Սփիւռք

Անմնացորդ Ծառայութեան Հաստատակամութեամբ

Որպէս երդուեալ Դաշնակցական, ես մեծ դեր վերապահուած կը տեսնէի ինծի եւ իմ գաղափարակից ընկերներուս համար, ուր կը հաւատայի թէ մեր հայրենակերտումի գործին մասնակցութիւնը այլեւս պիտի չ՚ըլլար մեր գաղափարական զիջումներու գնով, այլ աւելի անմիջական եւ աւելի հարազատ։

Վիգէն Յովսէփեան

Ես անձնապէս Ապրիլ-Մայիս 2018ի իշխանափոխութիւնը ողջունողներու կարգին էի, ոչ որովհետեւ հմայուած էի Նիկոլ Փաշինյանով կամ որովհետեւ անոր մօտէն ծանօթ էի (իր հետ կեանքիս ամբողջ տեւողութեանը, առաջին եւ վերջին անգամ 10 վայրկեան խօսակցած եմ, այն ալ մի քանի ամիս ետք 2018-ի Սեպտեմբերին, որպէս վարչապետ իր Նիւ Եորք այցի առիթով), կամ ոչ որովհետեւ Սերժ Սարգսյանի դէմ յատուկ ատելութիւն կը տածէի (ընդհակառակն, անձնապէս միշտ ալ յարգալիր փոխ-յարաբերութիւն ունեցած էի իր հետ), այլ որովհետեւ կը հաւատայի թէ «Թաւշեայ Չեմգիտերինչով», ազգին համար վերանորոգման լաւ առիթ մը կրնար տրուիլ։ Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, կեանքիս փորձառութիւնները ինծի առիթ չէին տար ազգային-քաղաքական հարցերով միամիտ գտնուելու, բայց եւ այնպէս թէ՛ այդ ժամանակ եւ թէ՛ ալ այսօր, հաւատացողը եղած եմ թէ կեանքի մէջ – յատկապէս քաղաքականութեան մէջ – կարելիութիւնները երբեմն կը ներկայանան անսպասելի կերպով, ու առողջ մարդը կամ ազդեցիկ ուժը, իրականութիւն կը կերտէ տրուած կարելիութիւններու ընդմէջէն։

Խորապէս կը հաւատայի թէ 30 տարուան անկախութենէ ետք, ազգին վրայ ծառացած բոլոր կաշկանդումներէն ու ճնշումներէն ազատագրուելու կարելիութիւնը կար, Հայաստանով եւ սփիւռքահայութեամբ մէկ համազգային զարթօնքի մը առիթը կար, եւ կար անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային ամբողջական կարողականութիւնը հաւաքելու, ու ազգի վերելքին ծառայեցնելու։ Ինծի այդքան չեր հետաքրքրեր թէ ո ՞վ կ՚ըլլայ ազգին առջեւ «նոր էջ» բացողը, այնքան ատեն որ առիթ մը կը տրուէր ու սկիզբ մը դրուէր համազգային զարթօնքի որ ազգի ու հայրենիքի վերելքի նոր ապագայի կարելիութիւն բանայ մեր առջեւ։ Այդ օրերու որեւէ ականատես կը հասկնար, թէ կարելիութիւններ ստեղծողը Փաշինյանը չէր, այլ հարիւր հազարներով ժողովուրդն էր, որ աշխատանքային ամբողջ դաշտ մը կը բանար իրեն իսկ ծառայութեան պատրաստ մարդոց համար, ճամբայ կը բանար աւելի պայծառ ապագայի մը յոյսով։ Հոն օրինակ, որպէս երդուեալ Դաշնակցական, ես մեծ դեր վերապահուած կը տեսնէի ինծի եւ իմ գաղափարակից ընկերներուս համար, ուր կը հաւատայի թէ մեր հայրենակերտումի գործին մասնակցութիւնը այլեւս պիտի չ՚ըլլար մեր գաղափարական զիջումներու գնով, այլ աւելի անմիջական եւ աւելի հարազատ։

Պարզ է որ իմ եւ շատ-շատերու յոյսերը չ՚արդարացան։ Պարզ է որ նոր կազմուած իշխանութիւնը շատերու պատկերացուցած օրակարգով առաջ չի գնաց, ազգն ու ազգի ուժերը հաւաքագրելու մէջ ձախողեցաւ։ Այո, գիտեմ, իշխանութիւնները կը գանգատին թէ ի սկզբանէ իրենց ընթացքը խափանողներ եղան, եւ թէ իրենց բարեացակամութիւնը չարաչար շահագործողներ կային։ Վստահաբար, մասամբ այդպէս եղաւ։ Սակայն նոյնիսկ եթէ այդպէս է, եւ եթէ նուազագոյն ճնշումով կամ նոյնիսկ սադրանքներով իրենց ուղղութենէն շեղեցան նորերը, ապա այդ կը փաստէ որ իրենք առաջնահերթութիւններու խնդիր ունէին եւ վճռակամութեան պակաս։ Այս կը փաստէ նաեւ թէ նորերը շատ արագ աչքաթող ըրին ժողովուրդի գլխաւոր մանտադը, որ իրեն համար աւելի լաւ ու պայծառ ապագայ կերտելն էր, եւ որ ժողովուրդին համար վերջ ի վերջոյ անկարեւոր է թէ ո ՞վ է այդ պայծառութիւնը իրականացնողը։ Ժողովուրդին համար արդիւնքն էր կարեւոր։

Այո, գիտեմ նաեւ թէ իշխանութիւններէն հեռու մնացածները կը հաստատեն՝ թէ իշխանութեանց կողմէ իրենց երկարած գործակցութեան ձեռքը միշտ ալ ձեւական էր, երբեք անկեղծ եղած չէ։ Անոնք կը պնդեն թէ նոր իշխանութիւնները միշտ կը ձգտէին առնել՝ բայց չտալ. զիջումներ ու գործակցութիւն պարտադրել, առանց փոխադարձ զիջումներու։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ այս էր պարագան, պիտի հասկնանք որ ուրեմն հոս եւս կար առաջնահերթութեան խնդիր, եւ այս բոլորին տուն տուող բազմաթիւ հարցադրումներ։ Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ազգի ուժերու համադրումն ու լարումը տեղի չ՚ունեցաւ, ու մեր դարաւոր թշնամիներն ալ լաւ հասկցան մեր ազգային անմիաբանութեան ուժն ու այդ ան-միաբանութեան շնորհիւ իրենց տրամադրուած հրաւէրը։

Եւ այսպէս ունինք ինչ որ ունինք այսօր։ Պատերազմի հետեւանքով հսկայական մարդկային եւ հայրենական հողի կորուստներ, Քորոնավիրուսէն ու պատերազմէն քայքայուած տնտեսութիւն, պարտութեան ազդեցութեան տակ բարոյալքուած բանակ, արտակարգ մակարդակներու հասած հայաստանեան գեր-բեւեռուած հասարակութիւն, իսկ ամենէ կարեւորը՝ քար ու քանդ եղած ազգային օրակարգ ու ազգային առաջնահերթութիւններու հանգանակ։

Անկեղծ ըսած, ես չգիտեմ թէ Յունիսին սպասուող ընտրութիւններու արդիւնքները ի ՞նչ կ՚ըլլան։ Արդէն ամբողջական թերահաւատութեամբ ու զզուանքով կը հետեւիմ ընտրութիւններու հետ կապուած անմակարդակ դիսկուրսին։ Հոն չկայ գաղափարախօսութիւն, քաղաքակիրթ խօսակցութիւն։ Բայց ինչպէս ալ զարգանայ յաջորդ ամիսը, վերջի վերջոյ ընտրական գործընթացը պիտի հանգի ուժերու ինչ որ յարաբերակցութեան, այնպէս ինչպէս ընտրողներու ցանկութիւնը պիտի ըլլայ։

Թող ժողովուրդը դատէ, թող ընտրողը խօսի։

Սակայն, մէկ բանի վստահ եմ. այն, թէ յետ-ընտրական իրականութեան մը մէջ ազգային դաւաճանութիւն պիտի ըլլայ թէ իշխանութեան եկածներու կողմէ, թէ ալ ընդդիմութեան մէջ յայտնուածներու կողմէ, եթէ ամէն ճիգ ի գործ չի դրուի նոր էջ մը բանալու, եւ համընդհանուր ու ազգային օրակարգի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու։ Ըստ իս, կատարելապէս անիմաստ կ՚ըլլան ընտրութիւնները, եթէ անոնք նոր էջ մը չբանան մեր առջեւ, նոր էջ մը քաղաքական գործակցութիւններու եւ նոր ազգային օրակարգի։ Իսկ ո ՞րն է այդ ազգային օրակարգը, այն նուազագոյն հասարակաց յայտարարը ուր քաղաքական տարբեր հոսանքներ – եթէ ըստ էութեան հայկական են ու կը ծառայեն ազգին – կը կարողանան ու պարտին համագործակցութիւն հաստատել։

Սեղմ գիծերու մէջ՝

– Հայաստանի զինուած ուժերու եւ երկրի ռազմական պաշպանուածութեան հզօրացում։ Այս կը նշանակէ թէ ամբողջական գործակցութիւն պիտի գոյացուի բանակի վերակազմակերպման եւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ, յաւելեալ ապաքաղաքականացումով եւ զուրկ ներ-քաղաքական մրցումներէ։ Այս մարզերուն մէջ որեւէ ձախողութիւն կ՚ըլլայ բոլորինը, այլ ոչ թէ իշխանութեանը կամ ընդդիմութեանը։ Բանակի մէջ քաղաքականացման ճիգերը համարել դաւաճանական առարք։

– Սփիւռքահայութեան ամբողջական ներգրաւածութիւն յանուն Հայաստանի վերելքին։ Այս կը նշանակէ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան գործընկերութիւնը համարել ամենակարեւոր ռազմավարական գործընկերութիւն, եւ ստեղծել անոր գործնականացման համար անհրաժեշտ միջոցներ։ Վերցնել սփիւռքահայութիւնը (յատկապէս երկքաղաքացիները) ներգրաւելու արգելք հանդիսացող մեծաւ-մասամբ բոլոր սահմանադրական կաշկանդումները, եւ ապահովել մասնակցութիւն- յանձնառութիւն տրամաբանական հաւասարակշռութիւն։

– Արտաքին քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն վարող մեքանիզմներու վերակազմակերպում։

– Հայ Դատի առնչութեամբ եւ հայկական պատմական իրաւունքներու հետապնդման մարտահրաւէրներու գծով պետական աջակցութիւն, այս մարզերը համարելով ազգային անվտանգութեան կարեւորութեամբ խնդիրներ։

Այստեղ, այս գրառմանս մէջ մանրամասնութիւններ զանց կ՚առնեմ, ապագային վերոյիշեալ կէտերուն վերադառնալու մտադրութեամբ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՀ տնտեսութիւնը վերակազմակերպելու, ու տնտեսական զարգացում եւ ընկերային արդարութիւն երաշխաւորելու գործին, որոնք բոլորն ալ խիստ կենսական ու համազգային կարեւորութեան խնդիրներ կը համարեմ, այսուհանդերձ զանոնք չեմ պատկերացներ ապաքաղաքական հարթութեան վրայ։ Ակնկալելի է եւ նաեւ տրամաբանական, որ տարբեր քաղաքական ուժերու մօտ, տարբեր ու երբեմն հակադիր գաղափարախօսական առաջնահերթութիւններէ մեկնած ծնունդ առնեն տարբեր տնտեսական մօտեցումներ, ծրագիրներ ու գործընթաց։ Անշուշտ որ տնտեսութիւնը մենատիրական ճնշումներէ զերծ պահելը, բնական հարստութիւններու տնտեսումը կարգաւորելը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու անվտանգութիւնը նաեւ համազգային օրակարգի մաս պէտք է կազմեն, բայց ասոնք արդէն ընդունուած օրէնքներու միջոցով։

Գիւտ մը պիտի չ՚ըլլայ արձանագրելս թէ այսօրուան իրադրութիւնները – արտաքին քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական – կը պահանջեն հայկական ազգային համաձայնութեան եւ Համազգային ներդաշնակութեան օրակարգ։ Վստահ եմ բոլորս ալ կը համաձայնինք այս հաստատումին հետ, սակայն անոր գործնականացումն է որ պիտի ներկայանայ որպէս գլխաւոր մարտահրաւէր։ Ահա այս համազգային օրակարգին տէր կանգնողներն են որ կրնան յաւակնիլ ազգը ներկայացնել, որպէս ազգի շահերը իրենց նեղ հաշիւներէն վեր դասողներ։ Վերջապէս, անոնք են որոնք օր մը պիտի արժանանան հայ ազգի անվերապահ գնահատանքին։

Ազգ եւ Հայրենիք՝ ու անոնց համար անմնացորդ ծառայութիւն

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *