Մեծ պետութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը ընդհանրապէս տեղի կ’ունենայ տարածքի, բնական հարստութիւններու եւ աշխարհագրական կարեւոր դիրքերու վրայ հակակշիռ ունենալու համար, ինչպէս՝ նաւահանգիստներ, ջրանցքներ, երկաթուղագիծեր ու գետային ու այլ փոխադրամիջոցներու համակարգեր:
Վարուժ Թէնպէլեան
Անցեալ ամիս, Ուքրանիոյ սահմանին վրայ նոր ուժ կեդրոնացնելու Ռուսիոյ որդեգրած քայլերը պատճառաբանելով, Թրքական Տարտանել եւ Վոսփոր նեղուցներուն ճամբով երկու ռազմանաւ ուղարկելու Միացեալ Նահանգներու որոշումը զայրացուց Ռուսիան եւ նոր տարակարծութիւններու դուռ բացաւ Թուրքիոյ հետ՝ նեղուցներուն մասին 1936-ին Մոնթրոյի համաձայնագրին վերանայման շշուկներուն լոյսին տակ: Յիշեալ համաձայնագիրը լիազօրութիւն կու տայ Թուրքիոյ՝ վերահսկելու Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցները, ներառեալ այլ երկիրներու պատկանող ռազմանաւերու անցքը, անոնց ծանրութիւնն ու Սեւ Ծովու ջուրերուն մէջ մնալու տեւողութիւնը:
Ամերիկեան այս որոշումի լոյսին տակ , Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Էրտողանի հետ, եւ անոր հետ քննարկեց Ուքրաինոյ շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները: Մոսկուայի հրապարակած յայտարարութենէն պարզ դարձաւ, որ Փութին շեշտը դրած է Մոնթրոյի համաձանագրին այժմու կարգավիճակին պահպանման վրայ՝ միաժամանակ Ուքրանիան մեղադրելով իբրեւ պատասախանատու Տոնպասի դէպքերուն: Տակաւին, Փութին Էրտողանի ուշադրութեան յանձնած է Սուրիոյ ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան (եւ թրքական զինուորական գերիշխանութեան) տակ գտնուող Իտլիպի մասին երկկողմանի պարտաւորութիւններն ու համագործակցութեան նախկին համաձայնութիւնները (զգուշացում): Կ’ըսուի նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահը սպառնացած է Թուրքիան ենթարկել տնտեսական պատժամիջոցներու՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս պատահած էր 2015 Նոյեմբերին, երբ Թուրքիա վար առած էր ռուսական զինուորական օդանաւ մը:
Թէեւ այդ ռազմանաւերուն դէպի Սեւ Ծով առաքումը առայժմ յետաձգուած կամ ջնջուած է, բայց անոր դրդապատճառն ու ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ տիրող լարուածութիւնը՝ Եւրոպայէն մինչեւ հարաւային Կովկաս, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ռուսիա եւ կեդրոնական Ասիա անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ’առնէ սեւծովեան աւազանի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմագիտական մեծ եւ աճող կարեւորութիւնը: Այդպէս է պարագան, որովհետեւ Սեւ Ծովը կը հանդիսանայ կամուրջ մը, խաչմերուկ մը, օղակ մը այդ բոլոր շրջաններուն միջեւ: Սեւ Ծովը խաչմերուկ է, բայց նաեւ իր կարեւորութիւնը կը ստանայ դէպի Եւրոպա գացող ուժանիւթի փոխադրութեան իր ճամբաներով: Այդ պատճառով է, որ սեւծովեան աւազանը թատերաբեմ դարձած է քաղաքական խաղերու, որոնց միջոցով միջազգային եւ շրջանային ուժեր կը մրցին ազդեցութիւն բանեցնելու ուժանիւթի աղբիւրներուն եւ նաւահանգիստներուն վրայ, եւ այդ պատճառով ալ տարածաշրջանի երկիրներու մեծ մասին բարգաւաճումը լրջօրէն արգելակուած է: Ուքրանիոյ, Խրիմի, Վրաստանի, Մերձտնեստրի (Մոլտավիա), օրինակները խօսուն են այս իմաստով:
Բացի Թուրքիայէն, սեւծովեան երկիրները՝ Վրաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Ռումանիա եւ Պուլկարիա կա՛մ մաս կը կազմէին Խորհրդային Միութեան, կամ ալ անդամ էին Վարշաւայի Ուխտին: Խորհրդային Միութեան անկումէն եւ պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, Ռուսիա 1991-ին գրաւեց Մերձտնեստրը, 2008՝ Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան (Վրաստան), իսկ 2014-ին՝ Խրիմը եւ Տոնպասէն որոշ մասեր: Բացայատ է, որ Ռուսիոյ այս միջամտութիւնները կապ ունին Սեւ Ծովը զինուորապէս իր հակաշռին տակ պահելու ճիգերուն հետ:
Ռուսիոյ համար Սեւ ծովը գրեթէ ներքին ջրատար կը նկատուի եւ դժկամութեամբ կ’ընդունի ճանչնալ այդ ջուրերուն վրայ ափամերձ միւս պետութիւններուն օրինական պահանջները: Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, անոր դերը տարբեր է շրջանին մէջ. իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, Մոնթրոյի համաձայնագրին բերումով Թուրքիա թէեւ գերիշխանութիւն կը վայելէ Իսթամպուլի (Վոսփոր) եւ Չանախալէի (Տարտանել) նեղուցներու վրայ, սակայն բաց ծովերու սկզբունքով՝ ինչ կը վերաբերի առեւտրական նաւերուն: Իսկ զինուորական նաւերու շարժումները կ‘ենթարկուին սահմանափակումներու. փաստօրէն արգիլուած է, օրինակ, օդանաւակիրներու մուտքը Սեւ Ծով:
Ծանօթ է, որ Սեւ ծովը առեւտուրի կարեւոր միջոց մըն է Ռուսիոյ համար: Օրինակ, Ռուսիայէն դէպի Թուրքիա գացող ստորեջրեայ բնական կազի երկու՝ «Պլուսթրիմ» եւ «Թուրքսթրիմ» խողովակները կրնան մինչեւ 47 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ փոխադրել. Ռուսիոյ ընդհանուր արտածումին մէկ չորրորդը: Սեւ Ծովուն վրայ Նովորոսիսքը կը հանդիսանայ նաւթի եւ նաւթամթերքներու, հացահատիկի, մետաղներու եւ այլ ապրանքներու արտածման մեծ նաւահանգիստ մը, որ անհրաժեշտ է Ռուսական տնտեսութեան կենսունակութեան համար: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Սեւ ծովու կայունութիւնը եւ իր վերահսկողութիւնը այդ կայունութեան՝ մեծ կարեւորութիւն ունին Ռուսիոյ տնտեսական շահերուն համար:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի, դեռ քսանամեակ մը առաջ, սեւծովեան տարածաշրջանը հազիւ թէ տեղ գրաւէր անոր արտաքին նկրտումներուն մէջ: Բայց այսօր, վիճակը փոխուած է, քանզի սեւծովեան աւելի ընդհանուր տարածաշրջանին մէջ կան Եւրոպական Միութեան անդամ երեք երկիրներ (Պուլկարիա, Յունաստան եւ Ռումանիա) եւ անդամակցութեան երեք թեկնածու երկիրներ (Ալպանիա, Սերպիա, Թուրքիա):
2018-ի տուեալներով, Եւրոպական Միութեան նաւթի ընդհանուր ներածումը կը գնահատուի 512,5 միլիոն թոնով, որուն շուրջ 30%-ը Ռուսիայէն: Իսկ ռուսական կազի ներածումը կը գնահատուի 39%-ով: Փաստօրէն, ուժանիւթի առումով, Եւրոպական Միութիւնը մեծապէս կախեալ է ռուսական նաւթէն ու կազէն, իսկ Ռուսիան կախեալ է անոնց վաճառքէն գոյացած եկամուտէն:
