15.1 C
Yerevan

Անմնա­ցորդ Ծառա­յութեան Հաստա­տա­կա­մութեամբ

Որպէս երդուեալ Դաշնակցա­կան, ես մեծ դեր վերա­պա­հուած կը տեսնէի ինծի եւ իմ գաղա­փա­րա­կից ընկերնե­րուս համար, ուր կը հաւա­տա­յի թէ մեր հայրե­նա­կերտումի գործին մասնակցութիւնը այլեւս պիտի չ՚ըլլար մեր գաղա­փա­րա­կան զիջումնե­րու գնով, այլ աւե­լի անմի­ջա­կան եւ աւե­լի հարա­զատ։

Վիգէն Յովսէ­փեան

Ես անձնա­պէս Ապրիլ-Մայիս 2018ի իշխա­նա­փո­խութիւնը ողջունողնե­րու կարգին էի, ոչ որովհե­տեւ հմա­յուած էի Նիկոլ Փաշինյա­նով կամ որովհե­տեւ անոր մօտէն ծանօթ էի (իր հետ կեանքիս ամբողջ տեւո­ղութեա­նը, առա­ջին եւ վերջին անգամ 10 վայրկեան խօսակցած եմ, այն ալ մի քանի ամիս ետք 2018‑ի Սեպտեմբե­րին, որպէս վարչա­պետ իր Նիւ Եորք այցի առի­թով), կամ ոչ որովհե­տեւ Սերժ Սարգսյա­նի դէմ յատուկ ատե­լութիւն կը տածէի (ընդհա­կա­ռակն, անձնա­պէս միշտ ալ յարգա­լիր փոխ-յարա­բե­րութիւն ունե­ցած էի իր հետ), այլ որովհե­տեւ կը հաւա­տա­յի թէ «Թաւշեայ Չեմգի­տե­րինչով», ազգին համար վերա­նո­րոգման լաւ առիթ մը կրնար տրուիլ։ Բարե­բախտա­բար թէ դժբախտա­բար, կեանքիս փորձա­ռութիւննե­րը ինծի առիթ չէին տար ազգա­յին-քաղա­քա­կան հարցե­րով միա­միտ գտնուե­լու, բայց եւ այնպէս թէ՛ այդ ժամա­նակ եւ թէ՛ ալ այսօր, հաւա­տա­ցո­ղը եղած եմ թէ կեանքի մէջ — յատկա­պէս քաղա­քա­կա­նութեան մէջ — կարե­լիութիւննե­րը երբեմն կը ներկա­յա­նան անսպա­սե­լի կերպով, ու առողջ մարդը կամ ազդե­ցիկ ուժը, իրա­կա­նութիւն կը կերտէ տրուած կարե­լիութիւննե­րու ընդմէ­ջէն։

Խորա­պէս կը հաւա­տա­յի թէ 30 տարուան անկա­խութե­նէ ետք, ազգին վրայ ծառա­ցած բոլոր կաշկանդումնե­րէն ու ճնշումնե­րէն ազա­տագրուե­լու կարե­լիութիւնը կար, Հայաստա­նով եւ սփիւռքա­հա­յութեամբ մէկ համազգա­յին զարթօնքի մը առի­թը կար, եւ կար անհրա­ժեշտութիւնը մեր ազգա­յին ամբողջա­կան կարո­ղա­կա­նութիւնը հաւա­քե­լու, ու ազգի վերելքին ծառա­յեցնե­լու։ Ինծի այդքան չեր հետաքրքրեր թէ ո ՞վ կ՚ըլլայ ազգին առջեւ «նոր էջ» բացո­ղը, այնքան ատեն որ առիթ մը կը տրուէր ու սկիզբ մը դրուէր համազգա­յին զարթօնքի որ ազգի ու հայրե­նի­քի վերելքի նոր ապա­գա­յի կարե­լիութիւն բանայ մեր առջեւ։ Այդ օրե­րու որեւէ ակա­նա­տես կը հասկնար, թէ կարե­լիութիւններ ստեղծո­ղը Փաշինյա­նը չէր, այլ հարիւր հազարնե­րով ժողո­վուրդն էր, որ աշխա­տանքա­յին ամբողջ դաշտ մը կը բանար իրեն իսկ ծառա­յութեան պատրաստ մարդոց համար, ճամբայ կը բանար աւե­լի պայծառ ապա­գա­յի մը յոյսով։ Հոն օրի­նակ, որպէս երդուեալ Դաշնակցա­կան, ես մեծ դեր վերա­պա­հուած կը տեսնէի ինծի եւ իմ գաղա­փա­րա­կից ընկերնե­րուս համար, ուր կը հաւա­տա­յի թէ մեր հայրե­նա­կերտումի գործին մասնակցութիւնը այլեւս պիտի չ՚ըլլար մեր գաղա­փա­րա­կան զիջումնե­րու գնով, այլ աւե­լի անմի­ջա­կան եւ աւե­լի հարա­զատ։

Պարզ է որ իմ եւ շատ-շատե­րու յոյսե­րը չ՚արդարացան։ Պարզ է որ նոր կազմուած իշխա­նութիւնը շատե­րու պատկե­րա­ցուցած օրա­կարգով առաջ չի գնաց, ազգն ու ազգի ուժե­րը հաւա­քագրե­լու մէջ ձախո­ղե­ցաւ։ Այո, գիտեմ, իշխա­նութիւննե­րը կը գանգա­տին թէ ի սկզբա­նէ իրենց ընթացքը խափա­նողներ եղան, եւ թէ իրենց բարեա­ցա­կա­մութիւնը չարա­չար շահա­գործողներ կային։ Վստա­հա­բար, մասամբ այդպէս եղաւ։ Սակայն նոյնիսկ եթէ այդպէս է, եւ եթէ նուա­զա­գոյն ճնշումով կամ նոյնիսկ սադրանքնե­րով իրենց ուղղութե­նէն շեղե­ցան նորե­րը, ապա այդ կը փաստէ որ իրենք առաջնա­հերթութիւննե­րու խնդիր ունէին եւ վճռա­կա­մութեան պակաս։ Այս կը փաստէ նաեւ թէ նորե­րը շատ արագ աչքա­թող ըրին ժողո­վուրդի գլխաւոր մանտա­դը, որ իրեն համար աւե­լի լաւ ու պայծառ ապա­գայ կերտելն էր, եւ որ ժողո­վուրդին համար վերջ ի վերջոյ անկա­րեւոր է թէ ո ՞վ է այդ պայծա­ռութիւնը իրա­կա­նացնո­ղը։ Ժողո­վուրդին համար արդիւնքն էր կարեւոր։

Այո, գիտեմ նաեւ թէ իշխա­նութիւննե­րէն հեռու մնա­ցածնե­րը կը հաստա­տեն՝ թէ իշխա­նութեանց կողմէ իրենց երկա­րած գործակցութեան ձեռքը միշտ ալ ձեւա­կան էր, երբեք անկեղծ եղած չէ։ Անոնք կը պնդեն թէ նոր իշխա­նութիւննե­րը միշտ կը ձգտէին առնել՝ բայց չտալ. զիջումներ ու գործակցութիւն պարտադրել, առանց փոխա­դարձ զիջումնե­րու։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ այս էր պարա­գան, պիտի հասկնանք որ ուրեմն հոս եւս կար առաջնա­հերթութեան խնդիր, եւ այս բոլո­րին տուն տուող բազմա­թիւ հարցադրումներ։ Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ազգի ուժե­րու համադրումն ու լարումը տեղի չ՚ունեցաւ, ու մեր դարաւոր թշնա­մի­ներն ալ լաւ հասկցան մեր ազգա­յին անմիա­բա­նութեան ուժն ու այդ ան-միա­բա­նութեան շնորհիւ իրենց տրա­մադրուած հրաւէ­րը։

Եւ այսպէս ունինք ինչ որ ունինք այսօր։ Պատե­րազմի հետեւանքով հսկա­յա­կան մարդկա­յին եւ հայրե­նա­կան հողի կորուստներ, Քորո­նա­վի­րուսէն ու պատե­րազմէն քայքա­յուած տնտե­սութիւն, պարտութեան ազդե­ցութեան տակ բարո­յալքուած բանակ, արտա­կարգ մակարդակնե­րու հասած հայաստա­նեան գեր-բեւե­ռուած հասա­րա­կութիւն, իսկ ամե­նէ կարեւո­րը՝ քար ու քանդ եղած ազգա­յին օրա­կարգ ու ազգա­յին առաջնա­հերթութիւննե­րու հանգա­նակ։

Անկեղծ ըսած, ես չգի­տեմ թէ Յունի­սին սպա­սուող ընտրութիւննե­րու արդիւնքնե­րը ի ՞նչ կ՚ըլլան։ Արդէն ամբողջա­կան թերա­հաւա­տութեամբ ու զզուանքով կը հետեւիմ ընտրութիւննե­րու հետ կապուած անմա­կարդակ դիսկուրսին։ Հոն չկայ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն, քաղա­քա­կիրթ խօսակցութիւն։ Բայց ինչպէս ալ զարգա­նայ յաջորդ ամի­սը, վերջի վերջոյ ընտրա­կան գործընթա­ցը պիտի հանգի ուժե­րու ինչ որ յարա­բե­րակցութեան, այնպէս ինչպէս ընտրողնե­րու ցանկութիւնը պիտի ըլլայ։

Թող ժողո­վուրդը դատէ, թող ընտրո­ղը խօսի։

Սակայն, մէկ բանի վստահ եմ. այն, թէ յետ-ընտրա­կան իրա­կա­նութեան մը մէջ ազգա­յին դաւա­ճա­նութիւն պիտի ըլլայ թէ իշխա­նութեան եկածնե­րու կողմէ, թէ ալ ընդդի­մութեան մէջ յայտնուածնե­րու կողմէ, եթէ ամէն ճիգ ի գործ չի դրուի նոր էջ մը բանա­լու, եւ համընդհա­նուր ու ազգա­յին օրա­կարգի մը շուրջ համա­ձայնութիւն գոյացնե­լու։ Ըստ իս, կատա­րե­լա­պէս անի­մաստ կ՚ըլլան ընտրութիւննե­րը, եթէ անոնք նոր էջ մը չբա­նան մեր առջեւ, նոր էջ մը քաղա­քա­կան գործակցութիւննե­րու եւ նոր ազգա­յին օրա­կարգի։ Իսկ ո ՞րն է այդ ազգա­յին օրա­կարգը, այն նուա­զա­գոյն հասա­րա­կաց յայտա­րա­րը ուր քաղա­քա­կան տարբեր հոսանքներ — եթէ ըստ էութեան հայկա­կան են ու կը ծառա­յեն ազգին — կը կարո­ղա­նան ու պարտին համա­գործակցութիւն հաստա­տել։

Սեղմ գիծե­րու մէջ՝

- Հայաստա­նի զինուած ուժե­րու եւ երկրի ռազմա­կան պաշպա­նուա­ծութեան հզօ­րա­ցում։ Այս կը նշա­նա­կէ թէ ամբողջա­կան գործակցութիւն պիտի գոյա­ցուի բանա­կի վերա­կազմա­կերպման եւ ռազմա­կան արդիւնա­բե­րութեան ոլորտնե­րուն մէջ, յաւե­լեալ ապա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցումով եւ զուրկ ներ-քաղա­քա­կան մրցումնե­րէ։ Այս մարզե­րուն մէջ որեւէ ձախո­ղութիւն կ՚ըլլայ բոլո­րի­նը, այլ ոչ թէ իշխա­նութեա­նը կամ ընդդի­մութեա­նը։ Բանա­կի մէջ քաղա­քա­կա­նացման ճիգե­րը համա­րել դաւա­ճա­նա­կան առարք։

- Սփիւռքա­հա­յութեան ամբողջա­կան ներգրաւա­ծութիւն յանուն Հայաստա­նի վերելքին։ Այս կը նշա­նա­կէ Հայաստա­նի եւ սփիւռքա­հա­յութեան գործընկե­րութիւնը համա­րել ամե­նա­կա­րեւոր ռազմա­վա­րա­կան գործընկե­րութիւն, եւ ստեղծել անոր գործնա­կա­նացման համար անհրա­ժեշտ միջոցներ։ Վերցնել սփիւռքա­հա­յութիւնը (յատկա­պէս երկքա­ղա­քա­ցի­նե­րը) ներգրաւե­լու արգելք հանդի­սա­ցող մեծաւ-մասամբ բոլոր սահմա­նադրա­կան կաշկանդումնե­րը, եւ ապա­հո­վել մասնակցութիւն- յանձնա­ռութիւն տրա­մա­բա­նա­կան հաւա­սա­րակշռութիւն։

- Արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւն եւ դիւա­նա­գի­տութիւն վարող մեքա­նիզմնե­րու վերա­կազմա­կերպում։

- Հայ Դատի առնչութեամբ եւ հայկա­կան պատմա­կան իրաւունքնե­րու հետապնդման մարտահրաւէրնե­րու գծով պետա­կան աջակցութիւն, այս մարզե­րը համա­րե­լով ազգա­յին անվտանգութեան կարեւո­րութեամբ խնդիրներ։

Այստեղ, այս գրառմանս մէջ մանրա­մասնութիւններ զանց կ՚առնեմ, ապա­գա­յին վերո­յի­շեալ կէտե­րուն վերա­դառնա­լու մտադրութեամբ։

Իսկ ինչ կը վերա­բե­րի ՀՀ տնտե­սութիւնը վերա­կազմա­կերպե­լու, ու տնտե­սա­կան զարգա­ցում եւ ընկե­րա­յին արդա­րութիւն երաշխաւո­րե­լու գործին, որոնք բոլորն ալ խիստ կենսա­կան ու համազգա­յին կարեւո­րութեան խնդիրներ կը համա­րեմ, այսուհանդերձ զանոնք չեմ պատկե­րացներ ապա­քա­ղա­քա­կան հարթութեան վրայ։ Ակնկա­լե­լի է եւ նաեւ տրա­մա­բա­նա­կան, որ տարբեր քաղա­քա­կան ուժե­րու մօտ, տարբեր ու երբեմն հակա­դիր գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան առաջնա­հերթութիւննե­րէ մեկնած ծնունդ առնեն տարբեր տնտե­սա­կան մօտե­ցումներ, ծրա­գիրներ ու գործընթաց։ Անշուշտ որ տնտե­սութիւնը մենա­տի­րա­կան ճնշումնե­րէ զերծ պահե­լը, բնա­կան հարստութիւննե­րու տնտե­սումը կարգաւո­րե­լը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցնե­րու անվտանգութիւնը նաեւ համազգա­յին օրա­կարգի մաս պէտք է կազմեն, բայց ասոնք արդէն ընդունուած օրէնքնե­րու միջո­ցով։

Գիւտ մը պիտի չ՚ըլլայ արձա­նագրելս թէ այսօ­րուան իրադրութիւննե­րը — արտա­քին քաղա­քա­կան եւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան — կը պահանջեն հայկա­կան ազգա­յին համա­ձայնութեան եւ Համազգա­յին ներդաշնա­կութեան օրա­կարգ։ Վստահ եմ բոլորս ալ կը համա­ձայնինք այս հաստա­տումին հետ, սակայն անոր գործնա­կա­նա­ցումն է որ պիտի ներկա­յա­նայ որպէս գլխաւոր մարտահրաւէր։ Ահա այս համազգա­յին օրա­կարգին տէր կանգնողներն են որ կրնան յաւակնիլ ազգը ներկա­յացնել, որպէս ազգի շահե­րը իրենց նեղ հաշիւնե­րէն վեր դասողներ։ Վերջա­պէս, անոնք են որոնք օր մը պիտի արժա­նա­նան հայ ազգի անվե­րա­պահ գնա­հա­տանքին։

Ազգ եւ Հայրե­նիք՝ ու անոնց համար անմնա­ցորդ ծառա­յութիւն

Առնչվող Հոդվածներ