15.1 C
Yerevan

Խոհե­մութեան Իմաստա­կութիւնը. (Մաս Բ)

Արցա­խի դատը մասնիկն է թրքա­կան և խորհրդա­յին կայսե­րա­պաշտա­կան դաւե­րով մասնա­տուած և տկա­րա­ցուած Հայաստա­նի վերաամբողջացման և Արցա­խի դատի լուծումը առանձին կարե­լի չէ դիտել:

Հրազդան ԶԷյթլեան

Թող մեր խոհուն «փոխզի­ջո­ղա­կաննե­րը» և խաղա­ղա­սէրնե­րը խօսէին ուզածնուն չափ և զիջէին ուզածնուն չափ, այնքան ատեն, որ նոյնիսկ Արցա­խի մէջ հայութեան կազմա­կերպուած նուա­զա­գոյն վերապրումը հայցէին, «Ատըրպէյճա­նը» հետաքրքրուած չէր և պիտի չըլլար:

Պատմութիւնը ընդհա­կա­ռա­կը ցոյց տուաւ որ բանակցութիւննե­րը թատրոն էին պարզա­պէս, «Ատըրպէյճա­նը» լծուած էր հիմնա­կա­նօ­րէն իր բանա­կի պատե­րազմի պատրաստութեան և Թուրքիոյ հետ ռազմա­կան ամբողջարկութեան: Երբ «Ատըրպէյճա­նի» պատե­րազմա­կան  պատրաստութիւննե­րը հասան այն մակարդա­կին, երբ պատե­րազմի ընթացքին յաղթա­կան արդիւնք հասնե­լու կարե­լիութիւնը ընդունե­լի հաշւոյդ դարձաւ «Ատըրպէյճա­նի» համար, «ժամա­նա­կը» հասած էր և «Ատըրպէյճան» յարձա­կե­ցաւ: Մնա­ցած եթէ­նե­րը նախկին ակա­դե­մի­կո­սի մը կամ այլոց կողմէ պարզա­պէս են… ակա­դե­միա­կան:

Երբ «Ատըրպէյճա­նը» մեզ հետ նստած էր բանակցութեանց կեղծի­քով, և օրն ի բուն գերարդիա­կան զէնքեր կը գնէր, մենք իրօք «լրջութեամբ», «խոհե­մութեամբ» և կշռուած քայլե­րով ընթա­ցանք, Արցա­խի անկախ պետութիւնն անգամ չճանչցանք սխալօրէ՛ն կարծե­լով որ ճկունութի՜ւն էր և կրնար նպաստել բանակցութիւննե­րու յաջո­ղութեան, և տակաւին յիմարներ կան մեր մէջ, որ Հայաստա­նի «կարծր» քաղա­քա­կա­նութիւնն է որ կ՛այպանեն:

Հայաստա­նի արցա­խեան քաղա­քա­կա­նութեան և արցա­խեան գոյա­մարտի մեր ներկայ հանգրուա­նի ձախո­ղութեան վերլուծումը և ինքնաքննա­դա­տութիւնը կարև­որ է, բայց ինքնա­ծե­ծումի տեղ ընդունինք, որ տարա­ծե­ցինք մեր տիրա­պե­տութիւնը առա­ջին անգամ ըլլա­լով ներկայ Հայաստա­նի սահմաննե­րէն անդին պատմա­կան հայա­պատկան հողե­րու վրայ, և ապուշութիւնը ունե­ցանք «փոխզի­ջումներ» մուրա­լու և առանց շօշա­փե­լի անկա­խութեան Ացա­խի համար կամաւոր յանձնե­լու մեր հողե­րը մեր ինի­սունա­կաննե­րու յաղթա­նակնե­րէն ետք:

Ժամա­նակն է ցասումնա­լից ինքնաքննա­դա­տութեան այո՛ անպայմա՛ն — բայց չինքնաքննա­դա­տենք եւ չինքնա­ծե­ծենք այնգան, որ մոռնանք որ յաջո­ղե­ցանք 30 տարի — աւե­լի քան քարորդ դար — շարունակ Հայաստա­նի մէջ պահել հսկա­յա­կան հայա­պատկան տարա­ծութիւններ եւ մէկ անգամ ընդմիշտ փաստե­ցինք մենք մեզի, որ յարձա­կո­ղա­կան մարտա­վա­րութիւնը, և այո՛ մեր ամրա­կա­յումը  միակ ուղին է, որ կը տանի յաջո­ղութեան կատա­րե­լա­պէս անզի­ջող ուժե­րու դէմ որոնց նպա­տա­կը պարզա­պէս հայութեան բնաջնջումն է:

 Անկախ նոր Հայաստա­նի բանա­կը կռուե­ցաւ առա­ջին անգամ ըլլա­լով լայն մասշտա­բով պատե­րազմի մէջ իբրեւ կանո­նաւոր բանակ, մեր բանա­կը կուտա­կած էր հսկա­յա­կան ռազմամթերք և ռազմա­մի­ջոցներ և քառա­սուն չորս օր դիմադրեց շատ աւե­լի մեծա­թիւ և աւե­լի գերարդիա­կան զէնքե­րով «Ատըրպէյճա­նին» և Թուրքիոյ ներգրաւուած ուժե­րուն և ներա­ծուած վարձկաննե­րուն, և եթէ մեր գործա­դիր որոշ սպա­նե­րը մոլեգնութիւնը ունե­նա­յին չսայթա­քե­լու (կամ կասե­ցուած չըլլա­յին, արդիւնքը միևնոյնն է) Հորա­դի­զի տխրահռչակ գործո­ղութեան ընթացքին, այս հողե­րը մեզի պիտի պատկա­նէին յաւերժա­պէս: Ձախո­ղե­ցանք բայց յարա­կարծա­կա­նօ­րէն նաև շատ մօտիկ էինք կատա­րեալ յաղթա­նա­կի:

Հակա­ռակ թրքական-«ազէրիական» գերարդիա­կան ռազմա­կան կարո­ղութիւննե­րուն, ռազմա­վա­րա­կան առաւե­լութիւնը Արցա­խեան պատե­րազմա­կան այս վերջին փուլին ամբողջ տեւո­ղութեան երկայնքին Հայաստա­նի կողմն էր: Թուրքե­րը «յաջո­ղած» էին ճեղքել հարաւա­յին ուղղութեամբ բայց միայն ամէ­նէն հարաւի ուղղութեամբ ինչ որ իրենց համար ամէ­նէն դիւրին բայց նաև ամէ­նէն վտանգաւոր արդիւնքն էր (միւս բոլոր շրջաննե­րուն մէջ չէին կրցած յառա­ջա­նալ իմաստա­յին տեսա­կէ­տէ):

Ճեղքած էին Արաքսի զուգա­հեռ եւ Արցա­խեան լեռնե­րուն հակակշռին տակ նեղ հողա­մա­սի մը մէջ, որու Արև­ելքին Հայաստանն էր — որքան յառա­ջա­նա­յին իրենց կացութիւնը իրենց համար աւե­լի վտանգաւոր պէտք էր որ ըլլար — դասա­կան «Լ» ձևի ծուղա­կի մը մէջ իյնա­լու վրայ էին :