Նաւթն ու կազը ռազմավարական զէնքեր դարձան շրջանին մէջ, երբ 2014-ին, Ռուսիա առեւտուրի եւ մասնաւորաբար կազի պատժական արգելք հաստատեց Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ դէմ: Եւրոպա սկսաւ մտահոգուիլ, եւ ուժանիւթի նոր աղբիւրներու որոնման անոր փնտռտուքը յանգեցաւ կասպեան քարիւղին եւ ատրպէյճանական կազին: Այդու սկսաւ շեշտուիլ հարաւային Կովկասի դերը իբրեւ Ռուսիան փոխարինող ճամբայ դէպի Չինաստան ու կեդրոնական Ասիոյ շուկաները, ինչպէս նաեւ իբրեւ կարեւոր միջանցք կասպեան ու, ինչու չէ, նաեւ հետագային Իրանեան նաւթին եւ կազին դէպի Սեւ Ծով եւ ապա դէպի Եւրոպա տարանցման հիմնական ուղի:
Սեւ Ծովու վրայով առեւտուրը խթանելու նպատակով, Եւրոպական Միութիւնը մշակած է նաեւ «Երեք ծովերու» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Ատրիատիքի, Պալթեան եւ Սեւծովեան տարածքները կապող ենթակառոյցներու զարգացումը: «Երեք ծովերու» ծրագրին հիմնական նպատակն է յառաջացնել կայուն եւ արդիական փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կապեր՝ հիմնովին վերափոխելով խորհրդային օրերէն մնացած հնամաշ ենթակառոյցները, զորս ժառանգած էին կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրները: Ենթակառոյցներ՝ որոնք ստեղծուած էին կախեալ մնալու խորհրդային ենթակառոյցնելու զարգացումէն: Մինչ Ուքրանիան, Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը մաս չեն կազմեր Երեք ծովերու ծրագրին, բայց կը նախատեսուի որ անոնք մեծապէս օգտուինանկէ՝ գրաւելով աշխարհաքաղաքական կարեւոր դիրք մը մէկ կողմէ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի ու միւս կողմէ՝ Կասպեան երկիրներուն, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Չինաստանի միջեւ:
Մեծ պետութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը ընդհանրապէս տեղի կ’ունենայ տարածքի, բնական հարստութիւններու եւ աշխարհագրական կարեւոր դիրքերու վրայ հակակշիռ ունենալու համար, ինչպէս՝ նաւահանգիստներ, ջրանցքներ, երկաթուղագիծեր ու գետային ու այլ փոխադրամիջոցներու համակարգեր: Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ Սեւ ծովը թէ՛ առիթներու եւ թէ մարտահրաւէրներու շրջան է, թէ՛ կռուախնձոր է եւ թէ համագործակցութեան գօտի: Մէկ կողմէ ներգրաւուած են Եւրոպական Միութիւնը, ՆԱԹՕ-ն ու Միացեալ Նահանգները, միւս կողմէ Ռուսիան, նաեւ՝ Թուրքիան, որ կամաց-կամաց կը հեռանայ ՆԱԹՕ-ի հանդէպ իր պարտաւորութիւններէն՝ վարելով աւելի ինքնագլուխ եւ օսմանաեան կայսերական երազներով ապրող քաղաքականութիւն մը:
Կը մնայ նշել, որ Ասիա-Կասպից ծով-Սեւ ծով տարանցումի միջանցքը կը խոստանայ ներածումի եւ արտածումի շուկաներ բանալ առնչակից բոլոր երկիրներուն համար: Այս առումով, Հարաւային Կովկասի մէջ, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ խոստմնալից եւ կարեւոր գործընկերներ: Անոնք նաեւ կը զարգացնեն համապատասխան ենթակառոյցներ եւ կ’ապահովեն վարկեր մասնաւորաբար Չինաստանի օժանդակութեամբ: Թէ Հայսատան ի՞նչ կ’ընէ այս մարզին մէջ, դժբախտաբար տուեալներ չգտանք…