24.7 C
Yerevan

Որպէսզի Ազգո­վին Դուրս Գանք Աննպա­տակ Նաւարկե­լու Ոլո­րապտոյտէն

Բարի լոյս՝ սեփա­կան գործունէութեան եւ պաշտօ­նա­վա­րութեան նկատմամբ քննա­կան ոգի, նախանձախնդրութիւն եւ խստա­պա­հանջ մօտե­ցում ցուցա­բե­րող ՀԱՆՐԱՅԻՆ եւ ՊԵՏԱԿԱՆ կեանքի բոլոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ:

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի, այլեւ համայն հայութեան յառա­ջընթա­ցի ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԹը հուժկու թափով օժտե­լու, անվտանգ նաւարկումի կողմնա­ցոյցով հունաւո­րե­լու եւ ինքնա­հաստատման ապա­հով քարափ հասցնե­լու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ զինուո­րագրուած Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի բոլոր Ջահա­կիրնե­րուն, որոնց յաջո­ղութեան բախտո­րոշ գրաւա­կա­նը ՀԵՌՈՒՆ ՏԵՍՆԵԼՈՒ եւ ԳԱԼԻՔԻՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ նպա­տա­կասլաց ղեկա­վա­րումն է։

Բարի լոյս՝ սեփա­կան գործունէութեան եւ պաշտօ­նա­վա­րութեան նկատմամբ քննա­կան ոգի, նախանձախնդրութիւն եւ խստա­պա­հանջ մօտե­ցում ցուցա­բե­րող ՀԱՆՐԱՅԻՆ եւ ՊԵՏԱԿԱՆ կեանքի բոլոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ, որոնք կ՚առաջնորդուին իրենց վստա­հուած ԳՈՐԾն ու կտրած ՈՒՂԻՆ հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն հաշուե­տուութեան ենթարկե­լու եւ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐի արժա­նացնե­լու քաղա­քա­ցիա­կան ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԽԻԶԱԽՈՒԹԵԱՄԲ։

Բոլոր ժամա­նակնե­րու մէջ եւ որեւէ հաւա­քա­կա­նութեան պարա­գա­յին ընդգծե­լի օրի­նա­չա­փութիւն է, որ Հանրա­յին թէ Ազգա­յին Յառա­ջընթա­ցին սպառնա­ցող գլխաւոր վտանգը կը կայա­նայ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ՆԱՒԱՐԿԵԼՈՒ ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏԻՆ մատնուե­լու ճգնա­ժա­մին մէջ, երբ հաւա­քա­կան ինքնա­հաստատման երթը հունաւո­րե­լու կամ առաջնորդե­լու կոչուած ՈՒԺԵՐը սովո­րա­մո­լութեամբ թէ մասամբ նորին կը կորսնցնեն ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑՈՒԹԵԱՆ զգայնութիւնը։

Ի Հայաստան թէ սփիւռս Հայաշխարհի, հետզհե­տէ աւե­լի ու աւե­լի կը տժգունի ընդհանրա­կան ու միասնա­կան ընկա­լումը Ազգի եւ Հայրե­նի­քի, այլեւ մեր Ժողո­վուրդի ու Պետա­կա­նութեան առջեւ ծառա­ցած առաջնա­հերթութիւննե­րուն եւ մարտահրաւէրնե­րուն․- Ամէ­նուր նկա­տե­լի կը դառնայ ազգա­յին, հանրա­յին կամ պետա­կան կեանքի ԿԵՆՍԱՅՈՐԴ ՄԵՔԵՆԱՆ պարզա­պէս ու ինքնանպա­տակ շարժման մէջ պահե­լու հեշտա­սի­րութիւն մը, որուն վրայ գումա­րուե­լու կու գան ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱԳՈՀՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ արա­տաւոր փորձիչ յաւակնութիւննե­րը։

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի եւ Հայութեան այսօ­րուան եւ վաղուան ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՒՂԻՆ հարթե­լու պատասխա­նա­տուութեան ոգիով առաջնորդուող այն բոլոր նուի­րեալնե­րուն, մանաւանդ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգի եւ Հայրե­նի­քի նոյնինքն ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ դէմ նիւթուած ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔը լիարժէք դիմագրաւե­լու եւ վիժեցնե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ԹԻՒ ՄԷԿ նպա­տա­կա­կէ­տը կը դաւա­նին Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի բոլոր հոսանքնե­րուն՝ ըստ այնմ կողմնո­րո­շուե­լով ու գործե­լով։

Փաստօ­րէն հայ ժողո­վուրդի ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ դէմ օր ու գիշեր դաւող եւ սադրող համաթրքա­կան ՉԱՐԻՔԻ ՋԱՂԱՑՔԻՆ ակա­մայ ջուր կը հոսեցնեն ԹՇՆԱՄԻՆ սեփա­կան ժողո­վուրդին մէջ փնտռե­լու ուղղուած այսօ­րեայ մոլո­րեալ կոչե­րը, որոնք միա­ժա­մա­նակ կը դժուա­րացնեն ՄԷԿ եւ ՀԶՕՐ ԲՌՈՒՆՑՔի ՎԵՐԱԾՈՒԵԼՈՒ համա­հայկա­կան ուժա­կա­նութեան ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄը։

Ահա­զանգը շատոնց կը հնչէ Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի աննպա­տակ նաւարկումի խարխա­փումնե­րուն դէմ։

26 Յուլիս 2021

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Առնչվող Հոդվածներ