15.1 C
Yerevan

Սփիւռքի Վերա­կազմա­կերպման Անհրա­ժեշտութիւնը

Սփիւռքը պարտի որո­նել միջոցներ եւ ճանա­պարհներ հայկա­կան տնտե­սա­կան կարո­ղութիւննե­րը ճշգրիտ կերպով օգտա­գործե­լու եւ քաղա­քա­կան լծակներ ստեղծե­լու։

Գէորգ Թորո­յեան

Արցա­խեան վերջին պատե­րազմը, մասնաւո­րա­բար իր ծանր հետեւանքնե­րով, եկաւ ապա­ցուցե­լու թէ սփիւռքը եւս անպատրաստ էր նմա­նօ­րի­նակ իրա­դարձութեան ըստ կարելւոյն արձա­գանքե­լու։

Հայկա­կան ցեղասպա­նութեան հետեւանքով կազմաւո­րուած դասա­կան սփիւռքը առա­ջին տասնա­մեակնե­րուն ինքնամփոփ մշա­կութա­յին օճախնե­րու հաւա­քա­կա­նութիւն մըն էր։ Գաղութնե­րը կազմա­կերպ կեանք ունէին դպրոցնե­րու, եկե­ղե­ցի­նե­րու, մշա­կութա­յին միութիւննե­րու եւ կուսակցութիւննե­րու շուրջ։ Մեծ Եղեռնի յիսնա­մեա­կը՝ 1965ը անկիւնա­դարձա­յին եղաւ Հայ Դատի աշխա­տանքնե­րը քաղա­քա­կան, քարոզչա­կան եւ աւե­լի ուշ, ցուցա­կա­նօ­րէն հետապնդե­լու առումով։ Ամբողջ քսանհինգա­մեակ մը եղաւ սփիւռքի քաղա­քա­կան զարթօնքի ժամա­նա­կաշրջա­նը։

Հայաստա­նի անկա­խա­ցումէն ետք, դժբախտա­բար սփիւռքի ներուժը մէկ կողմէ կեդրո­նա­նա­լով անկա­խա­ցած Հայաստա­նի հզօ­րացման տրա­մադրուե­լով, միւս կողմէ, միա­ժա­մա­նակ քայլ չկա­րե­նալ պահե­լով մասնաւո­րա­բար միջազգա­յին փոփո­խութիւննե­րուն հետ, սփիւռքը սկսաւ լուսանցքայնա­նալ եւ մնալ հին մտա­ծո­ղութեան մէջ: Դժբախտա­բար այս լուսանցքայնացման մէջ ժխտա­կա­նօ­րէն դերա­կա­տար եղան նաեւ Հայաստա­նի 30 տարի­նե­րու իրա­րա­յա­ջորդ իշխա­նութիւննե­րու սփիւռքի նկատմամբ վարած քաղա­քա­կա­նութիւնը։

Միջին Արեւելքի սփիւռքեան օճախնե­րը այդ տարա­ծաշրջա­նի ռազմա­քա­ղա­քա­կան յարա­փո­փոխ իրադրութիւննե­րու հետեւանքով նօսրա­ցան ու ուժա­թափ եղան։ Երբեմնի տնտե­սա­պէս, մշա­կութա­պէս ինչպէս նաեւ քաղա­քա­կա­նօ­րէն գործունեայ գաղութնե­րը սպա­ռած են։ Այս տխուր իրա­կա­նութեան դիմաց աշխուժ եւ գործունեայ ներուժ ունին արեւմտեան գաղութնե­րը։

Սակայն ինչպէս նշե­ցինք, վերջին պատե­րազմին նոյնիսկ արեւմտեան գաղութնե­րը ոչ քարոզչա­կան գետնի վրայ, ոչ քաղա­քա­կան եւ ոչ ալ տնտե­սա­կան գետնի վրավ պատրաստ չէին դիմագրաւե­լու նման կացութիւն մը եւ նեցուկ ըլլալ հայրե­նի­քին։

Այսօր ազգո­վին կը գտնուինք նոր հանգրուա­նի մը սեմին եւ պէտք է լուծումներ գտնել մեր առջեւ ծառա­ցած մարտահրաւէրնե­րուն։

Յունիս 20ին տեղի ունե­նա­լիք ընտրութիւննե­րուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւո­րուե­լիք իշխա­նութիւննե­րը անհրա­ժեշտ է վերա­փո­խեն իրենց քաղա­քա­կա­նութիւնը սփիւռքի նկատմամբ։ Սփիւռքը պէտք է դադրի միմիայն զբօ­սաշրջի­կա­յին գործօն կամ տնտե­սա­կան որոշ լծակ ըլլա­լէ։ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը պարտաւոր են սփիւռքին նայիլ իբրեւ քաղա­քա­կան ուրոյն միաւոր։

Սփիւռքը պէտք է դուրս գայ իր կրաւո­րա­կան դիրքէն։ Սփիւռքա­հայ ղեկա­վա­րութիւնը պարտի հասկնալ որ պաղ պատե­րազմը միանգա­մընդմիշտ աւարտած է եւ այլեւս այդ տրա­մա­բա­նութեամբ սփիւռքի գոյութիւնը դատա­պարտուած է ամլութեան։ Պէտք է դուրս գալ դասա­կան հասկա­ցութե­նէն; Բազմա­բեւեռ եւ գիտա­կան ոստումնե­րով աշխարհի մը մէջ պէտք չէ բաւա­րա­րուիլ միայն դպրոց-եկե­ղե­ցի-ակումբ համախմբումով։ Պէտք է բացուիլ աշխարհին։ Առա­ջին հերթին սփիւռքի մէջ պէտք է ձեւաւո­րուի մէկ ղեկա­վա­րութիւն, որ ունե­նայ ներկա­յա­ցուցչա­կան բնոյթ։ Անհրա­ժեշտ է ունե­նալ մէկ-միա­ցեալ  բազմա­լե­զու քարոզչա­մե­քե­նայ, օգտա­գործե­լով արհեստա­գի­տութեան բոլոր հնա­րաւո­րութիւննե­րը։

Սփիւռքը պարտի ունե­նալ հայե­ցի կրթութեան մէկ եւ միա­ցեալ ծրա­գիր, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ հայկա­կան պահանջա­տի­րութիւնը։

Սփիւռքը պարտի որո­նել միջոցներ եւ ճանա­պարհներ հայկա­կան տնտե­սա­կան կարո­ղութիւննե­րը ճշգրիտ կերպով օգտա­գործե­լու եւ քաղա­քա­կան լծակներ ստեղծե­լու։

Այս նշումնե­րը բարի ցանկութիւններ չեն միայն։ Սփիւռքի ժամա­նա­կա­կից ձեւով եւ ժամա­նա­կի պահանջնե­րուն համա­հունջ կազմա­կերպումը աւե­լի քան անհրա­ժեշտութիւն է, որու իրա­կա­նացման պարա­գա­յին, սփիւռքը ի վիճա­կի կրնայ դառնալ նաեւ Հայաստա­նի անվտանգութեան գործօն։

Վերջին շրջա­նին ակնյայտ հետաքրքրութիւն մը կայ Հայաստա­նի հանդէպ, մասնաւո­րա­բար արեւմուտքին կողմէ։ Հաւա­նա­բար յարմա­րա­գոյն առիթն է սփիւռքի հինցած մոտէ­լը առանց մեծ ցնցումնե­րու կերպա­րա­նա­փո­խել եւ դարձնել աւե­լի արդիա­կան կառոյցնե­րով քաղա­քա­կան միաւոր մը, ի շահ Հայաստա­նին եւ Հայ ժողո­վուրդին։

Առնչվող Հոդվածներ