Հրազդան ԶԷյթլեան
…Հայաստանը ո՛չ թէ «փոխզիջումները» մերժեց, ընդհակառակը՝ Հայաստանը ՄԻ՛ՇՏ պատրաստ եղաւ նոյնիսկ արագ հողայանձնումով խաղաղութեան հասնելու և ԱՄԷ՛Ն անգամ «Ատըրպէյճանն» էր որ մերժեց, որովհետև չուզեց և չուզէր հայութեան ինքնիշխան գոյութիւնը…
Կատարելապէս, ԿԱՏԱՐԵԼԱՊԷՍ սխալ է այն գաղափարը որ կը մանրավաճառուի ներկայիս զանազան ուժերու կողմէ, ներառեալ ՀԱԿ-ի և Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, թէ «Ատըրպէյճանի» հետ աւելի «լուրջ», աւելի «խոհուն», աւելի «ճկուն» քաղաքականութեամբ (իմա՝ հայապատկան հողերը կամաւոր յանձնելով առանց կռիւի, հոգ չէ թէ կարելի եղածին չափ երկարաձգելի ժամանակաշրջանի մը վրայ) «փոխզիջումներու» ճանապարհով (որ ի դէպ պիտի նշանակէր զիջումներ հիմնականին մէջ միայն մեր կողմէ) կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ, եւ, վաստակիլ՝ ներկայի վիճակէն «աւելի լաւ» պայմաններ:
Այսպիսի մտածողութիւն կրնայ ունենալ միայն ան որ չէ հաւատացած երբեք և չի հաւատար պատմական Հայաստանի վերակերտման հայկական արեւելութեան ռազմավարութեանը, որ չի հաւատար հայկական պատմական գողցուած հողերու հաւաքամիացմանը անկախ Հայաստանի սահմաններուն մէջ և ո՛չ իսկ կը հաւատայ Արցախի Հայաստանի վերամիացումին, քանի որ պատրաստ ըլլալով արագօրէն զիջիլ հայապատկան հողեր կը դժուրացնէ Արցախի միաւորումը Հայաստանի հետ:
Ըստ այս մտայնութեան, Հայաստանի յետԼևոն ղեկավարները չանդրադարձան, որ «ժամանակ»-ի անցնումը ի շահ մեզի չէր եղեր և չուզեցին համաձայնութեան երթալ:
Նախ և առաջ ասիկա սուտ մըն է. Քի Ուէսթի և այլ «փոխզիջողական» համաձայնութեան առաջարկութիւնները ո՛չ թէ Հայաստանը, ա՛յլ ընդհանրապէս «Ատըրպէյճանն» էր որ միշտ մերժեց:
Հայապատկան հողերու զիջումի այսպիսի մտածողութիւնը ի սկզբանէ իսկ աժան պարտուողականութիւն մըն է ինքնին, քանի որ հիմնուած է հայապատկան հողերու կամաւոր վաճառքի գաղափարին վրայ առանցքայնօրէն՝ կարծեցեալ, ապահովութեան մը վաստակման սին յոյսով, արիւնահոտ երազով:
Ասիկա նաև շատ թէական մտայնութիւն է այն իմաստով որ նոյն այդպէս մտածողները կ՛ընդունին որ թշնամին իր կարգին շատ լա՛ւ հասկցած պիտի ըլլար «ժամանակը» ի շահ իրեն ըլլալու գաղափարը: Այսինքն թշնամի՛ն որևէ աճապարանք պիտի չունենար (և չունեցաւ) իսկական համաձայնութեան գալու հայկական յաղթանակներէն անմիջապէս ետք: Նոյնիսկ եթէ Լևոն չհրաժարէր, և առատ զիջումներով համաձայնութեան փորձէր երթալ շուտ մը, թշնամին միշտ պիտի յաւելեալ զիջումներ պահանջէր և պահանջեց և պիտի երկարաձգէր և երկարաձգեց զիջումներու հոլովոյթը նոյն այդ «ժամանակը» «Ատըրպէյճանի» օգտին ըլլալու տրամաբանութեամբ, քանի որ, դարձեալ, «ժամանակը» իր հետ էր: Ի դէպ այս մտայնութեան հետեևորդները խղճալիօրէն համաձայն են թշնամիի՛ն հետ որ «ժամանակը» մեր կողմը չէր:
«Ժամանակը» «Ատըրպէյճանին» կողմը ըլլալը ինքնին անհեթեթութիւն մըն է, սակայն, հակառակ մեր ներկայ ժամանակաւոր ձախողութիւններուն, պատմական «ժամանակը» վերջնական յաղթանակողին կողմն է միայն ու միա՛յն և ներկայ կացութիւնը «Ատըրպէյճանի» համար վերջնական յաղթանակ մը ըլլալէ շատ հեռու է:
«Ատըրպէյճանը» էր, է և պիտի մնայ թրքական և խորհրդային կայսերապաշտական քաղաքականութեանց արգասիք արհեստական պետութիւն մը, հիմնուած հայկական բնակչութեան ոչնչացման ոճիրին սկզբնական մեղքին վրայ և որ կը համախմբէ, թայֆայական օպսքուրանթիսթ բռնապետութեան մը տակ, իրարու անհաւատարիմ շարք մը ցեղային և կրօնական խմբաւորումներ և որու միակ հարստութիւնը և գերարդիական զէնքեր գնել կարենալու միակ ազդակը՝ քարիւղի արդիւնաբերութիւնն է (արդիւնաբերութիւն մը որ պատմականօրէն կը պարտի հայ գործարարներու հանճարին և ջանքերուն): Յաջորդ տասնամեակներուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ՛անցնի ածխաջրածինական ուժանիւթի գործածութենէն մէկ կողմէ, և գոյութիւն ունեցող պաշարներու սպառումով միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի՛ ռազմավարական առաւելութիւն ըլլալէ: Քարիւղի շահերու պակսումով, ժամանակի ընթացքին, իր նիւթական միջոցներու նուազումով պիտի տկարանայ նոյնիսկ «Ատըրպէյճանի» ռազմավարական դաշնակցութիւնը թուրանական միւս պետութիւններուն և մինչև իսկ Թուրքիոյ հետ, և ապագային նուազ հարուստ «Ատըրպէյճան» մը հաւանաբար ի վիճակի պիտի չըլլայ գերարդիական նմանաչափ զինամատակարարումը շարունակել Իսրայէլէն:
Մարտունակ Հայաստան մը և մարտունակ Հայկական գաղտնի սպասարկութիւններ կրնան ապակայունացնել և պէտք է շարունակապէս ապակայունացնեն «Ատըրպէյճանը» (սատարելով «Ատըրպէյճանի» ցեղային և կրօնական ընկճուած խմբաւորումներուն քաղաքական ինքնահաստատման), և հատու ներքին կիցերով խախտեն «Ատըրպէյճան» խրճիթի խարխուլ հիմերը:
Կարելի է եզրակացնել, նկատի ունենալով յիշեալ ռազմավարական տուեալները, որ «Ատըրպէյճանը» յարձակեցաւ որովհետև ժամանակը աւելի ուշ, ի շահ իրեն պիտի չըլլար:
Բայց դեռ այս արագ «փոխզիջումներ» «աւելի լաւ» արդիւնքներու համար մտածողութեան ամէնէն հիմնական յիմարութիւնը այն է որ «աւելի լաւ» պայմանները որոնց մասին կը խօսին այս մարդիկ իրականութեան մէջ շատ աւելի վտանգաւոր պայմաններ են, քան ունինք նոյնիսկ հիմա՛:
Ինչ կը վերաբերի ինիսունական թուականներու հայկական յաղթանակներէն ետք անմիջականօրէն «փոխզիջողական» հաշտութեան ստորագրելու գաղափարին, իրողապէս որևէ վստահութիւն գոյութիւն չունէր և չէր կրնար ունենալ որ նոյնիսկ եթէ հեռակայ պետութիւններ ժամանակաւոր սին երաշխիքներ առաջարկէին, նոյնիսկ եթէ միջազգային թէ միազգային դիտորդներ տեղաւորուէին, որ «փոխզիջողական» հողերու կանխաւ վերադարձնելու հանգրուանային քաղաքականութիւնը պիտի յանգէր Արցախի անկախութեան: Նոյնիսկ եթէ անիրատեսօրէն երեւակայենք, որ այդ շուտ «փոխզիջողական» բանակցութիւնները պիտի ստիպէին «Ատըրպէյճանին» ընդունիլ մինչև իսկ սովետական ԼՂԻՄ-ի նմանութեամբ իրավիճակ մը Արցախին համար, միջազգային երաշխիքներով և տեղական ինքնավարութեամբ, նոյնիսկ այդ պարագային, տասնամեակներու բանակցութեանց ընթացքին ներկայացուած «փոխզիջողական» բոլոր ծրագրերը կը պարունակէին բոլոր տեղափոխուածներու վերադարձի սկզբունքը:
Իրատեսօրէն, այս վերադարձի սկզբունքը կատարելապէս անարդար էր որովհետեւ միայն ու միայն պիտի ծառայէր «տեղափոխուած ազերիներու» մասսայական և իրենց կառավարութեան կողմէ առատաձեռնօրէն ֆինանսաւորուած «վերադարձին», կամ ներխուժումին պարզապէս. քանզի հայ տեղափոխուածները իրականութեան մէջ մեծամասնաբար «Ատըրպէյճանի» մեծ քաղաքներու բնակիչները կամ նախկին ԼՂԻՄ-ի անմիջական սահմաններէն անդին ապրող հայերն էին, կամ՝ ջարդուած-ոչնչացուած, կամ ալ արդէն իսկ աշխարհացրիւ – մենք երբէք չսորվեցանք նկրտիլ, ապրիլ գաղթականական ճամբարներու մէջ, եւ սպասել վերադարձի ատ ալ ուրիշ հարց, ատ ալ ուրիշ պատմական չարիք:
Եւ արդեօք ո՞վ պիտի ճշդէր և հակակշռի տակ կարենար պահել ազերի վերադարձողներու թիւը, յատկապէս Շուշիի մէջ, աւելի կարեւորը՝ անոնց թուական արագ աճը հայութեան բաղդատած, և ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի քուէարկէին այս վերադարձողները: Արդեօ՞ք խառն բնակչութեամբ, ներքին «ազերի» հայատեաց ամբոխով այդպիսի Արցախ մը կարելի կրնար ըլլալ հայապատկան պահել երկար ժամանակի վրայ:
Ներկայի անկախ Արցախը փոքրացած է, բայց կատարելապէս հայաբնակ է և անշուշտ հայապատկան է հարիւր առ հարիւր:
Իրականութեան մէջ, Հայաստանը ո՛չ թէ «փոխզիջումները» մերժեց, ընդհակառակը՝ Հայաստանը ՄԻ՛ՇՏ պատրաստ եղաւ նոյնիսկ արագ հողայանձնումով խաղաղութեան հասնելու և ԱՄԷ՛Ն անգամ «Ատըրպէյճանն» էր որ մերժեց, որովհետև չուզեց և չուզէր հայութեան ինքնիշխան գոյութիւնը և ինչպէս վերջին մարտերու ընթացքին Հադրութի պարպումը և հայութեան յետմնացած ինչքի և հայկական եկեղեցիներու քանդումը ցոյց տուին, չուզէր նոնիսկ հայութեան պարզ վերապրումը:
Եթէ մե՛ր պատմութիւնը սորվեցուցած է մեզի մէ ՛կ դաս, եթէ կրնանք աներկբայօրէն վստահ ըլլալ մէկ բանի մասին, ան է որ՝ երբ հարցը ՀՈՂՆ է, «փոխզիջումը» ժամանակի վատնում է պարզապէս երբ թշնամին թուրքն է: Հողը կը յանձնուի միա՛յն պարտութեամբ: Հողը կը վերագրաւուի զէնքով միայն:
[շարունակելի]