16.9 C
Yerevan

Անմիա­բա­նութիւնը՝ Քաղա­քա­կան Տհա­սութեան Արտա­յայտութիւն

Մեծ մշա­կոյթի տէր ժողո­վուրդ ենք, բայց դժբախտա­բար քաղա­քա­կան մշա­կոյթ տակաւին չունինք, հետեւա­բար նաեւ չունինք միասնա­կա­նութիւն:

Վարուժան Թէնպէ­լեան

Հայ ժողո­վուրդի քաղա­քա­կան հասա­րա­կաց առա­ջադրանքնե­րը կ՝ամբողջացնեն բոլոր տուեալնե­րը ի մի խմբե­լու հայ ժողո­վուրդի բոլոր հատուածնե­րը անխտիր՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Բայց հակա­ռակ ճակա­տա­գի­րի նոյնութեան ու տեսլա­կաննե­րու միասնա­կա­նութեան, ցարդ կարե­լի չէ եղած իրա­գործել հայկա­կան սպա­սուած միասնա­կա­նուութիւնը:

Այս նշումնե­րով չենք առա­ջադրեր միա­տե­սակ մտա­ծո­ղութեան մը կամ միա­կուսակցա­կան դրութեան մը հաստա­տումը մեր իրա­կա­նութեան մէջ, ինչ որ ոչ միայն փափա­քե­լի չէ, այլեւ անկա­րե­լի: Հարցը կը վերա­բե­րի ազգա­յին հասա­րա­կաց շահե­րու շուրջ համա­խո­հութեան մը ստեղծման, եւ այդ համա­խո­հութեան շրցա­գի­ծին մէջ, հաւա­քա­կան աշխա­տե­լա­ձեւի մը յառա­ջացման, ուր կուսակցա­կան շահե­րը, որոնք ընդհանրա­պէս կ՝առընչուին իշխա­նութեան, միշտ տեղի կու տան ազգայն ընդհա­նուր շահե­րու առջեւ:

Միասնա­կա­նութիւնը չ՝ենթադրեր նաեւ քաղա­քա­կան ընդի­մադրութեան լռե­ցումը: Ընհա­կա­ռակն, առողջ ընդի­մադրութեան գոյութիւնը ցուցա­նիշ է տարբեր տեսա­կէտնե­րու գոյակցութեան եւ առ այդ՝ սատար քաղա­քա­կան մշա­կոյթի զարգացման:

Հայ իրա­կա­նութեան մէջ ալ գոյութիւն ունին իշխա­նութեան հարցեր: Անխուսա­փե­լի եւ պատմա­կան անհրա­ժեշտութիւն է այդ: Բայց ինչ որ մերժե­լի է, իշխա­նութեան ինքնանպա­տակ ձգտումն է: Վէճերն ու տարա­կարծութիւննե­րը բնա­կան ու առողջ երեւոյթներ են, երբ կը ծագին ու կը դարմա­նուին ազգա­յին շրա­գի­ծի, ազգա­յին հաստա­տութիւննե­րու եւ ազգա­յին շահե­րու լայն պարունա­կին մէջ:
Երբ կը խօսուի միասնա­կա­նութեան մասին, անի­կա չի վերա­բե­րիր որոշ մակարդակնե­րու վրայ կատա­րուած ֆոլքլո­րիք ժողովնե­րուն, որոնք աւե­լի հանդէսնե­րու կը նմա­նին քան քաղա­քա­կան հանդի­պումնե­րու: Միասնա­կա­նութիւնը կամ ազգա­յին հասա­րա­կաց տեսլա­կաննե­րու հաւա­քա­կան ձգտումը պէտք է զարգա­նայ ժողովրդա­յին մակարդա­կի եւ ազգա­յին ընդհանրա­կան գործի ճակատնե­րուն վրայ:

Հայ ժողո­վուրդի բոլոր հատուածներն ալ կը հաւա­տան Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ապա­հո­վութեան ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ Հայասպա­նութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջնե­րուն, գէթ բոլորն ալ այդպէս կը յայտա­րա­րեն, հետեւա­բար ամէն հարց պէտք է երկրորդա­կան նկա­տուի ազգա­յին գերա­գոյն իտէալնե­րու առջեւ: Դժբաղտա­բար այդպէս չէ իրա­կա­նութիւնը:

Մեծ մշա­կոյթի տէր ժողո­վուրդ ենք, բայց դժբախտա­բար քաղա­քա­կան մշա­կոյթ տակաւին չունինք, հետեւա­բար նաեւ չունինք միասնա­կա­նութիւն:

Հաստա­տութիւննե­րը կ՝օգնեն քաղա­քա­կան մշա­կոյթի ստեղծման, բայց իսկա­կան մշա­կոյթը կը ստեղծուի կեանքի փորձով, ապրումով, քաղա­քա­կան առօ­րեայ նիստ ու կացով ո’չ միայն ղեկա­վա­րա­կան, այլեւ ժողովրդա­յին ու փողո­ցի մակարդակնե­րուն վրայ՝ մանաւանդ հաշուե­տուութեան եւ հաշուա­ռութեան լծակնե­րու աշխուժա­ցումով ներքին մակարդա­կի վրայ, եւ ազգա­յին անվտանգութեան ուխտի մշա­կումով արտա­քին ճակատնե­րու վրայ:

Մինչ թրքա­կան եւ ազե­րիա­կան հանա­պա­զօ­րեայ սպառնա­լիքնե­րը, ինչպէս նաեւ՝ արտա­գաղթի եւ սփիւռքի օտա­րացման վտանգնե­րը դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնան մեր գլխուն վրայ, անդին մենք չենք կրնար, իրաւունք չունինք իշխա­նա­մո­լա­կան կռփա­մարտե­րով զբա­ղե­լու: Անմիա­բա­նութեան դրսեւո­րումնե­րը քաղա­քա­կան տհա­սութիւն միայն կ՝արտայայտեն եւ կ՝ընթանան գոյութե­նա­կան պայքա­րի ճիշդ հակա­ռակ ուղղութեամբ:

Առնչվող Հոդվածներ