26.5 C
Yerevan

Ֆրանսան եւ Հարաւա­յին Կովկա­սի Ճգնա­ժա­մը

Իզուր չէր ըսած Մոնթէն թէ եթէ կորսնցնենք Արցա­խը, Հայաստա­նի պատմութեան վերջին արա­րին ակա­նա­տե­սը կըլլանք։

Աւօ Պողո­սեան

Հայաստա­նը շրջա­պա­տող երկիրնե­րու հետաքրքրութեան պատճա­ռը մեր երկրով մօտաւո­րա­պէս բոլորս գիտենք արդէն, անծա­նօ­թը Ֆրանսա­յի եւ այլ երկիրնե­րունն է։ Հիմա այս օրե­րուն մասնաւո­րա­պէս Ֆրանսա­յի պարա­գան է որ պետք է ուսումնա­սի­րուի մասնա­գետնե­րուն կողմէ։

Ես մասնա­գե­տը չեմ սակայն փորձեմ իմ հասկցա­ծիս չափ բացատրել տեսածս ու իմա­ցածս։

Ինչու Ֆրանսան շահագրգրուած է Հայաստա­նով եւ կը պահանջէ ազե­րի բանա­կի անյա­պաղ նահանջը Սիւնի­քէն։

Պարզ է որ Սիւնի­քի վրա­յով անցքը դէպի Նախի­ջեւան, կամ Սիւնի­քի միա­ցումը Ազրբէյջա­նին, ստոյգ կործա­նումն է Հայաստա­նի ու Փանթուրքա­կան ծրագրի իրա­կա­նա­ցումը, որը իր հերթին ապա­գա­յին մեծ հաւա­նա­կա­նութեամբ Իրա­նի ալ բաժանման եւ փլուզման կ’ա­ռաջնորդէ տրուած ըլլա­լով որ Իրա­նի հիւսի­սը բնա­կե­ցուած է առա­վե­լա­բար թրքա­կան ցեղե­րով, իսկ եթէ այդ հեռա­հար հաւա­նա­կա­նութիւն է, յամե­նայնդէպս անմի­ջա­կան հետեւանքը պիտի ըլլայ Իրա­նի դէպի հիւսիս Հայաստա­նի տարածքով անցումը դէպի Վրաստան ու անկէ Սեւ Ծովով Եւրո­պա ու ԵԱՏՄ երկիրներ կասե­ցումը։ Այս ճանա­պարհը ինչքան որ էական է մեր համար, նոյնքան ալ անհրա­ժեշտ է Իրա­նի համար։ Իսկ Ֆրանսա­յի ու ընդհանրա­պէս Եւրո­պա­յի համար դրա­կան լծակ մըն է նուազ կախեալ ըլլա­լու Ռուսա­կան եւ Ազե­րիա­կան կազէն ու նաֆթէն։ Անդին նաեւ փանթուրա­նա­կան կայսրութեան մը գոյացնե­լիք մեծ վտանգը Եւրո­պա­յի համար տնտե­սա­կան առումով, քանզի Թուրքիոյ համար պիտի ստեղծուի անհա­մե­մատ մեծ շուկայ թուրքա­կան աժան գնով որա­կաւոր արտադրութեանց համար։ Ճիշտ է որ Եւրո­պա­կան ընկե­րութիւններն ալ պիտի օգտուին այդ շուկա­յէն Թուրքիոյ մէջ իրենց մասնա­ճիւղե­րու ընթարձա­կումէն դէպի Կեդրո­նա­կան Ասիոյ շուկաննե­րը, սակայն աւե­լի մեծ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ տնտե­սա­կան ու հետեւա­բար քաղա­քա­կան լծակնե­րը Եւրո­պա­յի վրայ։

Կայ նաեւ թուրքա­կան առաւել եւս հզո­րացման ազդա­կը Միջե­րի­րա­կան ծովու մէջ. Այսօր արդէն իսկ Թուրքա­կան միջերկրա­կա­նի ծովուժը մեծ ուժ կը նկա­տուի իր բազմա­թիւ մարտա­կան նաւե­րով ու տասներկու սուզա­նաւե­րով։ Ճիշտ է որ Ֆրանսան տակաւին աւե­լի ուժեղ է իր միջուկա­յին նաւե­րու եւ օդա­նաւա­կի­րի հաշւոյն, սակայն միջուկա­յի­նը արդի պատե­րազմնե­րուն չօգտա­գործուող զէնք է իր անձնասպա­նա­կան բնոյթին համար։ Իսկ ով՞ կը կասկա­ծի թէ Թուրքիան երբ կայսրութիւն դառնայ հասնե­լով մինչեւ Չկնաստա­նի դռնե­րը պիտի ուզէ դէպի արեւմուտք ալ իր ազդե­ցութիւնը բանեցնել ուր ունի հիմքեր ու զինք սպա­սող բազմութիւններ յանձինս Պուլկա­րիոյ, Ռումա­նիոյ, Պոսնիա Հերցե­կո­վի­նա­յի, Մակե­տո­նիա­յի եւ Ալպա­նիոյ Իսլամ փոքրա­մասնութիւննե­րը։

