Սփիւռք

Խոհեմութեան Իմաստակութիւնը. (Մաս Բ)

Արցախի դատը մասնիկն է թրքական և խորհրդային կայսերապաշտական դաւերով մասնատուած և տկարացուած Հայաստանի վերաամբողջացման և Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէ դիտել:

Հրազդան ԶԷյթլեան

Թող մեր խոհուն «փոխզիջողականները» և խաղաղասէրները խօսէին ուզածնուն չափ և զիջէին ուզածնուն չափ, այնքան ատեն, որ նոյնիսկ Արցախի մէջ հայութեան կազմակերպուած նուազագոյն վերապրումը հայցէին, «Ատըրպէյճանը» հետաքրքրուած չէր և պիտի չըլլար:

Պատմութիւնը ընդհակառակը ցոյց տուաւ որ բանակցութիւնները թատրոն էին պարզապէս, «Ատըրպէյճանը» լծուած էր հիմնականօրէն իր բանակի պատերազմի պատրաստութեան և Թուրքիոյ հետ ռազմական ամբողջարկութեան: Երբ «Ատըրպէյճանի» պատերազմական  պատրաստութիւնները հասան այն մակարդակին, երբ պատերազմի ընթացքին յաղթական արդիւնք հասնելու կարելիութիւնը ընդունելի հաշւոյդ դարձաւ «Ատըրպէյճանի» համար, «ժամանակը» հասած էր և «Ատըրպէյճան» յարձակեցաւ: Մնացած եթէները նախկին ակադեմիկոսի մը կամ այլոց կողմէ պարզապէս են… ակադեմիական:

Երբ «Ատըրպէյճանը» մեզ հետ նստած էր բանակցութեանց կեղծիքով, և օրն ի բուն գերարդիական զէնքեր կը գնէր, մենք իրօք «լրջութեամբ», «խոհեմութեամբ» և կշռուած քայլերով ընթացանք, Արցախի անկախ պետութիւնն անգամ չճանչցանք սխալօրէ՛ն կարծելով որ ճկունութի՜ւն էր և կրնար նպաստել բանակցութիւններու յաջողութեան, և տակաւին յիմարներ կան մեր մէջ, որ Հայաստանի «կարծր» քաղաքականութիւնն է որ կ՛այպանեն:

Հայաստանի արցախեան քաղաքականութեան և արցախեան գոյամարտի մեր ներկայ հանգրուանի ձախողութեան վերլուծումը և ինքնաքննադատութիւնը կարևոր է, բայց ինքնածեծումի տեղ ընդունինք, որ տարածեցինք մեր տիրապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ներկայ Հայաստանի սահմաններէն անդին պատմական հայապատկան հողերու վրայ, և ապուշութիւնը ունեցանք «փոխզիջումներ» մուրալու և առանց շօշափելի անկախութեան Ացախի համար կամաւոր յանձնելու մեր հողերը մեր ինիսունականներու յաղթանակներէն ետք:

Ժամանակն է ցասումնալից ինքնաքննադատութեան այո՛ անպայմա՛ն – բայց չինքնաքննադատենք եւ չինքնածեծենք այնգան, որ մոռնանք որ յաջողեցանք 30 տարի – աւելի քան քարորդ դար – շարունակ Հայաստանի մէջ պահել հսկայական հայապատկան տարածութիւններ եւ մէկ անգամ ընդմիշտ փաստեցինք մենք մեզի, որ յարձակողական մարտավարութիւնը, և այո՛ մեր ամրակայումը  միակ ուղին է, որ կը տանի յաջողութեան կատարելապէս անզիջող ուժերու դէմ որոնց նպատակը պարզապէս հայութեան բնաջնջումն է:

 Անկախ նոր Հայաստանի բանակը կռուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով լայն մասշտաբով պատերազմի մէջ իբրեւ կանոնաւոր բանակ, մեր բանակը կուտակած էր հսկայական ռազմամթերք և ռազմամիջոցներ և քառասուն չորս օր դիմադրեց շատ աւելի մեծաթիւ և աւելի գերարդիական զէնքերով «Ատըրպէյճանին» և Թուրքիոյ ներգրաւուած ուժերուն և ներածուած վարձկաններուն, և եթէ մեր գործադիր որոշ սպաները մոլեգնութիւնը ունենային չսայթաքելու (կամ կասեցուած չըլլային, արդիւնքը միևնոյնն է) Հորադիզի տխրահռչակ գործողութեան ընթացքին, այս հողերը մեզի պիտի պատկանէին յաւերժապէս: Ձախողեցանք բայց յարակարծականօրէն նաև շատ մօտիկ էինք կատարեալ յաղթանակի:

Հակառակ թրքական-«ազէրիական» գերարդիական ռազմական կարողութիւններուն, ռազմավարական առաւելութիւնը Արցախեան պատերազմական այս վերջին փուլին ամբողջ տեւողութեան երկայնքին Հայաստանի կողմն էր: Թուրքերը «յաջողած» էին ճեղքել հարաւային ուղղութեամբ բայց միայն ամէնէն հարաւի ուղղութեամբ ինչ որ իրենց համար ամէնէն դիւրին բայց նաև ամէնէն վտանգաւոր արդիւնքն էր (միւս բոլոր շրջաններուն մէջ չէին կրցած յառաջանալ իմաստային տեսակէտէ):

Ճեղքած էին Արաքսի զուգահեռ եւ Արցախեան լեռներուն հակակշռին տակ նեղ հողամասի մը մէջ, որու Արևելքին Հայաստանն էր – որքան յառաջանային իրենց կացութիւնը իրենց համար աւելի վտանգաւոր պէտք էր որ ըլլար – դասական «Լ» ձևի ծուղակի մը մէջ իյնալու վրայ էին :

Եւ բնականաբար Հայկական բանակը կազմակերպած էր ճիշտ գործողութիւնը պաշարելու համար ճեղքող ուժերը հատու հարուածով մը ճեղքումին կռնակը մնացած Հորադիզի ուղղութեամբ: Թէ ինչպէ՞ս Հայկական բանակը այս գործողութիւնը չյաջողցուց Ի ԳԻՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ: Պատերազմի այս փուլի արդիւնքը որոշուեցաւ հո՛դ: Հոն էր որ ամէնէն ՄՈԼԵԳԻՆ հրամանատարները պէտք է որ ըլլային և «մէկ հատու հարուածով» կատարեալ յաղթանակը մերը պիտի ըլլար: Անդրադառնանք որ եթէ Հորադիզի գործողութիւնը յաջողցնէինք պատերազմը յաղթած էինք – յաջողութեան և ձախողութեան տարբերութիւնը այդ գործողութիւնն էր: Գօտեպնդուինք և պատրաստուինք յաջորդ վճռական վայրկեանին – կրնայինք յաջողիլ այդ օրը և կրնանք յաջողիլ ապագային:

Ձախողեցանք ա՛յս հանգրուանին քանի որ չունէինք բաւարար քանակով և որակով գերարդիական զէնքեր և չկրցանք (կամ չձգեցին որ կարենանք, արդիւնքը միևնոյնն է)  մոլեգնութիւն սանձարձակել Հորադիզի գործողութեան ատեն:

Բայց փաստօրէն, եթէ մենք ձախողեցանք զինւորական գետնի վրայ այս ժամանակաւոր հանգրուանին, ձախողեցաւ նաև «Ատըրպէյճանը»:

Նախ «Ատըրպէյճանը» հակառակ իր ունեցած ակնառու գերարդիական զէնքերու առաւելութիւններուն չկրցաւ յաղթել Արցախին՝ Արցախի հանրապետութեան դրօշակը կը ծածանի Ստեփանակերտէն Մարտակերտ և Մարտունի: Ժամանակի ընթացքին պիտի անդրադառնանք, որ մեր ձախողութիւնը պարտութիւն չէր: ժամանակաւոր ձախողութիւն մը «պարտութիւն» չէ՛ – ԵՐԲԵՔ մի՛ ընդունիք և երբեք մի՛ գործածէք ատ բառը:

Միւս կողմէ «Ատըրպէյճանի» ահաւոր բարբարոսութիւնները և ոճիրները մարդկութեան դէմ կռիւներուն ընթացքին և կռիւներէն ետք, հակաբնապահպանական ոճիրները, անմարդկայնութիւնը մեր բանտարկեալներուն հանդէպ և անոնց անիրաւական կալանաւորումը, հայկական գրաւուած ինչքին, հայկական մշակոյթի կոթողներուն և եկեղեցիներուն քանդումը, գրաւուած հայապատկան հողերէն հայութեան պարպումը, մէկ խօսքով «Ատըրպէյճանի» ջարդարար ընթացքը անկարելի կը դարձնէ որ Արցախի մնացորդացը երբեւիցէ կրնայ մաս մնալ «Ատըրպէյճանի» մէջ:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին հիմա: Ըլլանք նոյնքան «անկեղծ» որքան մեր թշնամիներն են մեզ հետ երբ կը յայտարարեն, որ Երևանը իրենց կը պատկանի պատմականօրէն…: Եկէք չըլլանք «դիւանագէտ», չըլլանք «խաղաղասէր», խնդրեմ չըլլանք «խոհեմ»: եկէք ըլլանք «անկեղծ» եւ արձանագրենք մեր սահմանադրութեան մէջ իբրև անփոփոխելի հիմնայօդուած, որ Արցախը էր, է և պիտի ըլլայ մինչև վերջ Հայաստան:

Հայաստանի նոր խորհրդարանը պէտք է վերամշակէ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ հայահաւաքի և հողահաւաքհ հայկական արևելութեան ռազմավարութիւնները: Հայկական արևելութեան հիմնարար այս սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի, որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ, «Ատըրպէյճանի» և Վրաստանի սահմանային ամբողջականութիւնը այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ ընդունած Հայութեան ազգաջնջումի իր ոճիրը Մեծ Եղեռնը և պատրաստակամութիւն չէ յայտնած հատուցման և հայապատկան գողցուած հողերու վերադարձին, այնքան ատեն որ Արցախը իբրև Հայաստանի անբաժան մաս չէ ճանչցուած «Ատըրպէյճանի» կողմէ,  և այնքան ատեն, որ Վրաստան չէ ընդունած որ հայապատկան Ջավախքը Վրաստանի կցուած էր խորհրդային կայսերապաշտութեան պատմական սխալով և պատրաստակամութիւն արտայայտէ սրբագրելու այդ պատմական սխալը:

Վերջին մարտերու միա՛կ ուսանելի դասը այն է որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրել՝ եղեռնի շարունակութիւնը: Այս պատճառով Հայ Դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետական և ոչ պետական ուժերուն միակ իրատես ուղղութիւնն է այսօ՛ր, երբ  Թուրքիոյ և «Ատըրպէյճանի» դրսեւորած շարունակուող նպատակը Հայաստանը խղճալի ճամբարի մը վերածելն է:

 Արցախի դատը մասնիկն է թրքական և խորհրդային կայսերապաշտական դաւերով մասնատուած և տկարացուած Հայաստանի վերաամբողջացման և Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէ դիտել:

 Թուրքիա, «Ատըրպէյճան» և Վրաստան իրե՛նք է, որ միշտ ալ այս ամբողջական Հայաստանի կարելիութեան քանդումի դիտանկիւնէն է, որ կը վերաբերին մեզի հետ երբ դաշնակցեցան միասին՝ փորձելով հաշուեյարդարի ենթարկել Արցախը անցեալ տարեվերջին: Եթէ Թուրքիոյ դերը «Ատըրպէյճանի» կողքին ցայտուն էր ողջ աշխարհին, նուազ կործանարար չէր Վրաստանի դիրքորոշումը Հայաստանի դէմ, երբ ան գոցեց իր սահմանները Հայաստանին ռուսական ռազմամթերքի փոխադրութեան առջև:

 Ի պատասխան Ալիևի յայտարարութեան, թէ ինք լուծած է Արցախի հարցը վերջնականօրէն, Հայաստանի նոր խորհրդարանը Արցախը Հայաստանի անբաժանելի մաս պէտք է հռչակէ անմիջապէս, որպէսզի որևէ Հայաստանի կառավարութիւն օրէնքով ստիպուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստանի բանակը իր վէրքերը լիզելու ժամանակ չունի՝ պատրաստուի՛նք պատմական Արցախի մնացորդացի պաշտպանութեան:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *