Ու՞ր է մեր պարտութեան Հայկական Իմաստաւորումը։
Յարութ Գալայճեան
Օգտուելով ԱՄՆ-ի նախագահական նախընտրական ամիսներու խայտառակութիւններէն եւ Թրամփի աթոռամոլական մոլուցքէն՝ նախագահութիւնը ամէն գնով վերստանձնելու ախորժակով մինչեւ իսկ սահմանադրական կարգի տապալում կատարելու փորձութեամբ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ջլատման տանող իրավիճակի մը խմորման պատճառով գոյացած պատեհ առիթէն՝ Ռուսաստանն ու Թուրքիան լծուեցան իրենց կայսերապաշտական ծրագրերը Արցախի գլխատումով իրականացնելու ոճրային գործակցութեան։
Փոխադարձ շահերու հոյակապ համընկնումով մը՝ Ռուսաստանը վերջնականօրէն պիտի ամրապնդէր իր ռազմաքաղաքական ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ աքցանելով Վրաստանն ու Իրանը. իսկ Թուրքիան՝ Մեղրիի Միջանքացումով Ազրպէյճանը պիտի վերածէր Թուրանական Նահանգի ու տարածուէր մինչեւ Կեդրոնական Ասիա՝ եւ այդ ճամբուն վրայ իր քաղաքական տիրապետութեան օղակին մէջ պիտի ընդգրկէր թրքախօս բոլոր պետութիւնները։
Դեռ կար աւելին.
— Ռուսաստանը Հայաստանի Ինքնիշխանութեան կ՚ուզէ տալ քաղաքական Knock out-ի իր հարուածը. իսկ Թուրքիան՝ նոյնանման հարուած մը կը պատրաստուի տալ Հայ Դատի մէջքին կասեցնելու համար հայկական պահանջատիրութեան սլացքը՝ սպաննած կարծելէ ետք Արցախեան մեր յաղթանակով սկիզբ առած հողային յառաջխաղացքի ամէ’ն երազանք։
ՓԱՍՏՕՐԷՆ, Ռուսաստանն ու Թուրքիան փայլու՜ն յաջողութեամբ պսակեցին իրենց կայսերապաշտական միացեալ ծրագրի <<ՏԵ ՖԱՔԴՈ>> հանգրուանը։ Պարզապէս մնացած է այդ Ծրագրի ԻՐԱՒԱԿԱՆԱՑՄԱՆ հանգրուանը, որուն դէմ-յանդիման կը գտնուի մեր հայրենիքը 9 ամիսներէ ի վեր։
Վերջին հաշուով, հայ գերիներու վերադարձի ձգձգումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու մէջ շարունակուող ազերի ոտնձգութիւնները, սահմանազատման ու սահմանաճշդումի ռուս-թրքական լռելեայն ու փութկոտ պահանջները եւ վերջապէս «միջանցքային պնդումները» ԿԸ ՄԻՏԻՆ Հայաստանի նորընտիր ու ժողովրդավար իշխանութիւնը ծունկի բերելու եւ այդ բոլոր ճնշումները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ՝ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ ՄԸ հագցնել Միացեալ Դաւադրութեան Յաղթանակին, Հայաստանն ալ վերջնականօրէն վերածելով Ռուսական Նահանգի։
ԲԱՅՑ ու՞ր է մեր պարտութեան Հայկական Իմաստաւորումը։
ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ, Հայաստանեան ներքին ճակատի վրայ ամենացաւալին այն է, որ ռուս-թրքական պատմակործան դաւադրութեան ջաղացքին անուղղակիօրէն (եւ առատօրէն) ջուր կու տան աթոռամոլութեան մոլուցքով գինովցած եւ գործակալական ստրկամտութեամբ ու Նիկոլախտով տառապող հայրենի շատ մը «քաղաքական» կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ զարմանալիօրէն կան ՆՈՅՆԻՍԿ իրենց գաղափարախօսութեան դաւաճանող ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ղեկավարութիւններ…
ԻՍԿ Հայկական Սփիւռքը իր մասնակի եւ/կամ ՈՒՂՂՈՐԴՈՒԱԾ տեղեկացուածութեամբ կը շարունակէ նաւարկել դիտորդ/հետեւորդ կրաւորական դերակատարութեան ովկիանոսին մէջ։