Սփիւռք

Ճշմարտութիւնը Կը մերժեն, Սուտը Կը լափեն…

Հայը միամիտ չէ, սակայն ան իր բերնին համը գիտէ, չէ որ սուտին մէջ քաղցրը աւելի շատ է….

Խաժակ Այնթապեան

Ես կը զարմանամ…
Այսքան ծանր հարուած ստանալէն ետք, փոխանակ խելքի գանք, տակաւին սուտին ու կեղծիքին ճամբայ կու տանք…
Այս ի՞նչ ախորժակով մենք այսքան սուտ կուլ կուտանք…
Պատճառը ի՞նչ է …
Արդեօք հայը միամի՞տ է…Չէ, չեմ կարծեր որ այդպէս է…
Սակայն տեղ մը լուրջ պատճառ մը ըլլաու է, որ մեր ազգային կեանքին մէջ անարդարութիւնը գլուխը այսքան առած գացած է, իսկ արդարութիւնը խիստ նուազած է։ Թէեւ միշտ ալ այսպէս եղած է, սակայն հիմա սուտը այնքան շատ է, որ ճշմարտութիւնը արդէն գլուխը կախած նստած է։
Որպէս ազգային բժիշկ, պէտք է ես այս վիճակին լուծում մը գտնեմ…Ի՞նչ ընեմ, երեւի խանութ մը բանամ եւ ճշմարտութիւն ծախեմ…
Թէ ես կ’օգտուիմ, թէ ձեզի կ’օգնեմ։
Ահաւասիկ խանութս բացի, անունն ալ «երկու առաւել երկու հաւասար է չորս» դրի։ Եկէք մօտեցէք՝ ամէն ձեւի, ամէն չափի եւ ամէն գոյնի Ճշմարտութիւն գնեցէք….
Ամէն ինչին գինը շատ յարմար է։ Տեսէք այս մէկը որքան գեղեցիկ ճշմարտութիւն է`
«Տիեզերքը անսահման է»,
Իսկ այս մէկը քիչիկ մը դառն է՝
«Այս աշխարհը շատ նեղ է» ։
Երեւի ճաշակի հարց է…մէկը քաղցր, միւսը լեղի կը սիրէ։ Թէեւ ճշմարտութեան մէջ դառնը աւելի շատ է, բայց երկուքէն ալ պիտի ծախեմ, որպէսզի ընտանիք պահեմ…
Եկէք փորձեցէք, մէկ հատ քաղցր մէկ հատ լեղի ծամեցէք, որ մէկը շատ սիրէք՝ այդ մէկը տարէք…
Բայց կէսօր եղաւ, խանութս դեռ մարդ չմտաւ։ Երեւի գիներս սուղ են, քիչ մը պակսեցնեմ…
Չէ, օգուտ չըրաւ։ Արեւը մայրամուտին մօտեցաւ, դեռ մէկը չեկաւ…
Այս գործը գործ չէ, արդէն յոգնեցայ։ Ինչ կ’ուզէ ըլլայ՝ ձրի պիտի տամ ու տուն պիտի երթամ։ Եկէք մօտեցէք՝ բոլորը տարէք…
Իրիկուն եղաւյ ձրի առնող ալ չեղաւ ու ամբողջ ճշմարտութիւնը եղածին պէս աղբաման մտաւ…
Հարեւանիս խանութին վրայ «երկու առաւել երկու հաւասար է հինգ» գրուած է։ Տէրը մեծահարուստ հայ մըն է, բարձր գիներով սուտ կը ծախէ ։
Երեւի սուտ ծախելը աւելի դիւրին է , քանզի մարդոց մեծամասնութիւնը միամիտ է, ինչ որ ըսես կը հաւատայ, կը գնէ…
Միայն հայն է, որ առանց հաւատալու սուտ կը գնէ…Պատճառը ի՞նչ է, պարզ եւ յստակ է՝
Հայը միամիտ չէ, սակայն ան իր բերնին համը գիտէ, չէ որ սուտին մէջ քաղցրը աւելի շատ է….
Մեր մէջի միակ միամիտն ալ երեւի ես եմ…ես ալ հայ եմ բայց խանութ բացեր ճանճ կը քշեմ… քանզի ապուշի պէս Ճշմարտութիւն կը ծախեմ…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *