15.1 C
Yerevan

Հարցումներ՝ Կարօ Արմե­նեա­նին

Եթէ ամէն մէկ հայ Սողո­մոն Իմաստուն է, եւ ժողո­վուրդին մեծա­մասնութիւնը «սնանկ, յանցա­գործ, երկի­րը պարտութե­նէ պարտութիւն տանող քաղա­քա­կան խլեա­կը» կը փափա­քի վերընտրել որպէս վարչա­պետ, ի՞նչ պատա­հած է ուրեմն. ամէն մարդ Խենթ Սողո­մոն չէ՞…կամ արդեօք սխալ հասկցած եմ բացատրութիւնը եւ յօդուա­ծագրին նշած Սողո­մոննե­րը միա՛յն իր սպի­տակ խումբին կը պատկա­նին. միւսնե­րը սեւ են եւ անատա՞կ՝ Սողո­մոններ ծնե­լու:

Անի Աստուրեան

Առջի օր «Ազդակ»ի մէջ զարմանքով կարդա­ցի Կարօ Արմե­նեա­նի «Մեր Պայմա­նագրութիւնը Ազգի՛ն Հետ է» յօդուա­ծը:

Կարօ Արմե­նեա­նի գրա­կան ստեղծա­գործութիւննե­րը միշտ կը կարդամ «Բագին»ի մէջ ու շա՛տ կը սիրեմ: Այս մէկ գրութիւնը գրա­կան չէր սակայն, եւ բազմա­թիւ հարցադրումնե­րու դուռ բացաւ: Շա՛տ շնորհա­կալ պիտի ըլլա­յի իրեն, եթէ ոչ զգա­ցա­կան պատասխաններ տրա­մադրէր հետեւեալ հարցումնե­րուն:

Սողո­մոն Իմաստունին մասին խօսե­լով, պրն. Արմե­նեան կ՛ըսէ, թէ ամէն մէկ հայ Խենթ Սողո­մոնն է, որ անկա­խութեան իրաւա­կարգին «յարութիւն» պիտի պարգեւէ: Հարց կու տամ յարգե­լի յօդուա­ծագրին՝ եթէ ամէն մէկ հայ Սողո­մոն Իմաստուն է, եւ ժողո­վուրդին մեծա­մասնութիւնը «սնանկ, յանցա­գործ, երկի­րը պարտութե­նէ պարտութիւն տանող քաղա­քա­կան խլեա­կը» կը փափա­քի վերընտրել որպէս վարչա­պետ, ի՞նչ պատա­հած է ուրեմն. ամէն մարդ Խենթ Սողո­մոն չէ՞…կամ արդեօք սխալ հասկցած եմ բացատրութիւնը եւ յօդուա­ծագրին նշած Սողո­մոննե­րը միա՛յն իր սպի­տակ խումբին կը պատկա­նին. միւսնե­րը սեւ են եւ անատա՞կ՝ Սողո­մոններ ծնե­լու:

Յօդուա­ծա­գի­րը կ՚ըսէ, թէ կը խօսի «հաւատքով, ոգեւո­րութեամբ, յոյսով», բայց իր գրութիւնը լի է վերջերս սովո­րա­կան դարձած ատե­լութեամբ, այլա­մերժութեամբ, կռուա­զա­նութեամբ: Այս ժխտա­կան եւ նուաստացնող զգա­ցումնե­րը կրնա՞ն արդեօք, բացի իր խումբէն, ոգեւո­րել սրտցաւ ընթերցո­ղը, հաւատք ներշնչել անոր՝ ապա­գա­յի նկատմամբ: Չեմ կարծեր: Ան կը գրէ. «Հայ անկախ պետա­կա­նութեան մարմի­նը պէտք է արմա­տա­պէս ախտա­զերծուի, որպէսզի կարո­ղա­նայ ապա­հո­վել իր անկա­խութիւնն ու իր լինե­լութեան կենսա­կան գործօննե­րը»: Հարցումը ինքնա­բե­րա­բար կը յայտնուի. արդեօք ինչպէ՞ս կ՛երեւակայէք այդ անկա­խութիւնը: Ինչո՞ւ չէք նշեր ռուսա­կան կամ ամե­րի­կեան գործօննե­րը, երբ շատ լաւ գիտէք, որ Հայաստա­նի մէջ գործող ուժե­րու գրե­թէ ամբողջ մեծա­մասնութիւնը կը ղեկա­վա­րուի «դուրսէն»: Վարա­գոյրին ետին կեցած են մեծ պարոններ կամ տիկիններ եւ ճարտա­րօ­րէն իրենց խամա­ճիկնե­րուն ցատկռտել կու տան քաղա­քա­կան բեմին վրայ:

Հետաքրքրա­կան է, որ տեղ մըն ալ կ՚ընդունիք, որ պրն. Փաշի­նեա­նի պարտութեամբ «վերջ չի գտներ մեր պետա­կան համա­կարգի ախտա­հանման դժուա­րին գործը»: Ձեր ներկա­յա­ցուցած լուծումը այս հարցին՝ շատ համո­զիչ չէ սակայն: Դուք լուծումը կը գտնէք… ընդդի­մութեան մէջ ու գլխա­գիր, մե՜ծ գիրե­րով կը հաւաստիացնէք ընթերցո­ղը, թէ՝ «ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔԻ ՀԻՆ ՆՈՐՄԵՐԸ, ԱՅՍԻՆՔՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՕԼԻԳԱՐԽԻԱ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ: ԿԸ ԿՐԿՆԵՄ: ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ»: Բայց ո՞ւր են ձեր փաստե­րը: Ինչպէ՞ս հաւա­տալ ընդդի­մութեան մը, երբ ան լծուած է Ռ. Քոչա­րեա­նին, որ կը խոստա­նայ չուերթներ ստեղծել Երեւա­նի եւ Գիւմրիի միջեւ, ինչպէս հայր մը չկամ պզտի­կի մը զովա­ցուցիչ կը խոստանայ…Եւ ինչպէ՞ս ընթերցո­ղի յիշա­տա­կի տախտա­կէն պիտի կարե­նաք ջնջել «Հետք»ի 2018ի 17 Օգոստո­սի թիւին մէջ հրա­տա­րա­կուած պրն. Քոչա­րեա­նի ունե­ցուածքին ցանկը՝ 28 տարբեր եւ գոյնզգոյն հրա­շա­լիքնե­րէ բաղկա­ցած՝ դրա­մա­տուներ, խաղա­տուներ, կօշի­կի վաճա­ռա­տուներ, ինքնա­շարժե­րու ներկա­յա­ցուցչութիւն, բջի­ջա­յին հեռա­ձայնե­րու ներածման ընկե­րութիւն, պանդոկներ, եւայլն… Արդեօք անձնա­պէս ձեզ հաւաստիացուցա՞ծ է, որ այդ բոլո­րէն պիտի հրա­ժա­րի, որպէսզի «օլի­գարխիա» չըլլայ այլեւս, ինչպէս կը գրէք այդքան պարզօ­րէն, կարծես կախարդա­կան ճիպո­տը՝ ձեր ձեռքին… Կամ արդեօ՞ք ստո­րագրած է խոստումնա­գիր մը, ըստ որուն արտա­սահմա­նի եւ հայրե­նի­քի մէջ գտնուող իր միլիոննե­րը պիտի բաշխէ հայ ժողո­վուրդին, որպէսզի «Ազգի՛ն հետ» ըլլայ. (հոս այլ հարցեր կը ծագին, բայց նիւթէս շեղած կ՚ըլլամ. ի՞նչ է Ազգը ձեզի համար. այն խումբը, որ կը փափա­քի եւ կը ծրագրէ գնդակահարե՞լ իր վարչա­պե­տը, կամ՝ այն զանգուա­ծը, որ տակաւին կը հաւա­տայ անոր. եւ եթէ կը հաւա­տայ՝ ուրեմն Ազգ չէ՞):

Կ՛ըսէք. «Ազգը պիտի քշէ թշնա­մին մեր հայրե­նի­քի սահմաննե­րէն», բայց չէք ըսեր՝ ինչպէ՞ս, ո՞ր ուժե­րով, ո՞ր բանա­կով, ո՞ր զէնքե­րով: Իսկ եթէ կը հաւա­տաք, որ ունինք պէտք եղած բանա­կը եւ զէնքե­րը, ապա հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ չգործե­ցին անոնք քառա­սունչորսօ­րեայ պատե­րազմի ընթացքին: Թերեւս յիշեցնէք, որ պրն. Փաշի­նեանն էր գլխաւոր հրա­մա­նա­տա­րը եւ իր պատճա­ռով պարտուե­ցանք, բայց լրջօ­րէն կը հաւատա՞ք, որ ինքն էր որո­շո­ղը թէ քանի՞ զօրա­գունդ, գունդ կամ զինուոր պէտք էր ղրկել այսինչ կամ այնինչ շրջա­նը: Արդեօ՞ք կը կարծէք, թէ Քոչա­րեա­նի պարա­գա­յին սպա­յա­կոյտն ու հրա­մա­նա­տարնե­րը պիտի չգործեն նոյն սխալնե­րը: Եթէ այո՛՝ ինչո՞ւ արդեօք:

Վերջին հարցումս կը վերա­բե­րի Հայաստա­նէն արտա­գաղթին: Կը մէջբե­րէք պրն. Քոչա­րեա­նը, որ շատ մտա­հոգ կը թուի ըլլալ վերջին ամիսնե­րուն երկի­րը ձգած 80,000 մարդոցմով: Հոս երկու հարց կը ծագի. սեպե­լով, թէ այս թիւը ճիշդ է՝ պսա­կա­ձեւ ժահրի պատճա­ռած ճամբորդա­կան արգելքնե­րով հանդերձ, պրն. Քոչա­րեա­նին յիշեցուցա՞ծ էք արդեօք, որ իր եւ իրեն յաջորդած նախա­գա­հին օրօք մօտ 800,000 մարդ ձգած է Հայաստա­նը ու չէ՞ք մտա­հո­գուիր, որ եթէ մենաշնորհեալ պրն. Քոչա­րեա­նը յայտնուի ամուր դիրքի վրայ՝ հարիւր հազար մարդ եւս լքէ երկի­րը:

Ըստ ձեզի, «Ընտրութիւնը շատ յստակ է. կա՛մ մենք պիտի երթանք դէպի նոր, կենսունակ, արդիա­կան եւ ազա­տագրուած պետա­կա­նութիւն, կա՛մ ազգո­վին յանձնուինք վերջնա­կան գահա­վէ­ժին եւ ազգո­վին դուրս գանք պատմութեան բեմէն: Երրորդ այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

Հապա եթէ՞ գոյութիւն ունի երրորդ այլընտրանք: Հապա եթէ՞ Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի քաղա­քա­կան բեմէն քաշուին թելե­րէ կախուած խամա­ճիկնե­րը ու թոյլ տան իսկապէ՛ս անշա­հախնդիր ու կարո՛ղ մարդոց՝ հաւա­քուիլ վաղուան ղեկա­վա­րին շուրջ, շինիչ խորհուրդներ եւ ճշգրիտ տեղե­կութիւններ փոխանցել ու նեցո՛ւկ կանգնիլ անոր:

Հապա եթէ՞ բոլորս հաւա­քուինք Եռա­գոյնին տակ եւ պաշտպա­նենք ու զօրացնենք մեր պետա­կա­նութիւնը, առանց զայն տկա­րացնող հանա­պա­զօ­րեայ ցեխարձա­կումնե­րու եւ յարձա­կումնե­րու: Թերեւս այն ատեն Եռա­գոյնն ու «Մեր Հայրե­նի­քը» իմաստ կ՛ունենան եւ լօզունգնե­րը՝ նոյնպէս:

Asbarez.am

Առնչվող Հոդվածներ