Բարի լոյս՝ սեփական գործունէութեան եւ պաշտօնավարութեան նկատմամբ քննական ոգի, նախանձախնդրութիւն եւ խստապահանջ մօտեցում ցուցաբերող ՀԱՆՐԱՅԻՆ եւ ՊԵՏԱԿԱՆ կեանքի բոլոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ:
Նազարէթ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի, այլեւ համայն հայութեան յառաջընթացի ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԹը հուժկու թափով օժտելու, անվտանգ նաւարկումի կողմնացոյցով հունաւորելու եւ ինքնահաստատման ապահով քարափ հասցնելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ զինուորագրուած Հայ Քաղաքական Մտքի բոլոր Ջահակիրներուն, որոնց յաջողութեան բախտորոշ գրաւականը ՀԵՌՈՒՆ ՏԵՍՆԵԼՈՒ եւ ԳԱԼԻՔԻՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ նպատակասլաց ղեկավարումն է։
Բարի լոյս՝ սեփական գործունէութեան եւ պաշտօնավարութեան նկատմամբ քննական ոգի, նախանձախնդրութիւն եւ խստապահանջ մօտեցում ցուցաբերող ՀԱՆՐԱՅԻՆ եւ ՊԵՏԱԿԱՆ կեանքի բոլոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ, որոնք կ՚առաջնորդուին իրենց վստահուած ԳՈՐԾն ու կտրած ՈՒՂԻՆ հետեւողականօրէն հաշուետուութեան ենթարկելու եւ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐի արժանացնելու քաղաքացիական ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԽԻԶԱԽՈՒԹԵԱՄԲ։
Բոլոր ժամանակներու մէջ եւ որեւէ հաւաքականութեան պարագային ընդգծելի օրինաչափութիւն է, որ Հանրային թէ Ազգային Յառաջընթացին սպառնացող գլխաւոր վտանգը կը կայանայ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ՆԱՒԱՐԿԵԼՈՒ ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏԻՆ մատնուելու ճգնաժամին մէջ, երբ հաւաքական ինքնահաստատման երթը հունաւորելու կամ առաջնորդելու կոչուած ՈՒԺԵՐը սովորամոլութեամբ թէ մասամբ նորին կը կորսնցնեն ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑՈՒԹԵԱՆ զգայնութիւնը։
Ի Հայաստան թէ սփիւռս Հայաշխարհի, հետզհետէ աւելի ու աւելի կը տժգունի ընդհանրական ու միասնական ընկալումը Ազգի եւ Հայրենիքի, այլեւ մեր Ժողովուրդի ու Պետականութեան առջեւ ծառացած առաջնահերթութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն․- Ամէնուր նկատելի կը դառնայ ազգային, հանրային կամ պետական կեանքի ԿԵՆՍԱՅՈՐԴ ՄԵՔԵՆԱՆ պարզապէս ու ինքնանպատակ շարժման մէջ պահելու հեշտասիրութիւն մը, որուն վրայ գումարուելու կու գան ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱԳՈՀՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ արատաւոր փորձիչ յաւակնութիւնները։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան եւ վաղուան ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՒՂԻՆ հարթելու պատասխանատուութեան ոգիով առաջնորդուող այն բոլոր նուիրեալներուն, մանաւանդ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգի եւ Հայրենիքի նոյնինքն ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ դէմ նիւթուած ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔը լիարժէք դիմագրաւելու եւ վիժեցնելու հրամայականը ԹԻՒ ՄԷԿ նպատակակէտը կը դաւանին Հայ Քաղաքական Մտքի բոլոր հոսանքներուն՝ ըստ այնմ կողմնորոշուելով ու գործելով։
Փաստօրէն հայ ժողովուրդի ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ դէմ օր ու գիշեր դաւող եւ սադրող համաթրքական ՉԱՐԻՔԻ ՋԱՂԱՑՔԻՆ ակամայ ջուր կը հոսեցնեն ԹՇՆԱՄԻՆ սեփական ժողովուրդին մէջ փնտռելու ուղղուած այսօրեայ մոլորեալ կոչերը, որոնք միաժամանակ կը դժուարացնեն ՄԷԿ եւ ՀԶՕՐ ԲՌՈՒՆՑՔի ՎԵՐԱԾՈՒԵԼՈՒ համահայկական ուժականութեան ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄը։
Ահազանգը շատոնց կը հնչէ Հայ Քաղաքական Մտքի աննպատակ նաւարկումի խարխափումներուն դէմ։
26 Յուլիս 2021