Իզուր չէր ըսած Մոնթէն թէ եթէ կորսնցնենք Արցախը, Հայաստանի պատմութեան վերջին արարին ականատեսը կըլլանք։
Աւօ Պողոսեան
Հայաստանը շրջապատող երկիրներու հետաքրքրութեան պատճառը մեր երկրով մօտաւորապէս բոլորս գիտենք արդէն, անծանօթը Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներունն է։ Հիմա այս օրերուն մասնաւորապէս Ֆրանսայի պարագան է որ պետք է ուսումնասիրուի մասնագետներուն կողմէ։
Ես մասնագետը չեմ սակայն փորձեմ իմ հասկցածիս չափ բացատրել տեսածս ու իմացածս։
Ինչու Ֆրանսան շահագրգրուած է Հայաստանով եւ կը պահանջէ ազերի բանակի անյապաղ նահանջը Սիւնիքէն։
Պարզ է որ Սիւնիքի վրայով անցքը դէպի Նախիջեւան, կամ Սիւնիքի միացումը Ազրբէյջանին, ստոյգ կործանումն է Հայաստանի ու Փանթուրքական ծրագրի իրականացումը, որը իր հերթին ապագային մեծ հաւանականութեամբ Իրանի ալ բաժանման եւ փլուզման կ’առաջնորդէ տրուած ըլլալով որ Իրանի հիւսիսը բնակեցուած է առավելաբար թրքական ցեղերով, իսկ եթէ այդ հեռահար հաւանականութիւն է, յամենայնդէպս անմիջական հետեւանքը պիտի ըլլայ Իրանի դէպի հիւսիս Հայաստանի տարածքով անցումը դէպի Վրաստան ու անկէ Սեւ Ծովով Եւրոպա ու ԵԱՏՄ երկիրներ կասեցումը։ Այս ճանապարհը ինչքան որ էական է մեր համար, նոյնքան ալ անհրաժեշտ է Իրանի համար։ Իսկ Ֆրանսայի ու ընդհանրապէս Եւրոպայի համար դրական լծակ մըն է նուազ կախեալ ըլլալու Ռուսական եւ Ազերիական կազէն ու նաֆթէն։ Անդին նաեւ փանթուրանական կայսրութեան մը գոյացնելիք մեծ վտանգը Եւրոպայի համար տնտեսական առումով, քանզի Թուրքիոյ համար պիտի ստեղծուի անհամեմատ մեծ շուկայ թուրքական աժան գնով որակաւոր արտադրութեանց համար։ Ճիշտ է որ Եւրոպական ընկերութիւններն ալ պիտի օգտուին այդ շուկայէն Թուրքիոյ մէջ իրենց մասնաճիւղերու ընթարձակումէն դէպի Կեդրոնական Ասիոյ շուկանները, սակայն աւելի մեծ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ տնտեսական ու հետեւաբար քաղաքական լծակները Եւրոպայի վրայ։
Կայ նաեւ թուրքական առաւել եւս հզորացման ազդակը Միջերիրական ծովու մէջ. Այսօր արդէն իսկ Թուրքական միջերկրականի ծովուժը մեծ ուժ կը նկատուի իր բազմաթիւ մարտական նաւերով ու տասներկու սուզանաւերով։ Ճիշտ է որ Ֆրանսան տակաւին աւելի ուժեղ է իր միջուկային նաւերու եւ օդանաւակիրի հաշւոյն, սակայն միջուկայինը արդի պատերազմներուն չօգտագործուող զէնք է իր անձնասպանական բնոյթին համար։ Իսկ ով՞ կը կասկածի թէ Թուրքիան երբ կայսրութիւն դառնայ հասնելով մինչեւ Չկնաստանի դռները պիտի ուզէ դէպի արեւմուտք ալ իր ազդեցութիւնը բանեցնել ուր ունի հիմքեր ու զինք սպասող բազմութիւններ յանձինս Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Պոսնիա Հերցեկովինայի, Մակետոնիայի եւ Ալպանիոյ Իսլամ փոքրամասնութիւնները։
Հիմա Ռուսիոյ պարագային որ կը կարծեմ նախկին գերպետութիւնը չէ այլ լոկ շրջանային շատ ուժեղ պետութիւն, պիտի ուզէր՞ որ Սիւնիքը կցուէր Ազրբէյջանի։ Անձնապէս չեմ կարծեր. ան ոչ տհաս է երթալու այդ իր համար վտանգաւոր արկածախնդրութեան ոչ ալ այդքան տկարացած։ Ռուսաստանը այս իր քաղաքականութեամբ շրջանին մէջ ամուր ոտք դրաւ ու Փաշինեանին խեղճացուց, եւ արտահերթ ընտրութիւններու շեմին, առիթ կուտայ իր նախընտրած Քոչարեանին վերադառնալու քաղաքականութիւն, որը եւ Ազրբէյջանի նախընտրածն է, որովհետեւ գիտէ որ կար վիհ անոր եւ ժողովուրդի միչեւ եւ կարելի չէ որ այսօր ազգի սիրեցեալ ընտրեալը ըլլայ։
Եզրակացնելու համար ուրեմն, Ռուսաստանը թոյլ չի տար Սիւնիքի կորստեան, ան կը մնայ այդտեղ իբր պահապան Թեհրանի դէպի հիւսիս ճանապարհը արգելակող։ Ֆրանսան խօսքի սահմաններէն անդին չանցնիր ու վճռական քայլերու չի դիմեր Ռուսական եւ Թուրքական հաշիւները խանգարելու։
Իսկ մենք կամ կը մնանք այսպէս տկար, թոյլ եւ աւելիով Ռուսաստանի վասալ պետութիւն, կամ կըլլանք աւելի վճռական, գոնէ այս հանգրուանին անպայման նոյնիսկ զէնքի եւ ժողովրդային պայքարի միջոցաւ Հայաստանի սահմաններէն ետ շպրտելով ազերի թշնամուն, որուն դէմ Ռուսաստանը կը կարծեմ չեզոք դիրք կը բռնէ։
Ներքին ճակատին վրայ, արտահերթ ընտրութիւնները տեղի կունենան ու կունենանք նոր իշխանութիւններ, եւ եթէ այդ ըլլայ արդար ու ժողովրդի կամքին համապատասխան, կը սկսինք անցեալէն դասեր քաղելով պատրաստուիլ ապագայ պատերազմին, որովհետեւ այդ աւարտած չէ, եւ այս պատերազմի հետեւանքները մեզի ցոյց տուաւ որ Երկիրը անողոքաբար թալանելով, բանակը երեսի վրայ թողնելով, գիտութիւնը անտեսելով, կը մնանք լուսանցքային պետութիւն լաւագոյն պարագային ու միշտ կախեալ ուրիշներու կամքէն։ Կայ նաեւ հաւանականութիւն որ ի սպառ վերանանք աշխարհի երեսէն, որովհետեւ Արցախը Սիւնիքի հետ միասնաբար Հայաստանի Աքիլեսեան Կռունկն է։
Իզուր չէր ըսած Մոնթէն թէ եթէ կորսնցնենք Արցախը, Հայաստանի պատմութեան վերջին արարին ականատեսը կըլլանք։
Դեռ Ռուսաստանը այստեղ է, եւ այնքան ատեն որ այստեղ է պետք է զորանանք բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Թէ ինչպէս՞ , պատասխանը պիտի տանք մենք իւրաքանչիւրս։