14 C
Yerevan

Հայաստա­նի Մէջ ՀՅԴն՝ Իբրեւ ժողովրդա­կան՝ Grassroots Կուսակցութիւն


Ոմանք, որպէսզի արդա­րացնեն, թէ ինչո՛ւ ժողո­վուրդը մեզի չի հաւա­տար եւ մեզի քիչ քուէ­ներ կու տայ՝ կը սկսին նսե­մացնել ժողվուրդը՝ զանոնք անուա­նե­լով անօ­գուտ կամ յիմար։ Այս վարուե­լա­կերպով ոչ միայն կը խախտեն կարգ մը մեր հիմնա­կան սկզբունքնե­րը, այլ նաեւ կ՛անարգեն նոյն այդ զանգուա­ծը, որոնց քուէ­նե­րը պիտի փորձենք ստա­նալ յաջորդ ընտրութիւննե­րուն։

Արա Խանճեան

ՀՅԴի անդամնե­րը համո­զուած են, որ ՀՅԴն ամէ­նէն լաւ կուսակցութիւնն է, որ կրնայ կերտել աւե­լի լաւ Հայաստան մը, հետեւա­բար, որպէսզի ունե­նանք հզօր Հայաստան, պէտք է ունե­նանք հզօր ՀՅԴ Հայաստա­նի մէջ։

Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ՀՅԴի անդամնե­րը, աշխարհի չորս կողմը պէտք է ճիգ թափեն, որպէսզի ամբողջ աշխարհի ՀՅԴի կարո­ղա­կա­նութիւնը արդիւնաւոր կերպով օգտա­գործուի Հայաստա­նի մէջ‘ ՀՅԴն վերա­ծե­լու համար աւե­լի զօրաւոր կուսակցութեան մը ու բարձրացնե­լու ՀՅԴի ժողովրդա­կա­նութիւնը եւ անոր ստա­ցած քուէ­նե­րու քանա­կը։

Ապրիլ 2021ին, «Կալըփ» հարցա­խոյզի ընկե­րութիւնը յայտնեց, որ եթէ Ազգա­յին ժողո­վի ընտրութիւննե­րը տեղի ունե­նա­յին Ապրի­լին, ՀՅԴն կը ստա­նար ժողո­վուրդին 1․8 տոկոս քուէն։ Այս թիւը շատ ցած տոկոս մըն է։ Կար այն տպաւո­րութիւնը, որ եթէ ՀՅԴն փորձէր մինա­կը մասնակցիլ ընտրութիւննե­րուն, դժուար պիտի ըլլար քուէ­նե­րուն 5 տոկո­սը ստա­նալ եւ մտնել Ազգա­յին ժողով։

Իւրա­քանչիւր ՀՅԴի անդա­մի եւ համա­կի­րի համար այս ցած տոկոսնե­րը պէտք է ըլլան անընդունե­լի։ 131 տարի­նե­րու հայ ժողո­վուրդին իր ծառա­յութեամբ, անոր գործունեայ մասնակցութեամբ առա­ջին, 2016ի եւ վերջին Արցա­խի պատե­րազմնե­րուն, ՀՅԴն պէտք է  ստա­նար հարցա­խոյզցին մասնակցողնե­րուն շատ աւե­լի բարձր տոկո­սով քուէ­նե­րուն, քան այդ քանի մը տոկոսնե­րը։

Երե­սուն տարի­նե­րը բաւա­րար պէտք է ըլլա­յին, որպէսզի 1991ի նախա­գա­հա­կան ընտրութիւննե­րուն Սոս Սարգի­սեա­նին ստա­ցած 4 տոկո­սը բարձրա­նար շատ աւե­լի բարձր տոկոսնե­րու։ Դժբախտա­բար, անցնող տասը տարի­նե­րուն այդ քուէ­նե­րը փոխա­նակ բարձրա­նա­լու նուա­զած են։

Ոմանք, որպէսզի արդա­րացնեն, թէ ինչո՛ւ ժողո­վուրդը մեզի չի հաւա­տար եւ մեզի քիչ քուէ­ներ կու տայ՝ կը սկսին նսե­մացնել ժողվուրդը՝ զանոնք անուա­նե­լով անօ­գուտ կամ յիմար։ Այս վարուե­լա­կերպով ոչ միայն կը խախտեն կարգ մը մեր հիմնա­կան սկզբունքնե­րը, այլ նաեւ կ՛անարգեն նոյն այդ զանգուա­ծը, որոնց քուէ­նե­րը պիտի փորձենք ստա­նալ յաջորդ ընտրութիւննե­րուն։

Դաշնակցութեան անդամնե­րը եւ համա­կիրնե­րը, պէտք է աշխուժօ­րէն քննարկեն, վերլուծեն եւ մէջտեղ բերեն յաջորդ հինգ կամ տասը տարի­նե­րուն համար ճանա­պարհա­յին քարտէս մը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հզօր ՀՅԴի մը Հայաստա­նի մէջ, աւե­լի բարձր ժողովրդա­կա­նութեամբ քան ներկա­յիս, որուն միջո­ցով պիտի կարե­նանք գործադրել մեր առա­քե­լութիւնը աւե­լի արդիւնաւոր կերպով։ Այս ծիրին մէջ, մեր նպա­տա­կը պէտք է ըլլայ կարե­նալ ընտրել բարձր թիւով ներկա­յա­ցուցիչներ, որպէսզի կարե­նանք ազդե­ցութիւն ունե­նալ աւա­գա­նի­նե­րու մէջ, քաղա­քա­պե­տա­րաննե­րու մէջ եւ կազմել մեր կառա­վա­րութիւնը, որպէսզի աւե­լի արդիւնաւոր կերպով ծառա­յենք մեր հայրե­նի­քին։

Իւրա­քանչիւր ՀՅԴի անդամ եւ համա­կիր պէտք է ծանօթ ըլլայ այս ճանա­պարհա­յին քարտէ­սին եւ պէտք է ուղղա­կիօ­րէն թէ անուղղա­կիօ­րէն ամէն ճիգ թափէ, որպէսզի իրա­գործուի անի­կա։

Բնա­կա­նա­բար, այս ճանա­պարհա­յին Քարտէ­սի մանրա­մասնութիւննե­րը պէտք է որո­շուին Հայաստա­նի ՀՅԴի կառոյցին կողմէ։ Սակայն, այս ճանա­պարհա­յին քարտէ­սի ընդհա­նուր գիծե­րը եւ ոչ-խնդրա­յա­րոյց տարրե­րը արդէն որդեգրուած են ՀՅԴի անցեա­լի Ընդհա­նուր ժողովնե­րու կողմէ, ինչպէս, 2011ի ընդհա­նուր ժողո­վին, որ շեշտեց, թէ ՀՅԴն պէտք է ըլլայ գործունեայ ժողովրդա­կան՝ grassroots, կազմա­կերպութիւն։

Նշենք, այդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի կարգ մը բանա­ձեւե­րը,

 –Անհաշտ պայքար ծաւա­լել ստուե­րա­յին տնտե­սութեան, մենաշնորհնե­րու եւ ազգա­յին հարստութիւնը կողոպտող ուժե­րուն դէմ քարոզչա­կան, քաղա­քա­կան, դատա­կան եւ այլ միջոցնե­րով։ Հայաստա­նեան մեր քաղա­քա­կա­նութեան հիմնա­հարցե­րուն մէջ պէտք է առանցքա­յին տեղ տալ մեր գաղա­փա­րա­կան սկզբունքնե­րէն բխող ազգա­յին ու հասա­րա­կա­կան պահանջնե­րուն։ Մեր ժողո­վուրդը պէտք է ակա­նա­տես ըլլայ, որ մեր կազմա­կերպութիւնը թէ՛ իր քաղա­քա­կան առա­ջադրանքնե­րով եւ թէ՛իր գործի օրի­նա­կով ոչ միայն պաշտպա­նէ մեր ազգա­յին համընդհա­նուր շահե­րուն, ինչպի­սին են Ցեղասպա­նութեան ճանա­չումն ու հայրե­նա­պատկան հողե­րու պահանջա­տի­րութիւնը, այլ նաեւ պաշտպա­նէ հայ մարդու եւ Հայաստա­նի քաղա­քա­ցիի մարդկա­յին ու հասա­րա­կա­կան իրաւունքնե­րը։

–Դաշնակցութեան հայաստա­նեան գործունէութեան առանցքա­յին մաս պէտք է կազմէ ժողո­վուրդին համար եւ ժողո­վուրդին կողքին գործե­լը։ ․․․մեր կուսակցա­կան մարմիննե­րը եւ ընկերնե­րը, ․․․ պահանջնե­րու առումով միշտ ներկայ գտնուին պայքա­րի առա­ջին շարքե­րուն վրայ:

ժողովրդա­կան արդար պահանջնե­րու առումով միշտ ներկայ գտնուին պայքա­րի առա­ջին շարքե­րուն վրայ։

 — Ժողո­վուրդին ծառա­յե­լու եւ անոր հետ աշխա­տե­լու, կապը ամրապնդե­լու, մեր ծրագրա­յին նպա­տակնե­րը ներկա­յացնե­լու եւ մեկնա­բա­նե­լու նպա­տա­կով, մղել տեղա­կան միաւորնե­րը, ընդհուպ մինչեւ առանձին խումբեր, անմի­ջա­կան աշխա­տանքա­յին ծրա­գիրներ կազմե­լու եւ գործադրե­լու։ Կազմա­կերպել ժողովրդա­յին հանդի­պումներ, հաւաքներ, բացատրա­կան զրոյցներ, որդեգրե­լով «Դէպի Ժողո­վուրդ» կարգա­խօ­սը։»

Եթէ ՀՅԴն սկսի գործադրել այս բանա­ձեւե­րը եւ սկսի յառաջ բերել զօրաւոր տեղա­կան կազմա­կերպա­կան կառոյց, մարմիններ եւ այլն, այդ պարա­գա­յին հինգ կամ տասը տարիէն կրնանք ունե­նալ աւե­լի մեծ թիւով քուէ­ներ եւ ունե­նալ յատկանշա­կան ներկա­յութիւն աւա­գա­նի­նե­րուն, քաղա­քա­պե­տա­րաննե­րուն ու Ազգա­յին ժողո­վին մէջ եւ, վերջա­պէս կրնանք Ազգա­յին ժողո­վին մէջ ունե­նալ այնքան պատգա­մաւորներ, որ կարե­նանք կազմել մեր կառա­վա­րութիւնը եւ ծառա­յել հայրե­նի­քին շատ աւե­լի արդիւնաւոր կերպով:

Աղբյուրը‘ asbarez.am

Առնչվող Հոդվածներ