20.4 C
Yerevan

Սեւ Ծովը Կռուախնձո՞ր, Թէ՞ Համա­գործակցութեան Գօտի

Մեծ պետութիւննե­րու միջեւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան մրցակցութիւնը ընդհանրա­պէս տեղի կ’ունենայ տարածքի, բնա­կան հարստութիւննե­րու եւ աշխարհագրա­կան կարեւոր դիրքե­րու վրայ հակակշիռ ունե­նա­լու համար, ինչպէս՝ նաւա­հանգիստներ, ջրանցքներ, երկա­թուղա­գի­ծեր ու գետա­յին ու այլ փոխադրա­մի­ջոցնե­րու համա­կարգեր:

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Անցեալ ամիս, Ուքրա­նիոյ սահմա­նին վրայ նոր ուժ կեդրո­նացնե­լու Ռուսիոյ որդեգրած քայլե­րը պատճա­ռա­բա­նե­լով, Թրքա­կան Տարտա­նել եւ Վոսփոր նեղուցնե­րուն ճամբով երկու ռազմա­նաւ ուղարկե­լու Միա­ցեալ Նահանգնե­րու որո­շումը զայրա­ցուց Ռուսիան եւ նոր տարա­կարծութիւննե­րու դուռ բացաւ Թուրքիոյ հետ՝ նեղուցնե­րուն մասին 1936-ին Մոնթրո­յի համա­ձայնագրին վերա­նայման շշուկնե­րուն լոյսին տակ: Յիշեալ համա­ձայնա­գի­րը լիա­զօ­րութիւն կու տայ Թուրքիոյ՝ վերահսկե­լու Վոսփո­րի եւ Տարտա­նե­լի նեղուցնե­րը, ներա­ռեալ այլ երկիրնե­րու պատկա­նող ռազմա­նաւե­րու անցքը, անոնց ծանրութիւնն ու Սեւ Ծովու ջուրե­րուն մէջ մնա­լու տեւո­ղութիւնը:

Ամե­րի­կեան այս որո­շումի լոյսին տակ , Ռուսիոյ նախա­գահ Վլա­տի­միր Փութին հեռա­ձայնա­յին խօսակցութիւն մը ունե­ցաւ իր թուրք պաշտօ­նա­կի­ցին՝ Էրտո­ղա­նի հետ, եւ անոր հետ քննարկեց Ուքրաի­նոյ շուրջ տեղի ունե­ցող զարգա­ցումնե­րը: Մոսկուա­յի հրա­պա­րա­կած յայտա­րա­րութե­նէն պարզ դարձաւ, որ Փութին շեշտը դրած է Մոնթրո­յի համա­ձա­նագրին այժմու կարգա­վի­ճա­կին պահպանման վրայ՝ միա­ժա­մա­նակ Ուքրա­նիան մեղադրե­լով իբրեւ պատա­սա­խա­նա­տու Տոնպա­սի դէպքե­րուն: Տակաւին, Փութին Էրտո­ղա­նի ուշադրութեան յանձնած է Սուրիոյ ընդդի­մա­դիրնե­րու վերահսկո­ղութեան (եւ թրքա­կան զինուո­րա­կան գերիշխա­նութեան) տակ գտնուող Իտլի­պի մասին երկկողմա­նի պարտաւո­րութիւններն ու համա­գործակցութեան նախկին համա­ձայնութիւննե­րը (զգուշա­ցում): Կ’ըսուի նաեւ, որ Ռուսիոյ նախա­գա­հը սպառնա­ցած է Թուրքիան ենթարկել տնտե­սա­կան պատժա­մի­ջոցնե­րու՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս պատա­հած էր 2015 Նոյեմբե­րին, երբ Թուրքիա վար առած էր ռուսա­կան զինուո­րա­կան օդա­նաւ մը:

Թէեւ այդ ռազմա­նաւե­րուն դէպի Սեւ Ծով առա­քումը առայժմ յետաձգուած կամ ջնջուած է, բայց անոր դրդա­պատճառն ու ընդհանրա­պէս տարա­ծաշրջա­նին մէջ տիրող լարուա­ծութիւնը՝ Եւրո­պա­յէն մինչեւ հարաւա­յին Կովկաս, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ռուսիա եւ կեդրո­նա­կան Ասիա անգամ մը եւս լուսարձա­կի տակ կ’առնէ սեւծո­վեան աւա­զա­նի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան եւ ռազմա­գի­տա­կան մեծ եւ աճող կարեւո­րութիւնը: Այդպէս է պարա­գան, որովհե­տեւ Սեւ Ծովը կը հանդի­սա­նայ կամուրջ մը, խաչմե­րուկ մը, օղակ մը այդ բոլոր շրջաննե­րուն միջեւ: Սեւ Ծովը խաչմե­րուկ է, բայց նաեւ իր կարեւո­րութիւնը կը ստա­նայ դէպի Եւրո­պա գացող ուժա­նիւթի փոխադրութեան իր ճամբա­նե­րով: Այդ պատճա­ռով է, որ սեւծո­վեան աւա­զա­նը թատե­րա­բեմ դարձած է քաղա­քա­կան խաղե­րու, որոնց միջո­ցով միջազգա­յին եւ շրջա­նա­յին ուժեր կը մրցին ազդե­ցութիւն բանեցնե­լու ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րուն եւ նաւա­հանգիստնե­րուն վրայ, եւ այդ պատճա­ռով ալ տարա­ծաշրջա­նի երկիրնե­րու մեծ մասին բարգաւա­ճումը լրջօ­րէն արգե­լա­կուած է: Ուքրա­նիոյ, Խրի­մի, Վրաստա­նի, Մերձտնեստրի (Մոլտա­վիա), օրի­նակնե­րը խօսուն են այս իմաստով:

Բացի Թուրքիա­յէն, սեւծո­վեան երկիրնե­րը՝ Վրաստան, Ռուսիա, Ուքրա­նիա, Ռումա­նիա եւ Պուլկա­րիա կա՛մ մաս կը կազմէին Խորհրդա­յին Միութեան, կամ ալ անդամ էին Վարշաւա­յի Ուխտին: Խորհրդա­յին Միութեան անկումէն եւ պաղ պատե­րազմի աւարտէն ետք, Ռուսիա 1991-ին գրաւեց Մերձտնեստրը, 2008՝ Հարաւա­յին Օսե­թիան եւ Աբխա­զիան (Վրաստան), իսկ 2014-ին՝ Խրի­մը եւ Տոնպա­սէն որոշ մասեր: Բացա­յատ է, որ Ռուսիոյ այս միջամտութիւննե­րը կապ ունին Սեւ Ծովը զինուո­րա­պէս իր հակաշռին տակ պահե­լու ճիգե­րուն հետ:

Ռուսիոյ համար Սեւ ծովը գրե­թէ ներքին ջրա­տար կը նկա­տուի եւ դժկա­մութեամբ կ’ընդունի ճանչնալ այդ ջուրե­րուն վրայ ափա­մերձ միւս պետութիւննե­րուն օրի­նա­կան պահանջնե­րը: Ինչ կը վերա­բե­րի Թուրքիոյ, անոր դերը տարբեր է շրջա­նին մէջ. իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, Մոնթրո­յի համա­ձայնագրին բերումով Թուրքիա թէեւ գերիշխա­նութիւն կը վայե­լէ Իսթամպուլի (Վոսփոր) եւ Չանա­խա­լէի (Տարտա­նել) նեղուցնե­րու վրայ, սակայն բաց ծովե­րու սկզբունքով՝ ինչ կը վերա­բե­րի առեւտրա­կան նաւե­րուն: Իսկ զինուո­րա­կան նաւե­րու շարժումնե­րը կ‘ենթարկուին սահմա­նա­փա­կումնե­րու. փաստօ­րէն արգի­լուած է, օրի­նակ, օդա­նաւա­կիրնե­րու մուտքը Սեւ Ծով:

