Հայաստան

Անվտանգայնութեան Նախապայմաններու Փնտրտուքով

Մենք պետք է նպատակաուղղուինք կրթութեամբ յաղթահարելու մեզ շրջապատման մէջ առած արգելքները, ստեղծենք զարգացած հասարակութիւն, զարգացած տնտեսութիւն եւ հզոր պետութիւն։

Աւօ Պօղոսեան

Անցեալ դարերուն ու մինչեւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտը, պատերազմները աւելի յաճախակի էին, որովհետեւ միայն տնտեսական պատճառներու համար կը մղուէին ու մեծապէս շահաւէտ էին յաղթող կողմի համար, որովհետեւ պատերազմ շղթայազերծելը մեծ ծախսերու հետ կախուած չէր. Նիզակն ու թուրը, զինուորի պարզ հանդերձանքը, ու փոր մը հացը. Իսկ երկրի իշխանաւորներուն առջեւ գրաւեալ երկրի սնունդի պաշարներն էին, ոսկիի պահեստները ու մանաւանդ գերիներու բազմութիւնները որոնք վերավաճառելով պահանջարկ ունեցող երկիրներուն, հսկայական հարստութեան աղբիւր կը դառնար, իսկ զինուորներուն ընդհանրապէս բաժին կինար մի քանի օրերու վրայ երկարող նիւթական աւարէն մասեր։ Ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետք բանակները դարձան աւելի մասնագիտական եւ ժամկետային իսկ զէնք զինամթերքը հետզհետէ աւելի թանկ, այսինքն պատերազմ շղթայազերծելը կապուած էր հսկայական նիւթական յատկացումներու հետ սակայն տակաւին ձեռընտու էր նախաձեռնողներուն համար, քանզի ատոնք երկիրներ գաղութացնելու նպատակով կըլլային եւ աւարը այդ երկիրներու հումքը խլելով արտադրանքի վերածելու ու վերավաճառելով յաղթող երկրի շուկան ընթարձակելու կը միտէր։

Քսան մէկերրորդ դարուն պատերազմի տրամաբանութիւնը փոխուած է արդէն, ու այլեւս անոնք ձեռընտու չեն։ Մէկ կողմէ կայ միջուկային վտանգը, իսկ միւս կողմէն կայ անոնց աներեւակայելիօրէն բարձր ծախսերը որոնք այլեւս չեն կարող հատուցուիլ աւարներու փոխարժէքով, իսկ գաղութացնելն ալ կապուած է դարձեալ ահագին ծախսերով, վտանգներով եւ ճիգերով բացարձակապէս անիմաստ տեղը։ Այսօր արհեստագիտական արարում մը ու անոր ընձերած նիւթական շահը աւելի կ’արժէ քան տիրապետուած երկրի մը ոսկու հանք մը։ Պարզ օրինակ մը տալու համար, ֆէյսպուքի 2020 ի եկամուտը 86 միլիառ տոլար է։ Իսկ Ամուլսարի ենթադրեալ եկամուտը երկրին տարեկան 50 միլիոն՞ , առանց հաշուի առնելու մթնոլորտին ու ընթերքի ջուրի պաշարներուն վրայ ունենալիք աղետալի հետեւանքները։

Ուրեմն ներկայիս պատերազմները եթէ տնտեսական նպատակներով է ապա անոնք ոչ թէ թշնամի երկրի ունեցուածքը թալանելու կը միտի, այլ անոր զարգանալու ճանապարհներուն եւ միջոցներուն վրայ արգելք դնելու կը միտի։

Վերջին Արցախեան պատերազմի հետեւանքով Ազերիները ի՞նչ տնտեսական օգուտ ունեցան կամ յետագային պիտի ունենան բուն Արցախը գրաւելով, Արցախի մէջ ի՞նչ կայ այդքան թանկարժէք։ Չեմ կարծեր աւելի մէծ հարստութիւններ կան քան իրենց ունեցած նաֆթն ու կազը Կասպյան ծովուն մէջ։

Իրականութեան մէջ այդ հողամասը աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն ունի մօտ ու հեռու շրջապատի կարգ մը երկիրներուն համար։ Թուրքիոյ համար դէպի Արեւելք թրքալեզու երկիրներուն վրայ իր շուկան ցամաքային ճանապարհով կապելու նպատակն է, Ազերբայջանի համար իր կազն ու նաֆթը դէպի Եւրոպա կարճ եւ աժան ճանապարհով հասցնելն է։ Ռուսաստանի համար Պաքուի կազի պաշարներու գոնէ մասի մը իր տարածքով անցնելն է նպատակը ու ատոր համար զոհեց Արցախէն մաս մը որպէսզի ֆիզիքական ներկայութիւն ըլլայ հոն, ուրկէ նաեւ հետագային վերահսկէ եւ գուցէ արգիլէ նաեւ Իրանական կազի ճանապարհը Հայաստանով դէպի Սեւ Ծով։

Սուրիոյ մէջ ալ տարիներու այս մաշումի պատերազմը գերպետութիւններու նուազագոյն մասնակցութեամբ, կը միտի նոյն նպատակին։ Այդտեղ Իրանն է շահաքրքրուած որ Քաթարի կազը Սուրիայով չհասնի Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոպա եւ որու համար Քաթարը Թուրքիոյ հետ դաշնակից է քանզի վերջինը շահառու է ատկէ, իսկ Իրանի դէմ են թէ Թուրքիան թէ Քաթարը թէ Ռուսիան, քանզի Իրանի Սուրիոյ վրայ հակակշռով, Իրանական կազի ճանապարհը կը վնասէ նաեւ Ռուսաստանի կազի առեւտուրին, եւ միւս երկուքի շահերուն։ Ու այսպիսով կը տեսնենք այս պրոքսի (proxy) պատերազմներուն նպատակը, որն է ճանապարհներու պատերազմ եւ ոչ գրաւման, զավթման եւ աւարներու վրայ ձեռք դնել։

Մենք այս պետք է հասկնանք ու նպատակաուղղուինք կրթութեամբ յաղթահարելու մեզ շրջապատման մէջ առած արգելքները։ Ստեղծենք զարգացած հասարակութիւն, զարգացած տնտեսութիւն եւ հզոր պետութիւն։

Արտահերթ ընտրութիւններուն համար պայքարող խմբակցութիւնները կարող՞ են այս նպատակները իրագործել։ Մէկը` չկարողացաւ հակառակ խոստումներուն, միւսը այդպէս ալ փաստած էր որ ատոնք չէին իր նպատակները տասնամեակներ շարունակ, միւս մասնակիցներէն ցարդ չերեւար լուրջ եւ համոզիչ ոյժեր որոնք կրնան այս նպատակները իրագործել։ Անոնցմէ ոմանք անտրամաբանական եւ անլուրջ կարգախօսներ ունին որոնք երբէք իրատեսական չեն, քանզի թուր կեծակին այլեւս ժամանակավրէպ է։ Տրոններու եւ ընդհանրապէս թէքնոլոճիի դար է քսանմեկերորդ դարը։

Ու՞ր են Համոզիչ Ուժերը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *