14 C
Yerevan

Ճիշդ Ընտրութիւն Կատա­րե­լու Պահը .( Մաս Բ)

Առանց պատե­րազմի հող յանձնե­լը համա­զօր էր դաւա­ճա­նութեան, իսկ պատե­րազմը յաջո­ղութեամբ կամ նուա­զա­գոյն վնասնե­րով աւարտե­լու միակ միջո­ցը մեր Ռուս դաշնակցի վճռա­կան օժանդա­կութիւնն էր։ Սակայն, մեր դաշնակցի համար, մեր յաջո­ղութիւնը կ՛ենթադրէր իր իսկ ծրագրի տապա­լումը։

Ռուբէն Գարա­գա­շեան

Քոչա­րեա­նը իր անցեա­լով փաստած է թէ ինքը այդ ուժը չէ։ Ան եթէ ստանձնէ երկրի ղեկը, պիտի ձգտի ոչ թէ նուա­զեցնել մեր կախուա­ծութիւնը Ռուսէն, այլ խորացնել մեր ենթա­կա­յութիւնը անոր, եւ պիտի վերա­դարձնէ Հայաստա­նը իր նախա­գա­հա­կան շրջա­նի բռնա­պե­տա­կան եւ գողա­կան համա­կարգին, որովհե­տեւ, անկախ իր կամքէն, միայն նման դիւրին կառա­վա­րե­լի համա­կարգն է ձեռնտու իր Ռուս հովա­նաւո­րին։ Ռուսը կ՛ուզէ Հայաստան մը իր պատկե­րով, եւ որքան խորա­նան մեր յարա­բե­րութիւննե­րը Ռուսի հետ այնքան պիտի նոյնա­նան մեր բարքե­րը հոն տիրող բարքե­րուն հետ։ Գուցէ կարե­լի է Քոչա­րեա­նի ղեկա­վա­րութեամբ, կարճ ժամա­նա­կա­մի­ջո­ցի մէջ վերագտնել որոշ կայունութիւն եւ անվտանգութեան պատրանք, սակայն այդ կարճա­ժամկէտ առաւե­լութեան համար մենք մէկ անգամ ընդմիշտ պիտի զոհենք ինքնիշխան եւ հզօր պետութիւն կերտե­լու որեւէ յոյս եւ պիտի ընտրենք դանդաղ բայց հաստատ մահուան ճանա­պարհը իբրեւ ազգա­յին պետա­կա­նութիւն։

Ռուս-Թրքա­կան աքցա­նը գուցէ տանե­լի էր սովե­տա­կան շրջա­նի Ռուս-Թուրք թշնա­մա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին, սակայն ներկայ քաղա­քա­կան սիրա­բա­նութեան եւ համա­գործակցութեան ֆոնին, այն յղի է մեզ համար լրջա­գոյն վտանգնե­րով։

Պէտք է գիտակցինք թէ այն ինչ պատա­հե­ցաւ մեզ հետ, պարզա­պէս Ռուս-Թրքա­կան համա­ձայնութիւնը մարմնաւո­րող Լաւրո­վեան ծրագրի պարտա­դիր գործադրումն էր։ Այդ ծրա­գի­րը մեզմէ կը պահանջէր վերա­դարձնել 7 ազա­տագրուած շրջաններ, եւ կը հետապնդէր Ռուս «խաղա­ղա­պահնե­րու» տեղադրումը Արցա­խի մէջ, ինչպէս նաեւ բացումը, Սիւնի­քի վրա­յով, Ատրպէյճա­նը Թուրքիոյ կապող ճանա­պարհի մը։ Այդ ծրա­գի­րը պիտի իրա­կա­նա­ցուէր այսպէս կամ այնպէս, եւ անկախ անկէ թէ որու ձեռքին էր Հայաստա­նի իշխա­նութիւնը։ Առանց պատե­րազմի հող յանձնե­լը համա­զօր էր դաւա­ճա­նութեան, իսկ պատե­րազմը յաջո­ղութեամբ կամ նուա­զա­գոյն վնասնե­րով աւարտե­լու միակ միջո­ցը մեր Ռուս դաշնակցի վճռա­կան օժանդա­կութիւնն էր։ Սակայն, մեր դաշնակցի համար, մեր յաջո­ղութիւնը կ՛ենթադրէր իր իսկ ծրագրի տապա­լումը։ Այդ ծրագրի իրա­կա­նացման համար պէտք էր որ Հայաստա­նը պարտուի, եւ որ այդ պարտութիւնը ըլլայ այնքան ցաւոտ ու նուաստա­ցուցիչ, որ ժողո­վուրդը իր իսկ ընտրած իշխա­նութեան դէմ ըմբոստա­նայ։

Այն ինչ այսօր կը պատա­հի Սիւնի­քի մէջ եւ կամ գերի­նե­րու հարցով, պարզա­պէս մեր ժողո­վուրդը ահա­բե­կե­լու ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութիւն է, միտուած ներկայ իշխա­նութեան վարկա­նի­շը նուա­զեցնե­լու եւ Քոչա­րեա­նի վարկա­նի­շը բարձրացնե­լու, համո­զե­լով ժողո­վուրդը որ միայն Քոչա­րեա­նի վերա­դարձով է որ կարե­լի կ՛ըլլայ լուծել այդ հարցե­րը։ Յստակ է, որ այսօր Հայաստա­նը ի վիճա­կի չէ այդ հարցե­րը լուծել միայնակ, անկախ անկէ թէ ով է իշխա­նութեան ղեկին։ Միայն Ռուսը կրնայ լուծումներ պարտադրել Ատրպէյճա­նին, եւ այդ լուծումնե­րը յետաձգե­լու միակ նպա­տա­կը իր նախընտրած թեկնա­ծուին յաջո­ղութիւնը ապա­հո­վելն է։ Եթէ Ատրպէյճա­նի Սիւնիք կամ Ստէ­փա­նա­կերտ գրաւե­լը ընդունե­լի ըլլար Ռուսին, մենք արդէն կորսնցուցած կ՛ըլլայինք այդ երկուքը, որովհե­տեւ մեր բանա­կը այսօր ոչ առարկա­յա­կան եւ ոչ ալ հոգե­բա­նա­կան կարո­ղութիւնը ունի յաջող դիմադրութիւն կազմա­կերպե­լու։ Իսկ Ռուսը չ՛ուզեր ոչ Արցա­խը գրաւուի, ոչ ալ Սիւնի­քը, մեկնած ոչ թէ հայ ժողո­վուրդի շահե­րէն, այլ ինքն իր շահե­րէն։

Կարե­լի է այսօր Նիկո­լին կոչել դաւա­ճան եւ դատա­պարտել զինք պատե­րազմի գնա­լու որո­շումին համար։ Սակայն եթէ մենք չէինք ուզեր յանձնել այդ հողե­րը, պէտք է երե­սուն տարի պատրաստուած ըլլա­յինք պատե­րազմի, որպէսզի թշնա­մին հասկնար որ կարե­լի չէ հարցը լուծել ուժով։ Փոխա­րէ­նը, մենք այդ երե­սուն տարին մսխե­ցինք յանցաւոր դաւա­ճա­նութեամբ, եւ դատարկ լոզունքնե­րով ու կենացնե­րով փորձե­ցինք կերտել մարտունակ բանա­կի պատրանք։ Հետեւա­բար այսօր չփորձենք այս ահաւոր աղէ­տի ողջ պատասխա­նա­տուութիւնը բերցնել մէկ հոգու ուսե­րուն։ Այդ մէկը պարզա­պէս նենգա­միտ «մանի­պուլա­ցիա» է։ Գիտակցինք մեր գործած սխալնե­րուն, գիտակցինք թէ մեզ ինչ պարտադրեց մեր «ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը», եւ նուա­զա­գոյնը ձգտինք խափա­նել մեր այդ դաշնակցի բեմադրութեան վերջին արա­րը։

Կարե­լի է ոմանց ռոմանթիկ թուի այս ամէ­նը, եւ Ռուս-Թրքա­կան աքցա­նէն դուրս գալու ձգտումը թուի ցնորք։ Սակայն այսօր կան աշխարհա­քա­ղա­քա­կան այնպի­սի փոփո­խութիւններ, որոնք մեզի կու տան մեր ինքնիշխա­նութեան մակարդա­կը բարձրացնե­լու հազուա­գիւտ առիթներ, եւ կարե­լի չէ զանոնք բաց թողնել, ստրկամտօ­րէն ծառա­յե­լով Ռուսա­կան շահե­րուն եւ շարունա­կե­լով տուրք տալ «Ռուս դաշնակցի» առասպե­լին։

Այսօր Արեւմուտքը դարձեալ շահագրգռուած է մեր տարա­ծաշրջա­նով, որովհե­տեւ պաղ պատե­րազմեան տրա­մա­բա­նութիւննէ որ դարձեալ կը տիրա­պե­տէ, եւ Արեւմուտքը դարձեալ Ռուսը զսպե­լու (Containment) օրա­կարգ որդեգրած է։ Արեւմուտքը նաեւ Թուրքին պատճե­լու եւ իր տեղը դնե­լու խնդիր ունի, որովհե­տեւ Էրտո­ղա­նի Թուրքիան, իր անբարտաւան կեցուածքով, կայսե­րա­պաշտա­կան նկրտումնե­րով, սանձարձակ արկա­ծախնդրութիւննե­րով եւ Ռուսիոյ հետ իր սիրա­բա­նութեամբ, դադրած է այդ պաղ պատե­րազմեան տրա­մա­բա­նութեան մէջ տեղաւո­րուիլ իբրեւ Արեւմուտքի վստա­հե­լի դաշնա­կից։ Այսօր Հայաստա­նի տարածքին համար գոյութիւն ունի միջանցքնե­րու ուղղութեան եւ հսկո­ղութեան պայքար։ Վրաստան-Հայաստան-Իրան միջանցք մը, անկախ Ռուս-Թրքա­կան հսկո­ղութե­նէ, կը շահագրգռէ այսօր ոչ միայն Արեւմուտքը, այլ նաեւ Չինաստա­նը, Հնդկաստա­նը եւ Իրա­նը, եւ ի դէպ այս դիտանկիւնէն պէտք է հաւա­նա­բար նայիլ Ամէ­րի­կա­յի եւ Իրա­նի միջէւ տեղի ունե­ցող մերձեցման փորձե­րուն։ Եթէ մենք այդ պայքա­րէն չփորձենք օգտուիլ, եւ այդ միջանցքնե­րու պայքա­րը վերջա­նայ ի շահ Ռուսին ու Թուրքին, մենք կորսնցուցած կ՛ըլլանք այդ երկու պետութիւննե­րու աքցա­նէն դուրս գալու հազուա­գիւտ առիթ։ Հետեւա­բար, այս ճակա­տագրա­կան պահին մեզի պէտք են այնպի­սի ուժեր երկրի ղեկին, որ կը ձգտին այդ աքցա­նէն դուրս գալ եւ կերտել աւե­լի ինքնիշխան պետութիւն։

Առնչվող Հոդվածներ