Ծանօթ է, որ Սեւ ծովը առեւտուրի կարեւոր միջոց մըն է Ռուսիոյ համար: Օրի­նակ, Ռուսիա­յէն դէպի Թուրքիա գացող ստո­րեջրեայ բնա­կան կազի երկու՝ «Պլուսթրիմ» եւ «Թուրքսթրիմ» խողո­վակնե­րը կրնան մինչեւ 47 միլիառ խորա­նարդ մեթր բնա­կան կազ փոխադրել. Ռուսիոյ ընդհա­նուր արտա­ծումին մէկ չորրորդը: Սեւ Ծովուն վրայ Նովո­րո­սիսքը կը հանդի­սա­նայ նաւթի եւ նաւթամթերքնե­րու, հացա­հա­տի­կի, մետաղնե­րու եւ այլ ապրանքնե­րու արտածման մեծ նաւա­հանգիստ մը, որ անհրա­ժեշտ է Ռուսա­կան տնտե­սութեան կենսունա­կութեան համար: Այս բոլո­րը կը նշա­նա­կեն, որ Սեւ ծովու կայունութիւնը եւ իր վերահսկո­ղութիւնը այդ կայունութեան՝ մեծ կարեւո­րութիւն ունին Ռուսիոյ տնտե­սա­կան շահե­րուն համար:

Ինչ կը վերա­բե­րի Եւրո­պա­յի, դեռ քսա­նա­մեակ մը առաջ, սեւծո­վեան տարա­ծաշրջա­նը հազիւ թէ տեղ գրաւէր անոր արտա­քին նկրտումնե­րուն մէջ: Բայց այսօր, վիճա­կը փոխուած է, քանզի սեւծո­վեան աւե­լի ընդհա­նուր տարա­ծաշրջա­նին մէջ կան Եւրո­պա­կան Միութեան անդամ երեք երկիրներ (Պուլկա­րիա, Յունաստան եւ Ռումա­նիա) եւ անդա­մակցութեան երեք թեկնա­ծու երկիրներ (Ալպա­նիա, Սերպիա, Թուրքիա):

2018‑ի տուեալնե­րով, Եւրո­պա­կան Միութեան նաւթի ընդհա­նուր ներա­ծումը կը գնա­հա­տուի 512,5 միլիոն թոնով, որուն շուրջ 30%-ը Ռուսիա­յէն: Իսկ ռուսա­կան կազի ներա­ծումը կը գնա­հա­տուի 39%-ով: Փաստօ­րէն, ուժա­նիւթի առումով, Եւրո­պա­կան Միութիւնը մեծա­պէս կախեալ է ռուսա­կան նաւթէն ու կազէն, իսկ Ռուսիան կախեալ է անոնց վաճառքէն գոյա­ցած եկա­մուտէն:

Նաւթն ու կազը ռազմա­վա­րա­կան զէնքեր դարձան շրջա­նին մէջ, երբ 2014-ին, Ռուսիա առեւտուրի եւ մասնաւո­րա­բար կազի պատժա­կան արգելք հաստա­տեց Ուքրա­նիոյ, Վրաստա­նի եւ Մոլտաւիոյ դէմ: Եւրո­պա սկսաւ մտա­հո­գուիլ, եւ ուժա­նիւթի նոր աղբիւրնե­րու որոնման անոր փնտռտուքը յանգե­ցաւ կասպեան քարիւղին եւ ատրպէյճա­նա­կան կազին: Այդու սկսաւ շեշտուիլ հարաւա­յին Կովկա­սի դերը իբրեւ Ռուսիան փոխա­րի­նող ճամբայ դէպի Չինաստան ու կեդրո­նա­կան Ասիոյ շուկա­նե­րը, ինչպէս նաեւ իբրեւ կարեւոր միջանցք կասպեան ու, ինչու չէ, նաեւ հետա­գա­յին Իրա­նեան նաւթին եւ կազին դէպի Սեւ Ծով եւ ապա դէպի Եւրո­պա տարանցման հիմնա­կան ուղի:

Սեւ Ծովու վրա­յով առեւտուրը խթա­նե­լու նպա­տա­կով, Եւրո­պա­կան Միութիւնը մշա­կած է նաեւ «Երեք ծովե­րու» ծրա­գի­րը, որ կը նախա­տե­սէ Ատրիա­տի­քի, Պալթեան եւ Սեւծո­վեան տարածքնե­րը կապող ենթա­կա­ռոյցնե­րու զարգա­ցումը: «Երեք ծովե­րու» ծրագրին հիմնա­կան նպա­տակն է յառա­ջացնել կայուն եւ արդիա­կան փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կապեր՝ հիմնո­վին վերա­փո­խե­լով խորհրդա­յին օրե­րէն մնա­ցած հնա­մաշ ենթա­կա­ռոյցնե­րը, զորս ժառանգած էին կեդրո­նա­կան եւ արեւե­լեան Եւրո­պա­յի երկիրնե­րը: Ենթա­կա­ռոյցներ՝ որոնք ստեղծուած էին կախեալ մնա­լու խորհրդա­յին ենթա­կա­ռոյցնե­լու զարգա­ցումէն: Մինչ Ուքրա­նիան, Թուրքիան, Ատրպէյճա­նը եւ Վրաստա­նը մաս չեն կազմեր Երեք ծովե­րու ծրագրին, բայց կը նախա­տե­սուի որ անոնք մեծա­պէս օգտուի­նանկէ՝ գրաւե­լով աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւոր դիրք մը մէկ կողմէ Կեդրո­նա­կան եւ Արեւե­լեան Եւրո­պա­յի ու միւս կողմէ՝ Կասպեան երկիրնե­րուն, Կեդրո­նա­կան Ասիոյ եւ Չինաստա­նի միջեւ:

Մեծ պետութիւննե­րու միջեւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան մրցակցութիւնը ընդհանրա­պէս տեղի կ’ունենայ տարածքի, բնա­կան հարստութիւննե­րու եւ աշխարհագրա­կան կարեւոր դիրքե­րու վրայ հակակշիռ ունե­նա­լու համար, ինչպէս՝ նաւա­հանգիստներ, ջրանցքներ, երկա­թուղա­գի­ծեր ու գետա­յին ու այլ փոխադրա­մի­ջոցնե­րու համա­կարգեր: Վերջին զարգա­ցումնե­րը ցոյց կու տան, որ Սեւ ծովը թէ՛ առիթնե­րու եւ թէ մարտահրաւէրնե­րու շրջան է, թէ՛ կռուախնձոր է եւ թէ համա­գործակցութեան գօտի: Մէկ կողմէ ներգրաւուած են Եւրո­պա­կան Միութիւնը, ՆԱԹՕ‑ն ու Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, միւս կողմէ Ռուսիան, նաեւ՝ Թուրքիան, որ կամաց-կամաց կը հեռա­նայ ՆԱԹՕ‑ի հանդէպ իր պարտաւո­րութիւննե­րէն՝ վարե­լով աւե­լի ինքնագլուխ եւ օսմա­նաեան կայսե­րա­կան երազնե­րով ապրող քաղա­քա­կա­նութիւն մը:

Կը մնայ նշել, որ Ասիա-Կասպից ծով-Սեւ ծով տարանցումի միջանցքը կը խոստա­նայ ներա­ծումի եւ արտա­ծումի շուկա­ներ բանալ առնչա­կից բոլոր երկիրնե­րուն համար: Այս առումով, Հարաւա­յին Կովկա­սի մէջ, Ատրպէյճանն ու Վրաստա­նը իրենք զիրենք կը ներկա­յացնեն իբրեւ խոստմնա­լից եւ կարեւոր գործընկերներ: Անոնք նաեւ կը զարգացնեն համա­պա­տասխան ենթա­կա­ռոյցներ եւ կ’ապահովեն վարկեր մասնաւո­րա­բար Չինաստա­նի օժանդա­կութեամբ: Թէ Հայսա­տան ի՞նչ կ’ընէ այս մարզին մէջ, դժբախտա­բար տուեալներ չգտանք…

Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