մտադրութեամբ: 2004-ին, Վլա­տի­միր Պութին դարձաւ ռուս առա­ջին նախա­գա­հը, որ Թուրքիա կ’այցելէ: Երկու երկիրնե­րու գործակցութիւնը կը զարգա­նայ եւ 2011-ին, Թուրքիա կը դառնայ Ռուսիոյ առեւտուրի երկրորդ մեծա­գոյն գործընկե­րը տարե­կան $30 միլիառ տոլա­րով (արտա­ծում՝ $6 միլիառ, ներա­ծում՝ $24 միլիառ), իսկ երկկողմա­նի առեւտուրի հիմնա­կան կէտը կը հանդի­սա­նայ ուժա­նիւթը (ներա­ծումնե­րու 70% համե­մա­տութիւնը, $21 միլիառ):

Համա­գործակցութեան այս մթնո­լորտը ցնցումի կ’ենթարկուի 2015-ին, երբ սուրիա­կան սահմա­նին վրայ Թուրքիա վար կ’առնէ ռուսա­կան զինուո­րա­կան օդա­նաւ մը: Իսկ մէկ տարի ետք, Անգա­րա­յի մէջ Ռուսիոյ դեսպա­նին սպա­նութիւնը կը նկա­տուի երկու երկիրնե­րուն միջեւ պատե­րազմի բռնկումի շարժա­ռիթ մը, սակայն զարմա­նա­լիօ­րէն, երկու երկիրնե­րու յարա­բե­րութիւննե­րը այդ վատ վիճա­կէն միանգա­մայն կը դառնան աւե­լի սիրա­լիր: 

Մինչ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու հետ Թուրքիոյ յարա­բե­րութիւննե­րը, լաւ թէ վատ, կ’ընթանան հաստա­տութե­նա­կան միջոցնե­րով, Ռուսիոյ հետ անոր կապե­րը ամբողջո­վին հիմնուած են անձնա­կան կապե­րու վրայ: Կ’ըսուի, որ նախա­գահ Պութին ինք նախազգուշա­ցուցած է Էրտո­ղա­նը 2016‑ի պետա­կան հարուա­ծի փորձին մասին, եւ առա­ջի­նը ինք շնորհաւո­րած է Թուրքիոյ նախա­գա­հը՝ երբ յեղաշրջման փորձը ձախո­ղութեան մատնուած է: Այդ օրէն ի վեր, աշխարհի առաջնորդնե­րու շարքին, երկու նախա­գահնե­րը ամէ­նէն աւե­լի գլուխ գլխի հանդի­պումներ ունե­ցած են:

Եւրո­պա­կան Միութեան անդա­մակցե­լու Թուրքիոյ բոլոր ճիգե­րը, մանաւանդ ներկա­յիս, կը մնան ապարդիւն: Սակայն, օրի­նա­կի համար, փոխա­նակ իր աչքե­րը դէպի Չինաստան դարձնե­լու եւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իր դիրքը օգտա­գործե­լով Մետաքսի նոր ճամբու նախա­ձեռնութեան ընձե­ռած կաե­լիութիւննե­րէն առաւե­լա­գոյնս օգտուե­լու, եւ միա­ժա­մա­նակ իր կապե­րը աշխուժացնե­լու Կեդրո­նա­կան Ասիոյ թրքա­կան ժողո­վուրդնե­րուն հետ, այժմ Ռուսիան է, որ առանցքա­յին կարեւո­րութիւն կը ներկա­յացնէ Թուրքիոյ համար, եւ՝ փոխա­դարձա­բար: Այս մէկը լաւա­գոյնս կ’արտայայտուի ռուսա­կան S‑400 հակօ­դա­յին պաշտպա­նութեան համա­կարգ գնե­լու որոշումով:Այս քայլով, Թուրքիա ոչ միայն կը զրկուի ամե­րի­կեան F‑35 պատե­րազմա­կան օդա­նաւե­րէն, այլեւ, որ աւե­լի կարեւոր է, ան համարձա­կօ­րէն դուրս կու գայ իր արեւմտա­մէտ քաղա­քա­կա­նութե­նէն՝ յօգուտ Ռուսիոյ:

Զարմա­նա­լիօ­րէն, երկու երկիրնե­րու փոխա­դարձ շահե­րը եւ տնտե­սա­կան կապե­րը չեն միակ վճռո­րոշ ազդակնե­րը, այլ անոնց աճող արտա­քին քաղա­քա­կան յաւակնութիւննե­րը կը նպաստեն հասա­րա­կաց լեզու գտնե­լու, թէեւ այն վայրե­րուն մէջ, ուր երկու կողմե­րը հակա­սա­կան նպա­տակներ ունին, անոնք կը յանգին բախումնե­րու, ինչպէս՝ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, բայց ոչ, օրի­նակ, մեր 44-օրեայ պատե­րազմին ընթացքին: Ընդունե­լով այս հակա­սութիւնը, 2020 Հոկտեմբե­րին, Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րար Սերգէյ Լաւրով կը նշէ, որ «թէեւ Թուրքիա երբեք Ռուսիոյ ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը չէ եղած, սակայն ան բարե­կամ է, շատ մօտ գործընկեր, եւ բազմա­թիւ մարզե­րու մէջ, այս համա­գործակցութիւնը ռազմա­վա­րա­կան բնոյթ ունի է»:

Տաք ջուրեր (Միջերկրա­կան ծով) իջնե­լու Մոսկուա­յի քաղա­քա­կա­նութիւնը ծանօթ է բոլո­րին: Այս առա­ջադրանքը կարե­լի չէ իրա­գործել առանց Թուրքիոյ հետ հաշտ յարա­բե­րութեան: Այս առումով, բարա­ցուցա­կան է Ղարա­բա­ղի 44-օրեայ պատե­րազմը: Մինչ մէկ կողմէ, Անգա­րա-Մոսկուա-Պաքու առանցքը հետա­մուտ կ’ըլլար այսպէս կոչուած Ատրպէյճա­նի «տարածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան», անդին, պատե­րազմէն յետոյ, իբրեւ փոխա­դարձ քայլ Ռուսիոյ կողմէ, Նախի­ջեւա­նի միջանցքը բանա­լու որո­շումը ճամբայ կու տար Թուրքիոյ հասնե­լու Կեդրո­նա­կան Ասիա: Նախի­ջեւա­նի միջանցքին բացումը նաեւ կարե­լի կրնայ ըլլալ թուրք-ռուսա­կան համա­գործակցութեան միջո­ցով: Ըստ երեւոյթին, Ռուսիա շատ ալ դէմ չէ եւ նոյնիսկ համա­ձայն է Թրքա­կան միւս հանրա­պե­տութիւննե­րուն հետ Թուրքիոյ մերձեցման: Կ’ենթադրուի նաեւ, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա նախածրագրուած ձեւով վերջ տուին Մինսքի խումբի ղարա­բա­ղեան նախա­ձեռնութեան:

Բացա­յայտ կը դառնայ, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա, Մոսկուա­յի դաշնագրին ոգիով, աւե­լի նախա­պատւութիւն կու տան իրենց աշխարհա­քա­ղա­քա­կան շահե­րուն, քան միջազգայնօ­րէն ճանչուած սկզբունքնե­րուն, ինչպէս՝ ազգե­րու ինքնո­րոշման իրաւունքին, մարդկա­յին իրաւունքնե­րուն, քաղա­քա­կան բազմա­կարծութեան եւ խաղաղ միջոցնե­րով տագնապնե­րու լուծման ընտրանքին:

Աղբյուրը‘ Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