Հիմա Ռուսիոյ պարա­գա­յին որ կը կարծեմ նախկին գերպե­տութիւնը չէ այլ լոկ շրջա­նա­յին շատ ուժեղ պետութիւն, պիտի ուզէր՞ որ Սիւնի­քը կցուէր Ազրբէյջա­նի։ Անձնա­պէս չեմ կարծեր. ան ոչ տհաս է երթա­լու այդ իր համար վտանգաւոր արկա­ծախնդրութեան ոչ ալ այդքան տկա­րա­ցած։ Ռուսաստա­նը այս իր քաղա­քա­կա­նութեամբ շրջա­նին մէջ ամուր ոտք դրաւ ու Փաշի­նեա­նին խեղճա­ցուց, եւ արտա­հերթ ընտրութիւննե­րու շեմին, առիթ կուտայ իր նախընտրած Քոչա­րեա­նին վերա­դառնա­լու քաղա­քա­կա­նութիւն, որը եւ Ազրբէյջա­նի նախընտրածն է, որովհե­տեւ գիտէ որ կար վիհ անոր եւ ժողո­վուրդի միչեւ եւ կարե­լի չէ որ այսօր ազգի սիրե­ցեալ ընտրեա­լը ըլլայ։

Եզրա­կացնե­լու համար ուրեմն, Ռուսաստա­նը թոյլ չի տար Սիւնի­քի կորստեան, ան կը մնայ այդտեղ իբր պահա­պան Թեհրա­նի դէպի հիւսիս ճանա­պարհը արգե­լա­կող։ Ֆրանսան խօսքի սահմաննե­րէն անդին չանցնիր ու վճռա­կան քայլե­րու չի դիմեր Ռուսա­կան եւ Թուրքա­կան հաշիւնե­րը խանգա­րե­լու։

Իսկ մենք կամ կը մնանք այսպէս տկար, թոյլ եւ աւե­լիով Ռուսաստա­նի վասալ պետութիւն, կամ կըլլանք աւե­լի վճռա­կան, գոնէ այս հանգրուա­նին անպայման նոյնիսկ զէնքի եւ ժողովրդա­յին պայքա­րի միջո­ցաւ Հայաստա­նի սահմաննե­րէն ետ շպրտե­լով ազե­րի թշնա­մուն, որուն դէմ Ռուսաստա­նը կը կարծեմ չեզոք դիրք կը բռնէ։

Ներքին ճակա­տին վրայ, արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը տեղի կունե­նան ու կունե­նանք նոր իշխա­նութիւններ, եւ եթէ այդ ըլլայ արդար ու ժողովրդի կամքին համա­պա­տասխան, կը սկսինք անցեա­լէն դասեր քաղե­լով պատրաստուիլ ապա­գայ պատե­րազմին, որովհե­տեւ այդ աւարտած չէ, եւ այս պատե­րազմի հետեւանքնե­րը մեզի ցոյց տուաւ որ Երկի­րը անո­ղո­քա­բար թալա­նե­լով, բանա­կը երե­սի վրայ թողնե­լով, գիտութիւնը անտե­սե­լով, կը մնանք լուսանցքա­յին պետութիւն լաւա­գոյն պարա­գա­յին ու միշտ կախեալ ուրիշնե­րու կամքէն։ Կայ նաեւ հաւա­նա­կա­նութիւն որ ի սպառ վերա­նանք աշխարհի երե­սէն, որովհե­տեւ Արցա­խը Սիւնի­քի հետ միասնա­բար Հայաստա­նի Աքի­լե­սեան Կռունկն է։

Իզուր չէր ըսած Մոնթէն թէ եթէ կորսնցնենք Արցա­խը, Հայաստա­նի պատմութեան վերջին արա­րին ակա­նա­տե­սը կըլլանք։

Դեռ Ռուսաստա­նը այստեղ է, եւ այնքան ատեն որ այստեղ է պետք է զորա­նանք բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ։

Թէ ինչպէս՞ , պատասխա­նը պիտի տանք մենք իւրա­քանչիւրս։

Առնչվող Հոդվածներ