15.1 C
Yerevan

Ճիշդ Ընտրութիւն Կատա­րե­լու Ճակա­տագրա­կան Պահը. (Մաս Ա)

Փորձե­ցի Հայաստա­նի ընտրութիւննե­րու մասին մտա­ծումներս յօդուա­ծով մը ամփո­փել։ Կը ներեք որ քիչ մը երկար ստա­ցուեց, բայց ոչինչ, շատ բան կար ըսե­լիք եւ շեշտեմ, որ հաւակնութիւնը չունիմ ճշմարտութեան տիրա­պե­տե­լու։ Պարզա­պէս կ՛ուզեմ ձեզ հետ կիսուիլ իմ կարծի­քը։

Ռուբէն Գարա­գա­շեան

Յունիս 20‑ի կայա­նա­լիք արտա­հերթ պատգա­մաւո­րա­կան ընտրութիւննե­րուն, թէեւ կը մասնակցին 26 կուսակցութիւններ ու դաշինքներ, ընտրութիւնը իրա­կա­նութեան մէջ երկու յետա­գայ որդեգրուե­լիք ուղղութիւննե­րու միջեւ է։ Մէկ ուղղութիւն, որ կը միտի խորացնել յարա­բե­րութիւննե­րը Ռուսաստա­նի հետ, եւ չի խորշիր Հայաստա­նի մէջ ունե­նա­լէ Ռուսաստա­նի պատկե­րով կառա­վարման համա­կարգ, եւ երկրորդ ուղղութիւն, որ կը միտի բարե­լաւել յարա­բե­րութիւննե­րը այլ մեծ պետութիւննե­րու հետ եւ այդպի­սով հաւա­սա­րակշռել Ռուսաստա­նի ազդե­ցութիւնը Հայաստա­նի վրայ, եւ միա­ժա­մա­նակ հաստա­տել ժողովրդա­վար եւ արդար համա­կարգ երկրէն ներս։

Նիկոլ Փաշի­նեա­նը եւ Ռոբերտ Քոչա­րեա­նը սիրենք թէ ատենք, իրենք են այսօր այս երկու ուղղութիւննե­րու գլխաւոր ներկա­յա­ցուցիչնե­րը, եւ ընտրութիւնը դժբախտա­բար պիտի կայա­նայ այս երկու պարագլուխնե­րուն միջեւ։ Կ՛ըսեմ դժբախտա­բար, որովհե­տեւ ազնիւ քաղա­քա­ցիին համար անե­րեւա­կա­յե­լի է կողմնո­րո­շուիլ այս երկուքի միջեւ, նկա­տի առնե­լով մէկուն անցեա­լը իսկ միւսի ներկան։ Հաւա­նա­բար շատեր որո­շեն ընտրել այն անձնաւո­րութիւնը որ քիչ մը պակաս կը զզուեցնէ զիրենք։

Իմ կարծի­քով, շատ մեծ սխալ պիտի ըլլայ ընտրել Ռոբերտ Քոչա­րեա­նին պարզա­պէս Նիկոլ Փաշի­նեա­նի հանդէպ ունե­ցած զզուանքէն եւ կամ ատե­լութե­նէն մղուած։ Պէտք է ընտրութիւն կատա­րել առանց կիրքի ու վրէժխնդրութեան զգա­ցո­ղութեան, նկա­տի առնե­լով ոչ միայն ընտրութեան անմի­ջա­կան հետեւանքնե­րը, բայց նաեւ երկա­րա­տեւ անդրա­դարձը մեր բոլո­րի երա­զած ապա­գայ Հայաստա­նի կերտման հեռանկա­րի վրայ։

Հայոց պատմութեան վերջին մօտ 200 տարի­նե­րու ընթացքին, Հայաստա­նը գտնուած է Ռուս-Թրքա­կան  աքցա­նի ներքոյ, եւ հայ ժողո­վուրդը, Թուրքի եաթա­ղա­նէն սարսա­փած, յանձնուած է Ռուսիոյ, եւ զոհած է իր ինքնիշխա­նութիւնը փրկե­լու համար իր կաշին։ Մեզմէ շատեր ունին այն խաբկանքը, թէ Ռուսը մեր դաշնա­կիցն է, եւ իր զօրքե­րը տեղադրած է Հայաստան մեզ պաշտպա­նե­լու Թուրքէն։ Հետեւա­բար, պէտք չէ նուա­զա­գոյն անհաւա­տարմութիւնն իսկ ցուցա­բե­րել մեր ռուս դաշնակցի նկատմամբ, այլա­պէս ան նեղա­ցած կը հեռա­նայ մեր տարածքէն եւ մեզ կը թողնէ անպաշտա­պան ցեղասպան Թուրքի առաջ։ Դառն իրա­կա­նութիւնը այն է սակայն, որ Ռուսը մեզ հետ կը վարուի իբրեւ պատանդ եւ ոչ դաշնա­կից, եւ միշտ պատրաստ է մեր շահե­րը սակարկե­լու իր համար առաւե­լութիւններ ապա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Այնքան ատեն որ ան կը վայե­լէ մեր անսա­կարկ հաւա­տարմութիւնն ու նուի­րումը, ոչ մէկ պատճառ ունի նկա­տի առնե­լու մեր շահե­րը։ Հայաստա­նը Ռուսին կը հետաքրքրէ իբրեւ տարածք, եւ այդ տարածքի վրայ իր ներկա­յութիւնը եւ ազդե­ցութիւնը պահպա­նե­լու իր վճռա­կա­մութիւնը կախեալ չէ մեր իր հանդէպ ունե­ցած վերա­բերմունքէն։ Որքան մենք ստրկամտօ­րէն վերա­բե­րուինք Ռուսի հետ, այնքան աւե­լի անտարբեր պիտի ըլլայ ան մեր ազգա­յին շահե­րու նկատմամբ։

Որեւէ առողջ ազգա­յին ուժ բնա­կա­նա­բար ունի իբրեւ նպա­տակ կերտել ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ եւ ՀԶՕՐ հայկա­կան պետա­կա­նութիւն, որովհե­տեւ միայն նման պետութիւն մը կրնայ ապա­հո­վել հայ ժողո­վուրդի գոյա­տեւումը եւ զարգա­ցումը իր հայրե­նի հողին վրայ։ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԵՐՏԵԼ ԱՌԱՆՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՔՑԱՆԻ ՄԷՋԷՆ, ԻՍԿ ՀԶՕՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԵՐՏԵԼ ԱՌԱՆՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ։

Այսօր շատեր կ՛ըսեն, թէ ժողովրդա­վա­րութիւն խաղա­լու ժամա­նա­կը չէ, մեր առաջնա­հերթութիւնը անվտանգութիւնն է, եւ նախընտրե­լի է ընտրել Քոչա­րեա­նի նման «ուժեղ» ղեկա­վար, նոյնիսկ ժողովրդա­վա­րութիւնը զոհե­լու գնով։ Համա­ձայն կ՛ըլլայի նման մտա­ծո­ղութեան հետ եթէ Հայաստա­նը ունե­նար 10–20 միլիոն ժողո­վուրդ եւ կամ պատկա­ռե­լի բնա­կան հարստութիւններ։ Սակայն մեր միակ հարստութիւնը մարդն է, իւրա­քանչիւր հայ անհա­տը, ըլլայ ան Հայաստա­նէ ներս թէ դուրս, եւ մեր զարգացման ու հզօ­րացման միակ երաշխի­քը այդ անհատնե­րու համախմբումն ու կազմա­կերպումն է, անոնց ողջ ներուժի օգտա­գործմամբ։ Մենք ակա­նա­տես եղանք թէ ինչպէս ժողովրդա­վա­րութեան եւ արդա­րութեան չգո­յութիւնը ոչ միայն արգելք եղաւ նման ուժե­րու համախմբման, այլ նաեւ մեր հայրե­նի ժողո­վուրդը մղեց արտա­գաղթի։ Մենք սովե­տա­կան ժամա­նա­կաշրջա­նի մէջ չենք այլեւս։ Սահմաննե­րը այսօր բաց են, եւ դժգոհ, արհա­մարհուած եւ կեղե­քուած հայուն համար անհնա­րին չէ այլեւս լքել Հայրե­նի­քը։ Այդ է պատճա­ռը, որ 4 միլիո­նա­նոց ժողո­վուրդէն այսօր մնա­ցած է մօտ 2.5 միլիոն, եւ եթէ մենք, ապա­հո­վե­լով հանդերձ անվտանգութիւնը, վերա­դառնանք մեր մօտիկ անցեա­լի բռնա­պե­տա­կան, գողա­կան եւ անարդար համա­կարգին, այդ արտա­գաղթը պիտի շարունա­կուի նոր թափով, եւ մէկ օր պիտի արթննանք եւ տեսնենք որ մնա­ցեր ենք մէկ միլիոն։ Մեզ համար ժողովրդա­վա­րութիւնն ու արդա­րութիւնը շռայլութիւններ չեն, այլ բացարձակ անհրա­ժեշտութիւններ։ Հետեւա­բար մեր այսօ­րուայ հրա­մա­յա­կանն է ընտրել ուժեր, որոնք կը ձգտին մեզ դուրս բերել Ռուս-Թրքա­կան աքցա­նի մէջէն, եւ որոնք ժողովրդա­վա­րութիւնն ու արդա­րութիւնը կ՛ընդունին իբրեւ բացարձակ արժէքներ։

[շարունա­կե­լի]

Առնչվող Հոդվածներ