Եւ բնա­կա­նա­բար Հայկա­կան բանա­կը կազմա­կերպած էր ճիշտ գործո­ղութիւնը պաշա­րե­լու համար ճեղքող ուժե­րը հատու հարուա­ծով մը ճեղքումին կռնա­կը մնա­ցած Հորա­դի­զի ուղղութեամբ: Թէ ինչպէ՞ս Հայկա­կան բանա­կը այս գործո­ղութիւնը չյա­ջողցուց Ի ԳԻՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ: Պատե­րազմի այս փուլի արդիւնքը որո­շուե­ցաւ հո՛դ: Հոն էր որ ամէ­նէն ՄՈԼԵԳԻՆ հրա­մա­նա­տարնե­րը պէտք է որ ըլլա­յին և «մէկ հատու հարուա­ծով» կատա­րեալ յաղթա­նա­կը մերը պիտի ըլլար: Անդրա­դառնանք որ եթէ Հորա­դի­զի գործո­ղութիւնը յաջողցնէինք պատե­րազմը յաղթած էինք — յաջո­ղութեան և ձախո­ղութեան տարբե­րութիւնը այդ գործո­ղութիւնն էր: Գօտեպնդուինք և պատրաստուինք յաջորդ վճռա­կան վայրկեա­նին — կրնա­յինք յաջո­ղիլ այդ օրը և կրնանք յաջո­ղիլ ապա­գա­յին:

Ձախո­ղե­ցանք ա՛յս հանգրուա­նին քանի որ չունէինք բաւա­րար քանա­կով և որա­կով գերարդիա­կան զէնքեր և չկրցանք (կամ չձգե­ցին որ կարե­նանք, արդիւնքը միևնոյնն է)  մոլեգնութիւն սանձարձա­կել Հորա­դի­զի գործո­ղութեան ատեն:

Բայց փաստօ­րէն, եթէ մենք ձախո­ղե­ցանք զինւո­րա­կան գետնի վրայ այս ժամա­նա­կաւոր հանգրուա­նին, ձախո­ղե­ցաւ նաև «Ատըրպէյճա­նը»:

Նախ «Ատըրպէյճա­նը» հակա­ռակ իր ունե­ցած ակնա­ռու գերարդիա­կան զէնքե­րու առաւե­լութիւննե­րուն չկրցաւ յաղթել Արցա­խին՝ Արցա­խի հանրա­պե­տութեան դրօ­շա­կը կը ծածա­նի Ստե­փա­նա­կերտէն Մարտա­կերտ և Մարտունի: Ժամա­նա­կի ընթացքին պիտի անդրա­դառնանք, որ մեր ձախո­ղութիւնը պարտութիւն չէր: ժամա­նա­կաւոր ձախո­ղութիւն մը «պարտութիւն» չէ՛ — ԵՐԲԵՔ մի՛ ընդունիք և երբեք մի՛ գործա­ծէք ատ բառը:

Միւս կողմէ «Ատըրպէյճա­նի» ահաւոր բարբա­րո­սութիւննե­րը և ոճիրնե­րը մարդկութեան դէմ կռիւնե­րուն ընթացքին և կռիւնե­րէն ետք, հակաբնա­պահպա­նա­կան ոճիրնե­րը, անմարդկայնութիւնը մեր բանտարկեալնե­րուն հանդէպ և անոնց անի­րաւա­կան կալա­նաւո­րումը, հայկա­կան գրաւուած ինչքին, հայկա­կան մշա­կոյթի կոթողնե­րուն և եկե­ղե­ցի­նե­րուն քանդումը, գրաւուած հայա­պատկան հողե­րէն հայութեան պարպումը, մէկ խօսքով «Ատըրպէյճա­նի» ջարդա­րար ընթացքը անկա­րե­լի կը դարձնէ որ Արցա­խի մնա­ցորդա­ցը երբեւի­ցէ կրնայ մաս մնալ «Ատըրպէյճա­նի» մէջ:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին հիմա: Ըլլանք նոյնքան «անկեղծ» որքան մեր թշնա­մի­ներն են մեզ հետ երբ կը յայտա­րա­րեն, որ Երև­ա­նը իրենց կը պատկա­նի պատմա­կա­նօ­րէն…: Եկէք չըլլանք «դիւա­նա­գէտ», չըլլանք «խաղա­ղա­սէր», խնդրեմ չըլլանք «խոհեմ»: եկէք ըլլանք «անկեղծ» եւ արձա­նագրենք մեր սահմա­նադրութեան մէջ իբրև անփո­փո­խե­լի հիմնա­յօ­դուած, որ Արցա­խը էր, է և պիտի ըլլայ մինչև վերջ Հայաստան:

Հայաստա­նի նոր խորհրդա­րա­նը պէտք է վերամշա­կէ Հայաստա­նի սահմա­նադրութեան մէջ հայա­հաւա­քի և հողա­հաւաքհ հայկա­կան արև­ե­լութեան ռազմա­վա­րութիւննե­րը: Հայկա­կան արև­ե­լութեան հիմնա­րար այս սկզբունքնե­րուն հիման վրայ Հայաստա­նի սահմա­նադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի, որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ, «Ատըրպէյճա­նի» և Վրաստա­նի սահմա­նա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ ընդունած Հայութեան ազգաջնջումի իր ոճի­րը Մեծ Եղեռնը և պատրաստա­կա­մութիւն չէ յայտնած հատուցման և հայա­պատկան գողցուած հողե­րու վերա­դարձին, այնքան ատեն որ Արցա­խը իբրև Հայաստա­նի անբա­ժան մաս չէ ճանչցուած «Ատըրպէյճա­նի» կողմէ,  և այնքան ատեն, որ Վրաստան չէ ընդունած որ հայա­պատկան Ջավախքը Վրաստա­նի կցուած էր խորհրդա­յին կայսե­րա­պաշտութեան պատմա­կան սխա­լով և պատրաստա­կա­մութիւն արտա­յայտէ սրբագրե­լու այդ պատմա­կան սխա­լը:

Վերջին մարտե­րու միա՛կ ուսա­նե­լի դասը այն է որ թրքա­կան կայսե­րա­պաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրել՝ եղեռնի շարունա­կութիւնը: Այս պատճա­ռով Հայ Դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետա­կան և ոչ պետա­կան ուժե­րուն միակ իրա­տես ուղղութիւնն է այսօ՛ր, երբ  Թուրքիոյ և «Ատըրպէյճա­նի» դրսեւո­րած շարունա­կուող նպա­տա­կը Հայաստա­նը խղճա­լի ճամբա­րի մը վերա­ծելն է:

 Արցա­խի դատը մասնիկն է թրքա­կան և խորհրդա­յին կայսե­րա­պաշտա­կան դաւե­րով մասնա­տուած և տկա­րա­ցուած Հայաստա­նի վերաամբողջացման և Արցա­խի դատի լուծումը առանձին կարե­լի չէ դիտել:

 Թուրքիա, «Ատըրպէյճան» և Վրաստան իրե՛նք է, որ միշտ ալ այս ամբողջա­կան Հայաստա­նի կարե­լիութեան քանդումի դիտանկիւնէն է, որ կը վերա­բե­րին մեզի հետ երբ դաշնակցե­ցան միա­սին՝ փորձե­լով հաշուե­յարդա­րի ենթարկել Արցա­խը անցեալ տարե­վերջին: Եթէ Թուրքիոյ դերը «Ատըրպէյճա­նի» կողքին ցայտուն էր ողջ աշխարհին, նուազ կործա­նա­րար չէր Վրաստա­նի դիրքո­րո­շումը Հայաստա­նի դէմ, երբ ան գոցեց իր սահմաննե­րը Հայաստա­նին ռուսա­կան ռազմամթերքի փոխադրութեան առջև:

 Ի պատասխան Ալիևի յայտա­րա­րութեան, թէ ինք լուծած է Արցա­խի հարցը վերջնա­կա­նօ­րէն, Հայաստա­նի նոր խորհրդա­րա­նը Արցա­խը Հայաստա­նի անբա­ժա­նե­լի մաս պէտք է հռչա­կէ անմի­ջա­պէս, որպէսզի որևէ Հայաստա­նի կառա­վա­րութիւն օրէնքով ստի­պուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստա­նի բանա­կը իր վէրքե­րը լիզե­լու ժամա­նակ չունի՝ պատրաստուի՛նք պատմա­կան Արցա­խի մնա­ցորդա­ցի պաշտպա­նութեան:

Առնչվող Հոդվածներ