16.9 C
Yerevan

Ճշմարտութիւնը Կը մերժեն, Սուտը Կը լափեն…

Հայը միա­միտ չէ, սակայն ան իր բերնին համը գիտէ, չէ որ սուտին մէջ քաղցրը աւե­լի շատ է….

Խաժակ Այնթա­պեան

Ես կը զարմա­նամ…
Այսքան ծանր հարուած ստա­նա­լէն ետք, փոխա­նակ խելքի գանք, տակաւին սուտին ու կեղծի­քին ճամբայ կու տանք…
Այս ի՞նչ ախորժա­կով մենք այսքան սուտ կուլ կուտանք…
Պատճա­ռը ի՞նչ է …
Արդեօք հայը միամի՞տ է…Չէ, չեմ կարծեր որ այդպէս է…
Սակայն տեղ մը լուրջ պատճառ մը ըլլաու է, որ մեր ազգա­յին կեանքին մէջ անարդա­րութիւնը գլուխը այսքան առած գացած է, իսկ արդա­րութիւնը խիստ նուա­զած է։ Թէեւ միշտ ալ այսպէս եղած է, սակայն հիմա սուտը այնքան շատ է, որ ճշմարտութիւնը արդէն գլուխը կախած նստած է։
Որպէս ազգա­յին բժիշկ, պէտք է ես այս վիճա­կին լուծում մը գտնեմ…Ի՞նչ ընեմ, երեւի խանութ մը բանամ եւ ճշմարտութիւն ծախեմ…
Թէ ես կ’օգտուիմ, թէ ձեզի կ’օգնեմ։
Ահաւա­սիկ խանութս բացի, անունն ալ «երկու առաւել երկու հաւա­սար է չորս» դրի։ Եկէք մօտե­ցէք՝ ամէն ձեւի, ամէն չափի եւ ամէն գոյնի Ճշմարտութիւն գնե­ցէք….
Ամէն ինչին գինը շատ յարմար է։ Տեսէք այս մէկը որքան գեղե­ցիկ ճշմարտութիւն է‘
«Տիե­զերքը անսահման է»,
Իսկ այս մէկը քիչիկ մը դառն է՝
«Այս աշխարհը շատ նեղ է» ։
Երեւի ճաշա­կի հարց է…մէկը քաղցր, միւսը լեղի կը սիրէ։ Թէեւ ճշմարտութեան մէջ դառնը աւե­լի շատ է, բայց երկուքէն ալ պիտի ծախեմ, որպէսզի ընտա­նիք պահեմ…
Եկէք փորձե­ցէք, մէկ հատ քաղցր մէկ հատ լեղի ծամե­ցէք, որ մէկը շատ սիրէք՝ այդ մէկը տարէք…
Բայց կէսօր եղաւ, խանութս դեռ մարդ չմտաւ։ Երեւի գիներս սուղ են, քիչ մը պակսեցնեմ…
Չէ, օգուտ չըրաւ։ Արեւը մայրա­մուտին մօտե­ցաւ, դեռ մէկը չեկաւ…
Այս գործը գործ չէ, արդէն յոգնե­ցայ։ Ինչ կ’ուզէ ըլլայ՝ ձրի պիտի տամ ու տուն պիտի երթամ։ Եկէք մօտե­ցէք՝ բոլո­րը տարէք…
Իրի­կուն եղաւյ ձրի առնող ալ չեղաւ ու ամբողջ ճշմարտութիւնը եղա­ծին պէս աղբա­ման մտաւ…
Հարեւա­նիս խանութին վրայ «երկու առաւել երկու հաւա­սար է հինգ» գրուած է։ Տէրը մեծա­հա­րուստ հայ մըն է, բարձր գինե­րով սուտ կը ծախէ ։
Երեւի սուտ ծախե­լը աւե­լի դիւրին է , քանզի մարդոց մեծա­մասնութիւնը միա­միտ է, ինչ որ ըսես կը հաւա­տայ, կը գնէ…
Միայն հայն է, որ առանց հաւա­տա­լու սուտ կը գնէ…Պատճառը ի՞նչ է, պարզ եւ յստակ է՝
Հայը միա­միտ չէ, սակայն ան իր բերնին համը գիտէ, չէ որ սուտին մէջ քաղցրը աւե­լի շատ է….
Մեր մէջի միակ միա­միտն ալ երեւի ես եմ…ես ալ հայ եմ բայց խանութ բացեր ճանճ կը քշեմ… քանզի ապուշի պէս Ճշմարտութիւն կը ծախեմ…

Առնչվող Հոդվածներ